Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւորականաց դասը, Հոգաբարձական կազմը, Ազգային երեսփոխանները եւ բոլոր այն նուիրեալները, որոնք կ՛աշխատին վասն պայծառութեան Աստուծոյ Տուն՝ Ս. Խաչ Մայր տաճարի, ինչպէս՝ սարկաւագներ, դպիրներ, Տիկնանց միութիւն, երգեցիկ խումբ, բոլոր կամաւորներ եւ Մոնթեպելլոյի ծխական համայնքի բոլոր զաւակներ:

Բազում դարերէ ի վեր Հայոց Եկեղեցին մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս եղած է ծառայական առաջնորդող ներկայութիւն, առանց երբեք ըլլալու ինքնիր մէջ ամփոփուած քարեղէն կառոյց: Ան մայրական երակն է մեր ժողովուրդի կեանքին, հաւատքի բերդը հայ սերունդներու, որոնք որդիական ակնածանօք ու կաթոգին ջերմութեամբ կը փարին Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր ընդմէջէն՝ մեր հայրերու հաւատքին ու նախնեաց ոգեղէն, աննիւթեղէն արժէքներուն:

Այս տեսիլքով է, որ հարիւր տարի առաջ, Լոս Անճելըսի շրջանի հայութիւնը իր գոյութեան համար օդի, ջուրի պէս էական համարեց նախ Ս. Խաչ եկեղեցին ունենալու անհրաժեշտութիւնը (1922), ապա ապրեցաւ տեղափոխութեանց հոլովոյթ, մինչեւ որ, համայնքի բոլորանուէր մասնակցութեամբ, Ս. Խաչ Մայր տաճարը 1984-ին իր ներկայ տարածքին մէջ օծուեցաւ՝ գտնելով իր մնայուն հանգրուանը:

Ս. Խաչ Մայր տաճարի մշտաբորբ պարծանքին նաեւ մաս կազմեց Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանը, որ իբրեւ մաշտոցեան տուն ու կաճառ իր ինքնուրոյն տեղը ունի ընդհանրապէս Լոս Անճելըսի եւ մասնաւորաբար Մոնթեպելլոյի հայութեան կեանքէն ներս: Ծխական այս շրջանի հարիւրամեայ վեհապանծ անցեալին յառելով մեր նայուածքը, այսօր մենք կը մեծարենք հոգեւորական ու աշխարհական բոլոր այն նուիրեալները, որոնք տասը տասնամեակներու ընթացքին օգտակար ու կառուցողական դերակատարութիւն ունեցան Ս. Խաչ եկեղեցւոյ եւ Մայր տաճարի կեանքէն ներս:

Նոր հարիւրամեակի սեմին կանգնած՝ աղօթելով կը մաղթենք, որ Աստուած մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս վառ պահէ հաւատարմութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ եւ, փոխադարձաբար, Հայ Եկեղեցին օժտէ պայծառակերպեալ ներկայութիւն դառնալու նորոգ զօրութեամբ, ազգի ու հետագայ սերունդներու կեանքէն ներս:

Աղօթարար
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022