Տարիներու գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, ժողովուրդը խանդավառող եւ եկեղեցի-ժողովուրդ կապը ամրացնող առիթներէն մէկն է եկեղեցւոյ մը անուանակոչութեան տօնի նշումը: Այս աւանդութեան ծիրին մէջ, Մեծ Պահքի վեցերորդ՝ Գալստեան Կիրակին կանխող օրը մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ նուիրուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի չարչարանքներուն եւ Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակին:
Այս տարի, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գիրգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին Կիրակի, 13 Մարտ 2016-ին, նշեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Այս առիթով, Սան Ֆրանսիսքօ ժամանած էր Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ մատուցեց Ս. Պատարագը եւ իր հայրական պատգամով ծաղկեցուց օրուան խորհուրդը, ողջունելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքի բարեպաշտ անդամները: Եկեղեցւոյ հովիւները՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան եւ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան սպասարկեցին Ս. Սեղանին:
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի Հայաստան աշխարհը լուսաւորելուն եւ իր հաւատքին մէջ հաստատ մնալու կամքին, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ մեր ազգը պահպանել եւ դէպի ճշմարիտ լոյսը առաջնորդել: «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անպատմելի տառապանքներ ու չարչարանքներ յանձն առաւ, որովհետեւ հաւատաց ամբողջ սրտով ու հոգիով՝ թէ քրիստոնէութիւնը ճշմարիտ ճամբան էր մեր ազգին համար: Իր յաջորդները բաժնեկից դարձան իր տեսիլքին եւ շարունակեցին իր առաքելութեան ուղին: Դարերու ընթացքին, հակառակ բազմաթիւ նեղութեանց եւ տագնապներու ենթարկուելուն, մենք կարողացանք պահպանել եւ աճեցնել մեր հաւատքը, որովհետեւ իրերայաջորդ սերունդներ լաւ գիտակցած են, որ քրիստոնէական հաւատքը արմատացուած է մեր ազգի նկարագիրին մէջ եւ յանձնառու եղած ենք ծառայութեամբ հաւատքը պահելու ամուր հիմերու վրայ», հաստատեց Սրբազան Հայրը:
Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ նաեւ օրուան Աւետարանի ընթերցումին վրայ, որ կը նկարագրէ Յիսուսի կողմէ փարիսեցիներու եւ օրէնքի ուսուցիչներուն կեղծաւորութեան պախարակուիլը: Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետը գործեց անձնուիրաբար, հաւատքով, սիրով, խոնարհութեամբ եւ անկեղծութեամբ, ի խնդիր հաւաքականութեան, ի հակադրութիւն փարիսեցիներուն եւ օրէնքի ուսուցիչներուն, որոնք կը գործէին փառքի եւ անձնական շահեր հետապնդելու նպատակով, անոնց հաւատքը մակերեսային էր, անոնց արարքները կը բխէին անմաքուր սիրտերէ:
Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին այս տարի պիտի տօնէ իր հիմնադրութեան 50րդ տարեդարձը: Ան դրուատիքով յիշեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հիմնադիր սերունդը, որ գործած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աւանդներուն ներշնչումով եւ հաւատքով, միասնական գործ իրականացուած էր յոյսով ու սիրով, ի խնդիր ծխական համայնքի կազմաւորման եւ վերելքին: «Այսօր, տասնամեակներ առաջ սկիզբ առած աշխատանքը նոյն թափով ու ոգիով շարունակելու պարտականութիւնը կ’իյնայ ձեր ուսերուն: Կը մաղթեմ, որ նոր հովիւին՝ Հայր Պարոյրին հետ գործակցաբար, այս եկեղեցին դէպի նոր բարձունքներ առաջնորդէք եղբայրական սիրով, միասնութեամբ, համերաշխութեամբ, իբրեւ ներշնչումի աղբիւր ունենալով նախնիներուն օրինակելի կեանքն ու հաւատքը, եւ ձեր կարգին օրինակ դառնաք յաջորդ սերունդներուն», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Յաւարտ սուրբ եւ անմահ Պատարագին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց մատաղի օրհնութիւն: Մատաղի պատրաստութիւնը ստանձնած էր եկեղեցւոյ Տիկնանց միութիւնը: Ան անգամ մը եւս շնորհաւորեց ծխական համայնքը եւ յորդորեց, որ անոր զաւակները յաջողութեամբ ու նուիրումով շարունակեն իրենց առաքելութիւնը: