Բացման Հանդիսութիւն եւ Օրհնութիւն Արարատ Տան «Աւագեան» Նոր Բաժնի

 

Շաբաթ, 8 Փետրուար 2014- երեկոյեան, Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու առաջնորդներու նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Արարատ Տան «Աւագեան» բաժնի պաշտօնական բացումն ու օրհնութիւնը:           Բացման արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որուն ընկերացած էին Բարձր. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան:

Երեկոն սկիզբ առաւ հացի, ջուրի եւ աղի օրհնութեամբ, որմէ անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւնը եւ հաստատութեան նոր բաժնի օրհնութիւնը:

Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Ժոզէֆ Կանիմեան ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց եկեղեցականներուն, տարուան ընթացքին Արարատ Տան բնակիչներուն իրենց տածած հոգեւոր սնունդին համար:

Ապա Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը. ան շնորհաւորեց վարչութիւնը, ընդարձակման ծրագրի յաջողութեան առիթով, ծրագիր մը որ Սրբազանը կենսական համարած էր, տարեցներու բոլոր կարիքներու հոգացման ի խնդիր: Առաջնորդ Սրբազանը տարեցներու տարուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսի Հայրապետական պատգամէն մէջբերում կատարելով յայտնեց, որ Վեհափառ հայրապետը կը գնահատէ տարեցներուն առաքինութիւնները. «Արդարեւ, տարեց սերունդը աւիշը կը կազմէ ընկերութեան, հիմքը՝ ընտանիքին եւ զօրեղ կռուաններէն մէկը՝ ոեւէ կազմակերպութեան» եւ թէ ինչպէս «Մեր ժողովուրդը բարձրագոյն աստիճանի հոգածութիւն, սէր, խնամք ու յարգանք պէտք է ցուցաբերէ իր տարեց սերունդին նկատմամբ», շեշտելով «անոնց համար ծերանոցներ ու հանգստեան տուներ շինելու անհրաժեշտութիւնը»:

Սրբազանը հաստատեց, թէ «Անկասկած, բոլորս ալ տարեցներուն հանդէպ նոյն այս զգացումները կը բաժնեկցինք, որովհետեւ անոնք անբաժանելի եւ սիրեցեալ անդամները կը նկատուին մեր ընկերութեան: Հետեւաբար, մենք շնորհակալ ենք եւ բախտաւոր պէտք է զգանք այսպիսի կառոյց մը ունենալու մեր համայնքին մէջ, ապահով ապաստարան մը, որուն կրնանք մեր տարեցները վստահիլ. վայր մը, ուր քաջ գիտենք թէ անոնք ընտանիքի անդամներու նման վարմունք պիտի ստանան, առաւելագոյն գուրգուրանքով, սիրով, ուշադրութեամբ եւ յարգանքով»: Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Արարատ Տան մեծ ընտանիքը, իրենց տարած որակաւոր խնամքին եւ կարեկցութեան համար, շնորհակալութիւն յայտնեց եւ գնահատեց նաեւ բարերարները իրենց օժանդակութեան համար եւ աղօթեց առ Բարձրեալն Աստուած, որպէսզի օրհնէ Արարատ Տուն հաստատութիւնը:

Օրուան հանդիսավարուհին Fox 11 կայանի լուրերու հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեան ներկայացուց պետական պաշտօնական անձնաւորութիւնները եւ անոնց ներկայացուցիչները եւ զանոնք հրաւիրեց որպէսզի փոխանցեն իրենց շնորհաւորական գիրերը: Պաշտօնական յայտագրի աւարտին, ներկաները առիթը ունեցան շրջագայելու նոր շէնքին բաժանմունքներուն մէջ:

Բացման արարողութեան եւ օրհնութեան յաջորդեց Յոբելինական ճաշկերոյթը: Յայտագիրը սկսաւ Ամերիկեան եւ Հայկական քայլերգներով եւ հոգեւորականաց դասին կողմէ սեղանի օրհնութեամբ: Այս պատմական հանդիսութեան առիթով, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոս օրհնութեան գիր շնորհած էր Արարատ տան եւ անոր պատասխանատու մարմիններուն: Առաջնորդ Սրբազանը պաշտօնապէս ընթերցեց եւ ապա հոգաբարձութեան ատենապետ Պրն. Կանիմեանին յանձնեց օրհնութեան գիրը որ մեծապէս կը գնահատէր հոգաբարձութեան եւ պաշտօնէութեան կատարած մարդասիրական ծառայութիւնը:

Ապա օրուան հանդիսավարուհին բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրեց դիտելու տեսաերիզ մը, նիւթ ունենալով «Արարատ տան կեանքէն օր մը», որուն յաջորդեց նոր բաժնի բացման հանդիսութեան յանձնախումբի համա-ատենապետներուն՝ Պերճ Շահպազեանի եւ Ռոն Նազելիի խօսքերը, հոգաբարձութեան ատենապետ Պրն. Կանիմեանի խօսքն ու ներկայացումը եւ փակման եզրափակիչ խօսքը Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ յարգարժան Ճորճ Տէօքմէճեանի կողմէ:

(Click here for Pontifical Letter of Blessing)

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022