Երեքշաբթի, 1 Յունուար 2019-ին, Նոր Տարուան առաջին օրը, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Առաւօտեան ժամերգութիւն, որ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն առիթ պիտի ընծայէ աղօթքով ու խոկումի պահով մը դիմաւորելու 2019 տարին։
Շաբաթ, 5 Յունուարի երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի արարողութիւնը. Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ։ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Քրեսենթա Հովիտի եկեղեցւոյ մէջ։
Կիրակի, 6 Յունուարին, Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն պիտի կատարէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Առաջնորդական փոխանորդը պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Արարողութեանց ժամանակացոյցի մանրամասնութեանց համար դիմել ծխական եկեղեցիներու գրասենեակ։
Երկուշաբթի, 7 Յունուարին, Մեռելոցին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Հոլիվուտ Հիլզի «Forest Lawn» գերեզմանատան «Hall of Liberty» սրահին եւ Կլենտէյլի «Forest Lawn» գերեզմանատան «Church of the Recessional» եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Հոլիվուտ Հիլզի արարողութեան։
Իսկ Երեքշաբթի, 8 Յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 12:30-ին Առաջնորդ Սրբազանը, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հովիւներու, ջրօրհնէք պիտի կատարէ Glendale Memorial հիւանդանոցի յարկին տակ։
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից ըլլալու Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած այս արարողութեանց եւ հոգեկան ցնծութիւն ապրելու Երկնաւոր Հօր կողմէ մարդուն տրուած մեծագոյն պարգեւին համար։