Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 44-րդ Նաւասարդեանի Յաղթանակի Պարահանդէս

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 44-րդ մարզախաղերու յաղթանակի պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 30 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, «Beverly Hilton» պանդոկի սրահին մէջ, պատուոյ նախագահութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ Տէր եւ Տիկ. Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան ամոլին։ Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս՝ Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան եւ տիկինը։

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնը։ Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան եւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Վահէ Եագուպեան եւ Կայծակ Զէյթլեան, Ազգ. Վարչութիւնը լրիւ կազմով, ինչպէս նաեւ գաղութի կազմակերպութեանց եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բազմահարիւր Հ.Մ.Ը.Մ.-ասէր հայորդիներ։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանք արձանագրեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համայն ընտանիքին, Կեդրոնական ու Արեւմտեան Շրջանի վարչութեանց, Սկաուտական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ անոնց հովանիին տակ գործող մասնաճիւղերու ու միաւորներու նուիրեալ անդամներուն, ընդգծելով, որ անոնք միասնաբար կը գործեն եղբայրական սիրոյ մթնոլորտին մէջ, հոգւով ու սրտով լծուած են նոր սերունդի դաստիարակութեան գործին, որպէսզի հայ պատանին ու երիտասարդը առաջնորդեն ըլլալու ընկերութեան տիպար անդամներն ու հաւատարիմ աւանդապահները մեր մշակոյթին եւ ազգային ժառանգութեանց: Ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ իր յորդառատ օրհնութիւններով պահէ եւ պահպանէ մեր սկաուտներն ու երիտասարդները, որոնք մեր ազգին յոյսն են ու ապագան։

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց այս տարուան Նաւասարդեանի Պատուոյ Նախագահ՝ Ազգ. վարչութեան ատենապետ Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան ամոլը, եւ Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի կոչումին արժանացած Տիար Տիար Վարդգէս Շըխըրտըմեանը, եւ դրուատիքով արտայայտուեցաւ ու բարձր գնահատեց անոնց ազգանուէր ծառայութիւնները եւ օրհնեց բոլոր բարերարներն ու ներկաները իրենց նեցուկին եւ քաջալերանքին համար։

Գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը. օրուան հանդիսավարն էր Տիար Չարլի Կայլեան, խօսք առին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Թիւֆէնքճեան, Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ական Տիար Վարդգէս Շըխըրտըմեանն ու օրուան Պատուոյ Նախագահ Կարօ Էշկիեան, որ նախագահութիւնը ստանձնելուն առթիւ փոխանցեց իր սրտի խօսքը, գնահատելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գործունէութիւնը եւ վերանորոգելով ծառայական ուխտը՝ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022