Դպիրներու Ձեռնադրութիւն եւ Ուրարի Տուչութիւն Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ – Բացում «Աբրահամ եւ Վերժին Գուճաքեան» Խաղավայրի

Շաբաթ 14, եւ Կիրակի 15 Դեկտեմբեր 2019-ի շաբաթավերջը կրկնակի տօնախմբութեան օրեր էին Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին համար։

Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին տօնին աոիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, դպիրներու ձեռնադրութիւն եւ ուրարի տուչութիւն կատարեց եւ իր պատգամը ուղղեց։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վահան Աւ Քհնյ. Կոստանեան եւ Իսֆահանէն հիւրաբար ներկայ գտնուող՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Գալստանեան։

Նախքան քարոզը, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց ձեռնադրութիւնը՝ դպրութեան կարգ շնորհելով եկեղեցւոյ նուիրեալ ծառայողներու՝ Յակոբ Հաւանճեանի եւ Վահան Զարդարեանի, ինչպէս նաեւ ուրար կրելու իրաւունք՝ Րաֆֆի Ռուպանեանի։ Ան շնորհաւորեց նորոգ ձեռնադրեալ դպիրներն ու ուրարակիրը, ինչպէս նաեւ ծխական ընտանիքը, զանոնք յորդորելով շարունակելու իրենց ծառայութիւնը հաւատքով, սիրով, սրտի մաքրութեամբ, անկեղծութեամբ ու նուիրուածութեամբ եւ պահպանելու մեր հաւատքն ու ժառանգութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզի բնաբանը ընտրած էր օրուան Աւետարանական հատուածէն (Ղկ. 17.1-10), ուր շեշտուած է հաւատքի, համեստ ծառայութեան եւ ներողամտութեան կարեւորութիւնը։ Մասնաւորաբար խօսելով մեր Եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայութեան մասին, ան նշեց, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ներողամտութեան ոգի ունենայ, իր նմանին ներէ ու զայն բարձրացնէ, որովհետեւ մենք բոլորս նոյն նպատակը կը հետապնդենք։ Ան շեշտեց, որ ամէն բանէ առաջ պէտք է հաւատք ունենանք, այնպէս ինչպէս Քրիստոս կ’ըսէ. «Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենանք եւ ըսէք այս թթենիին. «Արմատախիլ եղիր եւ ծովուն մէջ տնկուէ« պիտի հնազանդի ձեզի» (Ղկ. 17.6)։

Անդրադառնալով Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետի տօնին, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ երանաշնորհ հայրապետին կեանքը՝ մատնանշելով, որ ան ո՛չ միայն հաւատարիմ ու խոնարհ ծառան էր Քրիստոսի, այլեւ՝ բարեպաշտ վարքով եւ զօրաւոր հաւատքով հոգեւորական մը։ «Մեր Եկեղեցին առաքեալներու ընտանիք է եւ մեզի թելադրուած է զիրար քաջալերել ու օգնել՝ աճելու համար թէ՛ մեր հաւատքին եւ թէ ծառայութեան մէջ։ Ս. Յակոբ եւ մեր եկեղեցւոյ հայրերը իրենց ֆիզիքական աչքերով չտեսան զՔրիստոս եւ ոչ ալ Անոր խօսքերը իրենց ականջներով լսեցին, սակայն տեսան, լսեցին եւ հաւատացին իրենց հոգեւոր աչքերով եւ ականջներով։ Անոնք մեր ազգը լուսաւորեցին ո՛չ միայն քրիստոնէական հաւատքի լոյսով, այլեւ իրենք զիրենք զոհեցին՝ ի գին Ճանապարհին, Ճշմարտութեան եւ Կեանքին համար, որ նոյնինքն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսն է։ Սա նոյնպէս մեզի ուղղուած հրաւէր ու պարտաւորութիւն մըն է՝ հաստատ հաւատքով եւ խոնարհ սրտով ծառայելու, որպէսզի մեր հաւատքի լոյսը դարեր շարունակ շարունակէ ճառագայթել հայ ազգին, մեր եկեղեցիներուն, տուներուն եւ մեր համայքներուն մէջ։»

Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզի աւարտին, Ս. Յակոբի տօնին առթիւ շնորհաւորեց բոլոր Յակոբ անուն կրողները եւ մաղթեց, որ բացուող Նոր Տարին ըլլայ երջանկութեամբ ու խաղաղութեամբ լի բարեբեր տարի մը։

Հոգեհանգիստի պահուն, աղօթք բարձրացուեցաւ եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար՝ Լէրի Պարնզի եւ տիկնոջ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի հոգիներուն խաղաղութեան համար։

Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ «Գուճաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, որուն ընթացքին սրտի խօսքեր արտասանեցին Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիկին Արփի Հիքս եւ հոգեւոր հովիւը։ Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց իր շնորհաւորական խօսքը։

ԽԱՂԱՎԱՅՐԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՑՈՒՄ

Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց ՀՕՄ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի «Աբրահամ եւ Վերժին Գուճաքեան» նորակառոյց խաղավայրի օրհնութիւնն ու բացումը։ Խաղավայրը հովանաւորած են Եմենիճեան եւ Գուճաքեան ընտանիքները, իրենց ծնողաց՝ Աբրահամ եւ Վերժին Գուճաքեանի յիշատակին։

Ներկայ էին բարերարները՝ Տէր եւ Տիկին Ալեքս եւ Արտա Եմենիճեան, Տեարք Յակոբ Գուճաքեան եւ Դերենիկ Գուճաքեան, Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տիար Ատրուշան Արմէնեան, ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան, Հ.Յ.Դ. «Իշխան» կոմիտէի, ՀՕՄ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Արցախ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Միութեան անդամներ, շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, ծնողներ ու աշակերտներ։

Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին այցելեց դասարանները, ուր մտերմիկ պահ մը ունեցաւ աշակերտներուն հետ եւ իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց թէ՛ անոնց եւ թէ իրենց ուսուցիչներուն։

Ապա, ներկաները ուղղուեցան խաղավայր, ուր բացման արարողութիւնը սկիզբ առաւ շաբաթօրեայ վարժարանի քայլերգով։ Առաջնորդ Սրբազանը, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, խաղավայրին օրհնութիւնը կատարեց։ Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Հուրի Տարագճեան արտասանեց բացման խօսքը, շնորհակալութիւն յայտնելով Առաջնորդ Սրբազանը Հօր, որ նախագահեց արարողութեան, եւ Եմենիճեան ու Գուճաքեան բարերար ընտանիքներուն՝ վարժարանին հանդէպ իրենց ցուցաբերած անսակարկ զօրակցութեան համար։ Ասմունքով հանդէս եկան վարժարանի երկու աշակերտներ՝ Ալինա Դանիէլեան եւ Գոռ Գրիգորեան։

Բարերար ընտանիքներուն կողմէ խօսք առաւ Տիկին Արտա Եմենիճեան, որ նախ յարգանքի տուրք մատուցեց իր հօր Աբրահամին եւ մօր Վերժինին, որ Շաբաթօրեայ վարժարանի հիմնադիրներէն էր, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ որպէս ընտանիքի անդամ կը նախագահէր բացման արարողութեան, ինչպէս նաեւ Շաբաթօրեայ վարժարանի անդամներուն՝ իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր պատգամը՝ փառք ու գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ օրուան համար։ Ան յիշեց 2011 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ կատարուած հիմնօրհնէքը, Լէրի Պարնզի իշխանական նուիրատուութիւնը, ինչպէս նաեւ 2013-ին իր կողմէ կատարուած եկեղեցւոյ օծումն ու «Գուճաքճեան» սրահի բացումը, եւ 2014-ին Մշակութային Կեդրոնի բացումը։ Այս առթիւ, ան բարձր գնահատեց բոլոր նուիրեալներուն ծառայութիւնը, մասնաւորապէս օրհնեց եւ գնահատեց Եմենիճեան եւ Գուճաքճեան ընտանիքները՝ անոնց յարատեւ աջակցութեան համար։

Ապա, տեղի ունեցաւ ժապաւէնի հատումը եւ յուշատախտակի քօղազերծումը։

Արարողութեան աւարտին, «Գուճաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին խօսք առին Տիար Ատրուշան Արմէնեան, «Իշխան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Յովիկ Մագնիսեան, ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Սիլվա Փօլատեան եւ «Շուշի» մասնաճիւղի ներկայացուցիչը։ Առաջնորդ Սրբազան փակման խօսքին մէջ անգամ մը եւս իր օրհնութիւններն ու գնահատանքը փոխանցեց բոլորին։ Ճաշկերոյթը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի եւ Հայաստանի քայլերգի երգեցողութեամբ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022