Նորընտիր Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան Դիւաններու Ընտրութիւն


Թեմիս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 44րդ նստաշրջանին ընտրուած Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան կազմերը գումարեցին իրենց առաջին նիստերը, մեկնարկելու համար աշխատանքային նոր շրջանը: Կրօնական Ժողովի նիստը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 7 Յունիս յետմիջօրէնի, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Ժողովը ընտրեց իր դիւանը, հետեւեալ կազմով.-

Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան – Ատենապետ
Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան – Փոխ-ատենապետ
Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան – Ատենադպիր
Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան – Խորհրդական
Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան – Խորհրդական
Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան – Խորհրդական
Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան – Խորհրդական

Ազգային Վարչութեան առաջին նիստը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 14 Յունիսի երեկոյեան, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ներկայութեամբ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Տիար Խաժակ Տիքիճեանի։ Ժողովի առաջին բաժինին ներկայ եղան շրջանաւարտ կազմի անդամներ: Տեղի ունեցան փորձառութեան եւ միտքերու փոխանակում, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարուան աշխատանքի ծրագիրներուն մասին խորհրդակցութիւն։ Այնուհետեւ, Ազգ. Վարչութիւնը իր դիւանի ընտրեց հետեւեալ կազմով.-

Վահէ Յովակիմեան – Ատենապետ
Կարօ Էշկիեան – Փոխ-ատենապետ
Անդրանիկ Գասպարեան – Ատենադպիր
Աւօ Քէշիշեան – Գանձապահ
Բրշ. Մարք Սրկ. Շիրին – Խորհրդական
Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան – Խորհրդական
Թերէզ Քեմանճեան – Խորհրդական
Էլօ Պոյաճեան – Խորհրդական
Ալեք Պաղտասարեան – Խորհրդական

Յաջողութիւն կը մաղթենք նորընտիր կազմերուն:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022