«Հայ Մամուլի Տարուան» Առիթով՝ Գեղարուեստական Երեկոյ Նուիրուած «Ասպարէզ» Օրաթերթին

«Հայ Մամուլի Տարուան» առիթով, Կիրակի, 27 Հոկտեմբեր 2019-ին, Էնսինոյի Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյ մը նուիրուած «Ասպարէզ» օրաթերթին։ «Նոր Տաղանդներ» խորագիրով ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՕՄ-ի «Անահիտ» եւ «Լոռի» եւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» եւ «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղերու կողմէ։

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան ներկայ եղաւ եւ կատարեց փակման աղօթքը։

Գլխաւոր բանախօսն էր «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Տիար Արման Պաղտոյեան, իսկ երիտասարդ արուեստագէտներ հանդէս եկան երգով, պարով, նուագով եւ ասմունքով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022