Նորընծայ Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան Մատուցանեց Իր Անդրանիկ Ս. Պատարագը

Կիրակի, 27 Օգոստոս 2017-ը արեւմտեան մեր Թեմին համար եղաւ յիշատակելի, երբ Թեմի հոգեւորականաց դասու նորագոյն անդամը՝ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ մատուցանեց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը, արտասանեց իր առաջին քարոզը եւ օրհնեց ներկայ հաւատացեալները, ուխտելով բոլորանուէր կերպով ու հաւատքով նուիրուիլ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայութեան։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ս. Պատարագին. աղօթակից էին խարտավիլակը՝ Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ատենապետն ու փոխ ատենապետը՝ Տեարք Վահէ Յովակիմեան եւ Կարօ Էշկիեան, ընկերակցութեամբ իրենց տիկիններուն, Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Ազգային Երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան անդամներ ու շրջանի կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ նորաօծ քահանային կնքահայրութիւնը յանձն առած Քիւրքճեան ընտանիքի մայրը՝ Տիկին Զարուհի, ու պատարագիչ քահանայ հօր ընտանիքի անդամները։

Տեղի ունեցաւ Գիշերային եւ Առաւօտեան ժամերգութիւն, որմէ ետք ընթացք առաւ Ս. Պատարագը։ Քարոզէն առաջ խօսք առաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ նորընծայ քահանայ հօր ծառայական կեանքին։ Ան առաջին հերթին ողջունեց ներկաները եւ նկատեց, որ Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը բախտաւոր է, որովհետեւ յաճախ հոն տեղի ունեցած են յիշատակելի արարողութիւններ եւ ձեռնադրութիւններ։ Առաջնորդ Սրբազանը յիշեց, որ 30 տարի առաջ նոյն այս եկեղեցւոյ մէջ ստացած էր Ծայրագոյն Վարդապետի աստիճանը։ Ան գոհունակութիւն արտայայտեց, որ պատարագիչ քահանայ հայրը կանուխ տարիքէն նուիրուած է մեր եկեղեցւոյ, ծառայած է իբրեւ սարկաւագ, հետեւած է համալսարանական բարձր ուսման եւ շուրջ 40 օրեր առաջ, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին օրը, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ իր ձեռամբ ձեռնադրուած եւ օծուած էր քահանայ, այնուհետեւ, մինչեւ այսօր, Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ անցուց իր պահեցողութեան եւ հոգեւոր պատրաստութեան շրջանը։ Ան բարի ծառայութիւն մաղթեց նորընծայ քահանային, աղօթելով, որ Տիրոջ այգիին մէջ ըլլայ «Մշակ առանց ամօթոյ»։ Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Տ. Մովսէս պիտի շարունակէ իբրեւ կրօնի ուսուցիչ դասաւանդել ազգային վարժարաններու մէջ եւ գործել Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ՝ գլխաւորաբար Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին մէջ, նաեւ ի մօտոյ պիտի ստանձնէ ծխական պատասխանատուութիւն։ Ապա՝ հրաւիրեց Տ. Մովսէսը, որպէսզի տայ իր անդրանիկ քարոզը։

Տ. Մովսէս Քահանայ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ իրեն շնորհած է մեր եկեղեցւոյ ու ազգին իբրեւ քահանայ ծառայելու պատեհութիւնը։ Ան առաջին հերթին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ մեր Թեմին մէջ իր պաշտօնի կոչումէն ասդին՝ հինգ տարիէ ի վեր, ուղեցոյց եղած է իրեն, մասնաւորաբար քահանայական ծառայութեան պատրաստութեան օրերուն։ Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ հոգեւորականաց դասու անդամներուն, որոնք օժանդակած են իր պատրաստութեան, մասնաւորաբար ձեռնադրութեան յաջորդած պահեցողութեան շրջանին։

Իր քարոզին համար, Տէր Հայրը բնաբան ընտրած էր օրուան աւետարանական հատուածէն՝ աշակերտներուն ուղղուած Քրիստոսի սաստ-յորդորը՝ «Ինչո՞ւ այսպէս վախկոտ էք. տակաւին հաւատք չունի՞ք» (Մարկ. 4։40), ի տես այն սարսափին, որ աշակերտները ապրեցան փոթորկոտ լիճին վրայ, երբ Յիսուսի հետ մէկ կողմէն միւսը կ’անցնէին։ Այս խօսքերը, ըսաւ քարոզիչ Տէր Հայրը, բոլորիս ուղղուած յորդոր է, որ պէտք է ապաւինիլ մեր Տիրոջ եւ հեռու վանել վախի ամէն զգացում, երբ գիտենք, որ Ան մեզի հետ է, ինչպէս որ էր աշակերտներուն հետ, փոթորիկի պահուն։ Եւ ինչպէս որ լսելով աշակերտներուն խնդրանքը, ան խաղաղեցուց ծովն ու հովերը, մենք ալ պէտք է գիտնանք, որ ան մեզի հետ է միշտ, երբ եկեղեցի յաճախենք, աղօթքի կանգնինք, կեանքի փոթորիկներ դիմագրաւենք. նման պահերու, իբրեւ քրիստոնեաներ՝ պէտք է միշտ վստահութիւն ունենանք Աստուծոյ վրայ, անդրադառնանք, որ ամէն փոթորիկէ ետք կայ խաղաղութիւն եւ ամէն ձախողութենէ ետք կայ յաջողութիւն։ Ան նկատել տուաւ, որ Տիրոջ ապաւինողը պէտք է նաեւ գիտնայ, թէ Ան խաղաղութեան իշխանն է, խաղաղութեան մատարակարը եւ խաղաղութեան առաջնորդը, ու մանրամասնօրէն բացատրեց այս երեք յատկանիշները, մէջբերումներ կատարելով մարգարէներէ եւ աստուածաշնչական խօսքերէ։ Ան իր քարոզը աւարտեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած եւ ըսաւ. «Ո՜վ Խաղաղութեան Իշխան, դուն տուր մեզի խաղաղութիւն։ Մեր անձը, մեր ընտանիքը, մեր բարեկամները Քու խաղաղութեանդ կարօտ են։ Ո՜վ հոգիներու Խաղաղութեան Առաջնորդ, դուն ուղղէ մեր քայլերը դէպի խաղաղ նաւահանգիստդ, մենք միշտ փոթորիկներու դիմաց կը գտնուինք, մեր կասկածամտութեան եւ թերահաւատութեան պատճառով, դուն զօրացուր մեր հաւատքը, որ երբեք չծուլանանք Քեզ փառաբանելու։ Դուն շնորհէ մեզի խաղաղութիւն, ո՜վ խաղաղութեան աղբիւր. այսօր, վաղը, յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան. Ամէն»։

«Տէր Ողորմեա»էն առաջ, խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ տնօրինած էր որ նորաօծ քահանայ հօր անդրանիկ Ս. Պարատագը մատուցուի այս եկեղեցւոյ մէջ։ Ան նաեւ բարի երթ մաղթեց նորընծայ քահանայ հօր։

ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ
Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնն ու Տիկնանց Միութիւնը «Ժիւլիան եւ Ալին Մովսէսեան» ժողովասրահին մէջ կազմակերպած էին սիրոյ սեղան, որուն ներկայ եղան Առաջնորդ Սրբազանն ու ժողովականութեան ներկայացուցիչները, հաւատացեալներ ու նորաօծ քահանայ հօր ընտանիքի անդամները։

Շնորհաւորանքի եւ ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Առաջնորդ Սրբազանը, Առաջնորդական փոխանորդ Հայր Սուրբը, Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետը, հոգաբարձութեան ատենապետը եւ կնքահայրութիւնը ստանձնած ընտանիքին ներկայացուցիչը։ Տ. Մովսէս Քահանայ, իր կարգին արտասանեց շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք՝ վերահաստատելով ծառայական իր ուխտը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022