Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Փասատինայի Ս. Սարգիս Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը մեծ շուքով նշեց Ս. Սարգիս զօրավարի, անոր որդիին Մարտիրոսի եւ տասնըչորս զինուորներու նահատակութեան եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։
Ուրբաթ, 14 Փետրուար 2014-ի կէսօրին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի կողմէ կատարուեցաւ աղօրհնէքի արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Երեսփոխանական կազմի անդամները, Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց միութեանց անդամները եւ ուխտաւորներ։ Աղօրհնէքի արարողութենէն ետք, տիկնանց միութեան ու հոգաբարձութեան անդամները ներկայ հաւատացեալ ուխտաւորներուն մասնակցութեամբ, լծուեցան մատաղի պատրաստութեան աշխատանքներուն։
Երկու օրերու ընթացքին մատաղի պատրաստութիւնը ընթացաւ, որուն իրենց ներդրումը բերին նաեւ եկեղեցւոյ պատանեաց խմբակցութեան անդամները։ Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն եւ հսկում։
Կիրակի, 16 Փետրուարին, առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, օրուան պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանը՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, իր կողքին ունենալով զոյգ հոգեւորական սպասարկողներ՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանն ու հիւրաբար Թեմիս մէջ գտնուող Արժ. Տ. Արմէն Քհնյ. Մելքոնեանը, հանդիսաւորապէս թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի։
Պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղելէ առաջ, նախ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնախմբութեան առթիւ, գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմին, տիկնանց միութեան, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին։ Սրբազան Հայրը նաեւ ողջունեց եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար՝ Տէր եւ Տիկ. Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեաններուն ու իրենց հարազատներուն ներկայութիւնը։
Սռաջնորդ Սրբազանը իր հայրական պատգամը ուղղեց բոլոր հաւատացեալ ուխտաւորներուն, քարոզի բնաբան ունենալով Սուրբին հետեւեալ խօսքերը՝ «Երբ զօրացած էք Աստուծոյ հաւատքով եւ Ս. Հոգիով, այն ատեն ոչ մէկ ուժ կարող է յաղթանակել ձեզ, որովհետեւ յաղթանակը բարիին եւ ճշմարիտին է եւ վերջնական յաղթանակը եւ փառքը Արարիչ Աստուծոյ կը պատկանի»։
Սրբազանը իր պատգամով նախ անդրադարձաւ Ս. Սարգիս զօրավարի կեանքին, անոր հաւատքին զօրութեան ու նահատակութեան մասին։ Ապա, բոլոր ուխտաւոր հաւատացեալները հրաւիրեց Ս. Սարգիս զօրավարի հաւատքով հոգեպէս զօրանալու եւ մեր առաքելութեան եւ ծառայութեան ընթացքին մեր ես-ը կամ մեր անձը մէկդի դնելով փառաւորելու զԱստուած։
Անդրադառնալով Ս. Սարգիս զօրավարի կրած չարչարանքներուն եւ տառապանքներուն, Առաջնորդ Սրբազանը հաւատացեալներուն յիշեցուց, թէ բոլոր սուրբերը ի տարբերութիւն պարզ մարդոցմէ, «հոգիով լուսաւոր եւ պայծառ էին, իսկ իրենց հաւատքը ամուր եւ տոկուն»։
Ապա օրուան տօնախմբութեան անդրադառնալով, Սրբազանը կոչ ուղղեց- «ի՛նչ ալ ըլլան պայմաններն ու պարագաները մեր կեանքին, միշտ բարիին պիտի նայինք, ճշմարիտին հետեւորդը պիտի ըլլանք. որովհետեւ մենք ճշմարիտ աշակերտները պէտք է մնանք անոր, որ իբրեւ Փրկիչ եկաւ աշխարհ եւ մեզի ինքզինք յայտնեց, ըսելով որ «Ես եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յհ. 14։6)։
Իր քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ ուխտաւորները հրաւիրեց Տիրոջ աղօթք բարձրացնելու ըսելով. «ո՜վ Տէր, մեր երկրաւոր կեանքի տեւողութեան ամէն տեսակի նեղութիւններ, տագնապներ եւ տառապանքներ կը պատահին մեզի, բայց երբեք պիտի չէ երկմտինք մեր հաւատքին մէջ, որովհետեւ պիտի ապաւինինք Քու ամենազօրութեանդ, բարութեանդ, ճշմարտութեանդ եւ խնդրենք, որ մեր եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբին բարեխօսութեամբ, մեր նեղութիւններէն փրկես եւ աշխարհին խաղաղութիւն շնորհես։ Մանաւանդ մեր սուրիահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար աղօթք կը բարձրացնենք, որ Քու խաղաղութեան Հոգիդ շնորհես անոնց, որպէսզի անոնք համբերութեամբ տոկան ամէն տեսակի դժուարութեանց եւ նեղութեանց»։
Մատաղօրհնէքի եւ հոգեհանգստեան արարողութեան մասնակից դարձաւ Ա.Մ.Ն. հիւրաբար եկած Բերիոյ Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեան։
Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ երկրաւոր կեանքէն առ յաւէտ բաժնուած եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ աշխարհական նուիրեալ սպասաւորներու յիշատակին, որոնց կարգին՝ եկեղեցւոյ անդրանիկ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Ադրէասեանի, հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմի, տիկնանց միութեան եւ յարակից մարմիններու ննջեցեալ անդամ-անդամուհիներու հոգիներու յիշատակին։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ ներկայ հոգեւորականները «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, թափօրով ուղղուեցան եկեղեցւոյ գաւիթը, ուր դպրաց դասի եւ ներկայ հաւատացեալներու ու պաշտօնական հիւրերու մասնակցութեամբ, երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգը։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ուխտաւոր ժողովուրդին։
Ներկաները օրուան հոգեպարար արարողութիւններով եւ օրհնաբեր խօսքերով լիցքաւորուած, օրհնուած մատաղ առնելէ ետք մեկնեցան։
Ապա, եկեղեցւոյ «Անտոն Անտոնեան» սրահէն ներս, տիկնանց միութեան կողմէ կազմակերպուած աւանդական սիրոյ ճաշը տեղի ունեցաւ, ուր Առաջնորդ Սրբազանի կողքին ներկայ էին Սուրէն Արքեպիսկոպոս, Քահանայ հայրերը, Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Ռիմա Պօղոսեան, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը իր ընտանիքով, հովանաւորներ, նուիրատուներ, հոգաբարձուներ, երեսփոխաններ եւ այլ հրաւիրեալներ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր սեղանի օրհնութենէն ետք բարի գալուստի խօսքեր ուղղեցին հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Պրն. Յակոբ Աւետիքեանն ու հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, ապա ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարի կրտսեր զաւակը՝ Պրն. Հրակ Կիտցինեան, գլխաւոր բարերար՝ Պրն. Սարգիս Կիտցինեան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Ռիմա Պօղոսեան, շնորհաւորելով օրուան տօնախմբութիւնը։
Աւարտին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհաւորական եւ գնահատանքի ջերմ խօսքերէն ետք, «Պահպանիչ» աղօթքով աւարտին հասաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան հանդիսաւոր տօնախմբութիւնը։