Ֆրեզնոյի Մէջ 8 Երիտասարդներ Բարձրացան Սարկաւագական Ծառայական Կարգ – Առաջնորդ Սրբազան. «Այսօր Տաճարը Կը Մեծնայ Տաճարին Մէջ, Եւ Եկեղեցին Կ՛Աճի Եկեղեցւոյ Մէջ»

Կիրակի, 6 Նոյեմբեր, 2022-ի առաւօտեան, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց, սարկաւագական ձեռնադրութիւն եւ նորօրհնեալ միւռոնով ջրօրհնէք կատարեց, եւս առաւել՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի՝ տեղւոյն Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեանի լանջախաչ կրելու կոնդակը ընթերցեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան:

Սուրբ սեղանին սպասարկեցին Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը: Սրբազան արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ քառաձայն երգչախումբը, խմբավարութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւին: Պատարագին ներկայ էին Կրօնական ժողովի ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, անդամ՝ Տիար Պերճ Աբգարեան, եկեղեցւոյ նուիրեալներ, բարերարներ եւ ժողովուրդ:

Ծիսական արարողութիւնը մեծավայելուչ շքեղութեամբ կատարուելով՝ Հաւատքի փթթումի ու ծաղկման նոր ընթացք տուաւ հաւատացելոց: Նախ, Ֆրեզնոյով իր պսակումին կը հասնէր՝ Արեւմտեան Թեմի ծխական շրջաններու մէջ Սրբալոյս միւռոնով ջրօրհնէք կատարելու հանգրուանը, ապա Հովիւը կը գնահատուէր իր ծառայութեան համար եւ վերջապէս, ութ երիտասարդներ՝ Արմէն, Նարեկ, Զարեհ Աբգարեաններ, Մինաս Արիսեան, Արմէն Պետրոսեան, Միքայէլ Յարութիւնեան, Յովիկ եւ Վահէ Օհանեաններ, որոնք մասնաւորաբար վերջին երկու տարիներուն յատուկ դասընթացքի մը կը հետեւէին, Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեամբ ու ձեռամբ, ծնրադիր կը բարձրանային ծառայական առաջին Մեծ Կարգին՝ սարկաւագութեան, այսպիսով խոնարհելով դէպի Երկինք:

Պատկերը թէ՛ յուզիչ էր եւ թէ գօտեպնդող: «Տաճարը կը մեծնայ տաճարին մէջ, եւ եկեղեցին կ՛աճի եկեղեցւոյ մէջ», ինչպէս իր պատգամին մէջ շեշտեց ձեռնադրիչ Սրբազանը: Արդարեւ, ներկայ աշխարհը, որ մնայուն կերպով կը հարուածուի չարէն եւ կը գտնուի ոչ առողջ մթնոլորտի մը մէջ, Ութին ինքնընծայումը, նոր երանգաւորում կու տայ եւ նոր ճոխացում կը յառաջացնէ ընդհանրապէս Արեւմտեան Թեմին եւ մասնաւորաբար Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ աստուածահաճոյ առաքելութեան: Այս մասին արտայայտուելով, իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. «Ուժի կարօտ մեր հոգին հաւատք կը ծծէ այսօր օրուան խորհուրդէն: Մեր թոյլ ձեռքերուն կը տրուին յոյսի, ապրելու զէնքեր, ու աստուածային տարածուող սէրը մեզ կը շաղէ Եկեղեցի անօթին մէջ»:

Հուսկ, Թորգոմ Եպիսկոպոս գնահատեց ձեռնադրեալները, անոնց ծնողները եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը՝ աղօթաբար մաղթելով, որ Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցին շարունակէ մշտադալար մնալ՝ հոգեւոր թթուածին մատակարարելով մերազն ժողովրդեան:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022