Երկուշաբթի, 1 Յունուար 2018-ին, Նոր Տարուան առաջին օրը, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Առաւօտեան ժամերգութիւն, որ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն առիթ պիտի ընծայէ աղօթքով անցընելու Նոր Տարուան առաւօտեան առաջին ժամերը եւ քաջառողջութեան ու ցնծութեան բարեմաղթութիւններն ու օրհնութիւնները փոխանցելու իրարու:
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու Արարողութեան եւ երախտագիտութիւն յայտնելու Աստուծոյ՝ Նոր Տարուան պարգեւին համար։
Արարողութեանց ժամանակացոյցի մանրամասնութեանց ծանօթանալու համար դիմել ծխական եկեղեցիներու գրասենեակ։