Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք

Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին առիթով, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ, Կիրակի, 14 Յունուար 2018-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ մէջ ու աւարտին, կատարեց մատաղօրհնէք։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ սարկաւագներն ու դպիրները։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ գոհութիւն եւ փառք տալով Աստուծոյ, որովհետեւ անգամ մը եւս առիթը ընձեռեց բոլորին մասնակից դառնալու եկեղեցւոյ նաւակատիքի արարողութեանց, ապա ողջունեց Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ ծխական համայնքը, Ազգ. Վարչութեան անդամները, ժողովականութեան ու պատկան մարմիններու անդամները, բարերարներն ու բարեկամները եւ մանաւանդ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի միաւորները։

Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին բնաբան ընտրած էր Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի անձը դրուատող շարականին՝ «Ճրագ ճշմարտութեան Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ, որ ծագեցաւ ի յերկրի, աղօթիւք սորա ողորմեա մեզ Տէր» բառերը։ Վեր առնելով լոյս վկային՝ ճշմարտութեան ճրագ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչին անձն ու գործունէութիւնը, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ «Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Տիրոջ ճանապարհը պատրաստող ու հարթող սուրբն է, մարգարէներէն վերջինն ու մեծագոյնը, որ Ս. Հոգիով լիցքաւորուած՝ Աստուծոյ կամքն ու պատգամը երկինքէն երկիր իջեցուց, ապրեցաւ այդ պատգամներով եւ իբրեւ ճրագ լուսաւորեց մարդկութիւնը՝ պարկեշտութեան, արդարութեան ու իրաւունքի լոյսով»։

Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ աշխարհի փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոսը ծանօթացուց մարդկութեան։ Ան ամբասիր եւ հոգեւոր արժէքներով ապրող ընտանիքի մէջ ծնաւ ո՛չ միայն պարգեւ իր ծնողքին, այլեւ՝ համայն մարդկութեան։ «Յորովայնէ ընտրեալ մարգարէ էր ան, որ քարոզեց երկինքի արքայութեան ու Փրկչի գալստեան մասին, եղաւ ճշմարտութեան ուղեցոյցը, պարկեշտութեամբ ապրեցաւ եւ արդարութիւն գործելու ճրագով լուսաւորեց մարդոց կեանքը, ցոյց տուաւ Աստուծոյ մօտենալու միջոցը», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, նշելով, որ «Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եղաւ խստապահանջ թէ՛ իր անձին եւ թէ մեղանչողներուն նկատմամբ»։ Ան իր կեանքի օրինակով եւ քարոզութեամբ ճշմարտութիւնը յայտարարեց, ճշմարիտ ուղիին բերաւ ժողովուրդը, որպէսզի մարդիկ իրենց կեանքին մէջ արդար եւ պարկեշտ ըլլան։ Ան եղաւ աւետարանիչներուն մէջ առաջինը եւ տարածեց Աստուծոյ փրկչագործութեան բարի լուրը։

Անդրադառնալով քրիստոնէութեան մէջ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի ինքնուրոյն տեղին ու դերին, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց հիմնական երեք կէտեր. առաջին՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ, նախքան ծնիլը, արդէն իսկ ստացած էր Ս. Հոգին, երբ իր մօր՝ Եղիսաբէթի որովայնին մէջ էր. երկրորդ՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եղաւ առաջին աւետարանիչը, որովհետեւ ան անվախօրէն յայտարարեց՝ «ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը իր վրայ պիտի առնէ». ան Քրիստոսի մկրտութեան պահուն ականատես եղաւ Ս. Հոգիի իջման եւ Հօր Աստուծոյ վկայութեան «Սա է իմ սիրելի Որդին», եւ երրորդ՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ, նախքան մեր Տիրոջ երկինք համբառնալը, եղաւ առաջին նահատակը, որ զոհուեցաւ արդարութեան համար։

Սրբազան Հայրը յորդորեց, որ այս ուխտի եւ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրը հրաւէր մը ըլլայ բոլորիս, որպէսզի արդարութեամբ եւ պարկեշտութեամբ առաջնորդուած ծառայենք մեր եկեղեցիին, ազգին ու հայրենիքին, մեր հաւատքը գործով արտայայտենք։

Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մատաղօրհնէք. մատաղէն բաժին առնելով՝ հաւատացեալ ժողովուրդը տուն վերադարձաւ հոգեւոր ապրումներով լիցքաւորուած։

ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿ
Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Ներկայ էին Հոգեւոր Հովիւը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ, Հ.Յ.Դ.ի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իսբէնճեան, եկեղեցւոյ օծման կնքահայր Տիար Վահէ Կարապետեան եւ Տիկ. Վերոնիք Մոնիք, եկեղեցւոյ նոր խորանի բարերար Տէր եւ Տիկ. Յակոբ եւ Հայկուհի Տաղլեան, Հ.Յ.Դ. «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի, Մարի Փոսթոյեան մանկամսուրի, քոյր եւ հայրենակցական միութեանց ներկայացուցիչներ, անցեալի եւ ներկայի ազգային երեսփոխաններ, Հոգաբարձուներ, Տիկնանց միութեան անդամներ, Կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւն եւ աշակերտութիւն, եկեղեցւոյ ծառայողներ, բարերարներ եւ բարեկամներ։

Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ, բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հոգեւոր Հովիւը՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։ Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Տարիներու բարի աւանդութիւն է, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նուիրուած այս հանդիսութեան առիթով, Հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը պատուեն վաստակաշատ ու նուիրեալ ծառայողներ։ Այս տարի յատուկ գնահատանքի արժանացաւ Դոկտ. Գալուստ Ակոբեան, որ անդամ է Ազգային Վարչութեան, եղած է գործօն երեսփոխան եւ հոգաբարձութեան անդամ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ, զօրավիգ կանգնած է Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին, ինչպէս նաեւ գործունեայ անդամ է ռումանահայ միութեան։

Հոգեւոր Հովիւը ներկայացուց մեծարեալին հակիրճ կենսագրականն ու գործունէութիւնը։ Ան յիշեց թէ Արշակ Չոպանեան օր մը արուեստանոց մը կը մտնէ եւ հոն կը տեսնէ ծերունիի մը եւ երիտասարդ աղջկայ մը պատկերները, արուեստագէտին կը հարցնէ անոնց իմասը եւ ի պատասխան կը բացատրուի թէ ծերունին զոհողութիւնն է, իսկ երիտասարդը երախտագիտութիւնը։ Ան եզրակացուց ըսելով, որ Դոկտ. Գալուստ Ակոբեան զոհողութիւնն է, իսկ մենք՝ երախտագիտութիւնը։

Տէր Հայրը հրաւիրեց հոգաբարձութեան դիւանի անդամները, որպէսզի հոգաբարձութեան անունով յատուկ յուշանուէր մը յանձնեն մեծարեալին։

Տէր Հայրը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ գնահատեց Հովիւն ու հոգաբարձութիւնը եւ ներկաները, բայց մանաւանդ բարձր գնահատեց Դոկտ. Գալուստ Ակոբեանի ծառայութիւնը, անոր շնորհեց օրհնութեան գիր մը, զոր ընթերցեց Տէր Հայրը։ Առաջնորդ Սրբազանը օրհնութեան գիրին մէջ կը նշէր, որ Դոկտ. Գ. Ակոբեանը գործօն դեր կատարած է ռումանահայերու «Րաֆֆի» միութեան անդամակցութեան ու ծառայութեան ճամբով, անձնդիր ծառայութիւն մատուցած է մասնաւորաբար Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ համայնքին, եղած է հոգաբարձութեան անդամ եւ Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Երկրդ. Վարժարանի սպասարկու, ապա նաեւ Թեմիս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան անդամներէն, իր ծառայութիւններէն բաժին հանելով Թեմի ամբողջ տարածքին, իսկ իբրեւ Թեմիս մէկ պատգամաւորը՝ իր ծառայութիւնը մատուցած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ մասնակցելով 2017-ի Դեկտեմբերին տեղի ունեցած Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին։ Ան գործած է համեստօրէն, անաղմուկ եւ հայու վայել հետեւողականութեամբ, կերտելով գնահատելի ու օրինակելի վաստակ։

Պաշտօնական յայտագիրին կողքին, իրագործուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը՝ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի եւ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտ-աշակերտուհիներու մասնակցութեամբ։

Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ» աղօթքով վերջ գտաւ օրուան խանդավառ հանդիսութիւնը։

ՆԱԵՒ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ ՄԷՋ
Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը անուանակոչութեան օրն է նաեւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ։ Այս առիթով, Լաս Վեկաս այցելեց եւ Ս. Պատարագ մատուցեց ու մատաղօրհնէք կատարեց Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան։

Արարողութեանց ներկայ էին եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամները եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։ Արարողութենէն ետք, հոգաբարձութիւնը «Գուճաքեան» սրահին մէջ կազմակերպած էր սիրոյ սեղան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022