ԱՐԵԻԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌՈՒԹԻՒՆ

Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներ կամ Արեւելեան հնագոյն եկեղեցիները Քրիստոնեայ Արեւելքի մէջ կազմաւորուած ազգային եկեղեցիներ են, որոնք, մերժելով Քաղկեդոնի ժողովը (451), կը կազմեն Ընդհանրական եկեղեցւոյ Արեւելեան Ուղղափառ ընտանիքը։ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները հետեւեալներն են` Հայաստանեայց Առաքելական, Ղպտի Ուղղափառ, Ասորի Ուղղափառ, Եթովպիոյ Ուղղափառ, Էրիթրիոյ Ուղղափառ, Մալապարի Ուղղափառ (Հնդկաց Ուղղափառ) եկեղեցիները: Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները, ժառանգորդներն են քրիստոնէական եկեղեցւոյ ամենահին եւ հարուստ աւանդութեանց: Վերոյիշեալ վեց եկեղեցիները իրենց հիմնադրութիւնը եւ ծագումը կը կապեն առաջին դարու առաքելական քարոզչութեան: Այսպէս Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս կը համարուին հայոց առաքեալ եւ նահատակուած են Հայաստանի մէջ: Ս. Մարկոս կը նկատուի Աղեքսանդրիոյ առաջին եպիսկոպոսը: Ս. Փիլիպպոսի համար կ’ըսուի թէ Եթովպիացի ուխտաւոր մը մկրտած է, եւ ան ալ իր կարգին, քրիստոնէական հաւատքը Ափրիկէի եւ հարաւային Եգիպտոսի շրջաններուն տարածած է: Գործք Առաքելոցի մէջ Անտիոքը կը յիշուի, ուր առաջին անգամ Քրիստոսի հետեւորդները “Քրիստոնեայ” կոչուած են, իսկ Ս. Թովմաս, Հարաւային Հնդկաստանի մէջ նահատակուած կը նկատուի:

Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները մինչեւ հինգերորդ դար, Քաղկեդոնի Ժողովը (451), մի էին եւ ամբողջական հաղորդութեան մէջ էին Հռոմէական եւ Բիւզանդական եկեղեցիներուն հետ: Սակայն երբ Քաղկեդոնի Ժողովը  յայտարարեց թէ Քրիստոս երկու անջատ–մարդկային եւ աստուածային-բնութիւններով միացեալ մէկ անձնաւորութիւն է` վարդապետական այս դաւանանքը մերժուեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու կողմէ:

Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները իրենց դաւանանքով հետեւորդներն են Աղեքսանդրիայի քրիստոսաբանութեան: Անոնք ընդունելով միայն երեք տիեզերական ժողովներու  դաւանանքային վճիռները՝ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները  կը յայտարարեն, որ Նիկիոյ Ա (325), Կ․ Պոլսի Բ (381), Եփեսոսի Գ (431) տիեզերաժողովները բանաձևած են քրիստոնէական կրօնի և հաւատքի հիմնական սկզբունքները, այն է՝ Քրիստոսի Աստուածութիւնը, Սուրբ Երրորդութեան, Մարդեղութեան եւ Փրկագործութեան խորհուրդները։ Հետագայի նորամուծութիւնները անոնք կը համարեն աղեքսանդրեան աստուածաբանական աւանդութեան հակասող։ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները, դաւանելով միաբնակութիւնը, մերժում են եվտիքեսութիւնը,  նեստորական և քաղկեդոնական երկաբնակութիւնը:  Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները իրենց  դաւանական եւ աստուածաբանական տեսութիւններն ու վարդապետութիւնները հիմնուած եւ փոխանցուած են Աստուածաշունչով, երեք տիեզերական ժողովներով եւ եկեղեցւոյ հայրերու  ուսուցումներով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022