Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական մարմինները, տնօրէնները, ուսուցչական կազմերը, բարերարները, բարեկամները, նուիրեալները, աշակերտներն ու ծնողները, 2022-2023 կրթական տարեշրջանի վերամուտի առիթով:

Սփիւռքի հայութեան գոյատեւման հե՛նքն է Հայ Եկեղեցին, որ միաժամանակ կը ներշնչէ կրթամշակութային զարթօնք, մինչ հայ դպրոցը՝ իբրեւ կրթութեան ցուցանիշը մեր ժողովրդեան, անհրաժեշտ է, որ աւելի եւս բարձրացնէ իր նուաճումներուն նշաձողը, իսկ մեր բոլոր միութիւններն ու կառոյցները պարտին օժտուիլ գիտակից նոր սերունդներու աւիւնով, որպէսզի մասնագիտականօրէն վերակազմակերպուելով՝ աւելի հատու եւ վճռորոշ դերակատարութիւն ունենան Սփիւռքի հայութեան կեանքէն ներս:

Հիմնական այս մտասեւեռումով է, որ մեր խորհրդածութեանց կիզակէտը կը դարձնենք հայ դպրոցը՝ իբրեւ հայ ազգի յառաջդիմութեան ամէնէն երեւելի ցուցանիշը եւ գալիք սերունդներու յաջողութեանց գրաւականը, որովհետեւ, կը հաւատանք, որ 21-րդ դարը շեշտուած կերպով գիտութեան դար ըլլալուն, մեր նոր սերունդները, աշակերտները, կրթական համակարգն ու ամբողջ շրջանակը պէտք է որ դո՛ւրս գան միջանկեալ լուծումներու շրջածիրէն ու զգուշանան միջակութիւններէ, որպէսզի կարելի ըլլայ գիտուն, զգօն, սթափ ու քննական միտքով առաջնորդուող ապագայ առաջնորդներ պատրաստել՝ մեր այսօրուան աշակերտութեան ոսկեայ ատաղձէն:

2022-2023 կրթական նոր տարեշրջանի սեմին, թող այս մտածումները բոլորիս համար դառնան գօտեպնդիչ կոչ ու աշխատանքի հրաւէր, որպէսզի փշրուի միջակութեան շղթան մեր կեանքէն, եւ յառաջդիմութիւնը, գիտական նուաճումն ու ամէնուր յաղթանակի դրօշ ծածանելու երջանիկ զգացումը Աստուծոյ օրհնութեամբ դառնան նոր ու իտէալական ձգտում՝ մեր ազգի մատղաշ տղոց եւ աղջիկներուն համար:

Աղօթարար
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022