Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն


Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ մուտքի տօնին եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 2 Ապրիլ 2017-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, իր պատգամը փոխանցեց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օծումը կատարեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին նոր սրբապատկերին, որուն հեղինակն է եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, իսկ նուիրատուներն են ծխականներէն Տէր եւ Տիկին Վարուժ եւ Քարոլին Շիթիլեան։

Օծման արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց օրուան պատգամը: Ան առաջին հերթին գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հոգեւոր Հովիւին մասին, շնորհաւորեց Հայր Սուրբը, որ իբրեւ ուխտաւոր այս սրբապատկերը նկարած է, ապա նաեւ դրուատեց նուրիատու ամոլը, որ երիտասարդ սերունդին կը պատկանի եւ ահա գործնապէս իր բաժինը կը բերէ եկեղեցւոյ ծառայութեան։ Խօսելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ուխտի օրուան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ հոգիի աչքերով կը փոխադրուի Անթիլիաս, ուր այս տօնը մեծ շուքով կը նշուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, որ տասնամեակներէ ի վեր ճանչցուած է իբրեւ ուխտի օր, երբ ժողովուրդը կը համախմբուի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, Սուրբին եւ այլ սուրբերու մասունքներով թափօրին կը մասնակցի եւ կը ստանայ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը:

Շարունակելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Լուսաւորիչ Հայրապետի կրած չարչարանքներուն ու դժուարութիւններուն, շեշտելով, որ ան իր հաւատքին մէջ հաստատ մնալով, եւ աստուածային հրաշքով փրկուելով Խոր Վիրապէն, եղաւ Հայաստան աշխարհի մէջ քրիստոնէութեան իբրեւ պետական կրօն հաստատման ռահվիրան, իբրեւ գործակից ունենալով Ս. Տրդատ թագաւորը: Այս տօնին, բոլորս, իբրեւ ուխտաւորներ, կու գանք անոր բարեխօսութիւնը խնդրելու: Այնուհետեւ, ան հանգամանօրէն վեր առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նկարագրային գիծերը, յիշեցնելով, որ մեր Հաւատոյ Հայրը տիպար օրինակ մը եղաւ տոկունութեան, դիմադրականութեան եւ լուսաւորութեան, հաւատքով ու քաջութեամբ դիմագրաւեց իր դիմաց կանգնող մարտահրաւէրները, յաղթանակով պսակեց իր առաքելութիւնը եւ քրիստոնէական լոյսով լուսաւորեց մեր հայրենիքը: Անոր վառած լոյսը այնուհետեւ դարեր շարունակ առաջնորդեց մեր ժողովուրդը եւ այսօր ալ կը մնայ ապրող պատգամ մը անսասան հաւատքի, քաջութեան ու նուիրումի:

Անդրադառնալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբապատկերին օծման, Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ անիկա համայնքի զաւակներուն համար մնայուն յուշարար մը ըլլայ հաւատքի, արիութեան եւ հաւատարմութեան, որպէսզի անոնք հաստատ մնան իրենց հաւատքին մէջ, յաղթահարեն ամէն տեսակի մարտահրաւէր եւ ամբողջական վստահութիւն ունենան Աստուծոյ վրայ: Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց նաեւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ երեսփոխանական կազմի նոր անդամները ու իրենց շրջանը աւարտած ծառայողները, մաղթելով որ նոր կեանք եւ աշխուժութիւն բերեն եկեղեցւոյ կեանքին։ Ան իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ մեր Հաւատաքի Հօր բարեխօսութեամբ Աստուած հիւանդներու բժշկութիւն տայ, կարիքաւորներու՝ օգնութիւն, եւ եկեղեցիին՝ պաշտպանութիւն։

Նկատի ունենալով, որ Կիրակի, 2 Ապրիլը առաջին տարելիցն էր Արցախի քառօրեայ պատերազմին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգահանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նահատակներուն հոգիներուն համար եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը ընթերցուեցաւ։ Իր քարոզին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ ազերիական անարգ յարձակումին ու անոր պատճառած մարդկային զոհերուն ու նիւթական վնասներուն, բայց մանաւանդ քաջարի զինուորներուն պաշտպանական գործողութիւններուն ու մահուան գնով հայրենի հողը պաշտպանելու սխրանքին, ընդգծելով, որ անոնք գերագոյն զոհաբերութիւնը յանձն առին ի խնդիր հայրենի հողին ու ժողովուրդին պաշտպանութեան: Անոնք գործնապէս վկայեցին, որ մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը անպաշտպան չեն. քառօրեայ պատրերազմը եղաւ դիմադրականութեան ու հայրենիքի հանդէպ հաւատարմութեան նորագոյն խորհրդանիշը, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, աւելցնելով, որ այսօր, երբ կը խոնարհինք անոնց յիշատակին, բաց ճակատով կը ներկայանանք աշխարհին, ցոյց տալով, որ երբեք նախայարձակ չենք եղած, իսկ Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները կը վկայեն, թէ չեն կրնան տեղի տալ նման յարձակումներու առջեւ: Ապա, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ պահապան ու պաշտպան ըլլայ մեր Հայրենիքին ու անոր զաւակներուն։

Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ նոյն օրը, Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենան Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները: Ան յոյս յայտնեց, որ այս ընտրութիւնները բարեշրջող հանգրուան մը նշեն մեր հայրենիքի քաղաքական զարգացումի ճամբուն վրայ:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, ապա Առաջնորդ Սրբազան թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր կատարեց մատաղի օրհնութիւնը։ «Կիլիկիա» եւ «Մեր Հայրենիք»ի երգեցողութեամբ վերջ գտաւ արարողութիւնը. հաւատացեալները ստացան սրբապատկերի օրհնութիւնն ու մատաղէն բաժին մը։

ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ Շաբաթ երեկոյ, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղի տարեկան ձեռնարկին, որուն ընթացքին, յարգանքի ու պատիւի արժանացաւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի նախագահ ու Սան Ֆրանսիսքոյի գաղութի նուիրեալներէն Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան:

Իբրեւ բանախօս հրաւիրուած էր Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի նախկին ատենապետ Տիար Անդրանիկ Պաղտասարեան, որ խօսքին մէջ կեդրոնացաւ Հիմնադրամի տարած աշխատանքներուն եւ հայրենանուէր ծառայութիւններուն:

Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց շնորհաւորանքի եւ օրհնութեան խօսք: Ան դրուատիքով խօսեցաւ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան ծառայութեանց ու հայութեան կեանքին մէջ դերակատարութեան մասին, օրհնեց վաստակը անոր դրօշին տակ ծառայողներուն եւ շնորհաւորեց Հիմնարկութիւնը, որ գիտէ նաեւ յարգանքի արժանացնել Դոկտ. Ա. Կիւրեղեանի նման նուիրեալ հայորդիներ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022