Դպրաց Ձեռնադրութիւն եւ Ուրարի Տուչութիւն Քրեսենթա Հովիտի Եկեղեցւոյ Մէջ

Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին առթիւ, Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ իր պատգամը ուղղեց Քրեսենթա Հովիտի եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը դպիրներու ձեռնադրութիւն եւ ուրարի տուչութիւն կատարեց։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան։

Նոյն օրը, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներէն ներս «Տէր ողորմեա»ի յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ Հիւսիսային Սուրիոյ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ներխուժման հետեւանքով զոհուածներու հոգիներուն ու վիրաւորներուն, ինչպէս նաեւ «Սէտըլրիճ» հրդեհին հետեւանքով տագնապի մատնուած ժողովուրդին համար։

Նախքան քարոզը, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց դպրաց ձեռնադրութիւնը՝ խարտաւիլակութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի։ Դպրութեան կարգ շնորհեց եկեղեցւոյ չորս նուիրեալ ծառայողներու՝ Մեսրոպ Թաշճեանին, Լեւոն Գէորգեանին, Ռազմիկ Պօղոսեանին, եւ Արա Պօղոսեանին, ինչպէս նաեւ Արամ Բաբուխեանին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն։ Առաջնորդ Սրբազանը Արա Պօղոսեանին նաեւ շնորհեց ուրար կրելու իրաւունք։ Ան օրհնեց ու գնահատեց նորոգ ձեռնադրեալ դպիրներն ու ուրարակիրը, յորդորելով, որ վերանորոգ հաւատքով եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ շարունակեն իրենց ծառայութիւնը բերել Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայացուց հոգեւոր առաքելութեամբ մեր Թեմ ժամանած երկու երիտասարդ միաբան հայրերը՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան, որոնք Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ իրենց ծառայութիւնը պիտի բերեն Արեւմտեան Թեմէն ներս։

Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին ընթացքին վեր առաւ Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներուն ծաւալած հրաշալի գործունէութիւնը, նշելով, որ անոնք Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի գլխաւորութեամբ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ճգնութեամբ իրենց Աստուածատուր հոգեւոր իմաստութիւնն ու երկնային գիտութիւնը մեր ազգային յաւերժութեան գանձանակին մէջ ձգեցին, որպէսզի հայ ժողովուրդը իր ազգային ինքնութիւնը յաւերժացնէ եւ յաւիտենութեան ճամբով ժառանգորդ դառնայ երկնքի արքայութեան։ Ան մատնանշեց, որ Թարգմանչաց տօնը ո՛չ միայն եկեղեցական տօն է, այլեւ՝ ազգային։

«Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետ հանդիսացաւ մեր մտքի լուսաւորիչը, որովհետեւ շնորհիւ իր եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի տեսիլքին ու իմաստութեան, իրենց ամբողջական կարողութիւնը ի սպաս դրին, ճգնեցան ու տագնապեցան՝ ապահովելով մեր մտքի լուսաւորութիւնը եւ մեզ դարձնելով հա՛յ քրիստոնեաներ։ Մեր տօները անցեալին պատկանող իրողութիւններ չեն, որոնք պէտք է նշուին ու յիշուին իբրեւ անցեալի փառքեր, այլ անոնք կենդանի վկայութիւն են եւ ունին անմիջական հաղորդութիւն եւ յատուկ պատգամ մը մեզմէ իւրաքանչիւրին ուղղուած։ Թարգմանիչ վարդապետները մեր մտքի լուսաւորութիւնը փնտռեցին, ամբողջական նուիրումով աղօթքով, հաւատքով եւ գտան։ Աստուծոյ խօսքին համաձայն՝ բախեցին երկնային գիտութեան դռները, որոնք բացուեցան իրենց դիմաց, որպէսզի մենք ալ մտնենք այդ դռնէն եւ լիցքաւորուինք երկնային ու հոգեւոր իմաստութեամբ», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը հարց տուաւ, թէ ո՞ւր ենք մենք այսօր յարաբերաբար անոնց մեծութեան, գիտութեան եւ իմաստութեան եւ մատնանշեց, որ իւրաքանչիւր հայ քրիստոնեայ ամէնօրեայ լուսաւորութեան եւ ներշնչման կարիքը ունի՝ օրինակ առնելով մեր թարգմանիչ հայրերէն եւ ընթանալով անոնց հարթած ուղիէն, ինչպէս նաեւ տէր կանգնելով մեր անկորնչելի լեզուին եւ վառ պահելով անոնց կտակած աւանդը։

Ս. Պատարագը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022