Հայաստանի Ազգ. Ժողովի Անդամ Մխիթար Հայրապետեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Երկուշաբթի, 25 Փետրուար 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային Ժողովի անդամ եւ գիտութեանց, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Մխիթար Հայրապետեանի, որ պաշտօնական այցելութեամբ Լոս Անճելըս կը գտնուի։ Հայրենի հիւրին կ’ենկերանային Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Պայպուրթեան, խորհրդական Տիար Վարազատ Պահլաւունի եւ նախարարի օգնական Տիկին Մարի Մանուկան։ Ներկայ եղան Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան եւ անդամ Տիար Ալեք Պաղտասարեան։

Տիար Մ. Հայրապետեան անցեալ տարի Ազգ. Առաջնորդարան այցելած էր, երբ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջին կառավարութեան մէջ կը վարէր Սփիւռքի նախարարութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները ողջունեցին հայրենի հիւրին ներկայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեցին անոր նոր առաքելութեան մէջ, նկատի ունենալով, որ ան յանձն առած է բազմակողմանի պատասխանատուութիւններ, որոնք կ’ընդգրկեն ընդարձակ դաշտեր։

Խորհրդակցութիւնը զարգացաւ Հայաստանի մէջ նոր ձեւաւորուող դրութեան մեկնակէտով։ Տիար Հայրապետեան ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ իր գլխաւորած յանձնաժողովի աշխատանքի ծիրին մասին, նշելով, որ յատուկ ուշադրութեան առարկայ են կրթութեան ու մշակոյթի մարզերը։

Առաջնորդ Սրբազանը որոշ լուսաբանութիւններ տուաւ Ազգ. Առաջնորդարանի կրթանպաստ աշխատանքներուն մասին, յատկապէս յիշատակելով հայերէն լեզուի ու պատմութեան դասագիրքերու պատրաստութիւնը. նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ եւս սփիւռքեան գաղութներուն համար դասագիրքերու պատրաստութեան աշխատանք կը տարուի տարիներէ ի վեր, երկուստեք շեշտուեցաւ փորձառութեանց փոխանակման կարեւորութիւնը։ Տիար Հայրապետեան հաստատեց, որ ինք Արեւմտահայերէնի պահպանման կողմնակից է, իսկ իր տարած աշխատանքներուն մէջ, մեր լեզուի երկու ճիւղերուն կը տրուին անհրաժեշտ կարեւորութիւնը։

Գլխաւոր հիւպատոսը յոյս յայտնեց, որ Տիար Հայրապետեանի այցելութիւնները դառնան աւելի յաճախակի, իսկ Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ նման այցելութիւններ կրնան նաեւ առիթ ծառայել աշխատանքային հանդիպումներու։

Նշենք, որ նոյն երեկոյեան, Հայաստանի հիւպատոսութիւնը կազմակերպած էր Տիար Հայրապետեանի հետ հրապարակային հանդիպում մը, որ տեղի ունեցաւ Իրանահայ Միութեան կեդրոնին մէջ, Կլենտէյլ։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ