Երեքշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2018-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց «Նոր Ջուղայի Բարեկամներ» յանձնախումբին ներկայացուցիչներու այցելութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էր Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։
Նշենք, որ այս յանձնախումբը աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր կը գործէ Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ, իբրեւ գլխաւոր առաքելութիւն ունենալով պահպանել հայկական մշակոյթն ու Նոր Ջուղայի դարաւոր աւանդները եւ զօրակցիլ Իսֆահանի հայոց Թեմին։
Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց հիւրերը եւ գնահատեց իրենց նուիրեալ ծառայութիւնն ու Ազգ. Առաջանորդարանին հովանիին տակ հաւատարիմ գործունէութիւնը։ Ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգ. Վարչութեան հոգածութեան համար, եւ ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ փոխանցեցին յանձնախումբի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին, ի մասնաւորի յայտնելով թէ յանձնախումբը արդէն միութեան վերածուած է եւ այսուհետեւ կը կոչուի «Նոր Ջուղայի Զարթօնք Միութիւն», գրանցուած եւ վաւերացուած պետութեան մօտ։
Առաջնորդ Սրբազանը ագամ մը եւս գնահատեց միութեան անդամներու նուիրեալ ծառայութիւնը վերահաստատելով Ազգ. Առաջնորդարանին զօրակցութիւնն ու հոգածութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց ապագայի բոլոր ծրագիրներուն։