Կարօ Փայլան Ներկայ Եղաւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին


Կիրակի, 25 Սեպտեմբեր 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ փոխանցեց իր պատգամը: Ս. Պատարագին ներկայ էր Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովուրդներու Դեմոկրատ կուսակցութեան հայ անդամներէն Տիար Կարօ Փայլան, որ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէր։

Նշենք, որ Տիար Փայլանի Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով, շաբաթավերջին կազմակերպուած էին զանազան ձեռնարկներ եւ ժողովրդային հանդիպումներ. Շաբաթ, 24 Սեպտեմբերին՝ «Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքականութիւնը եւ փոքրամասնութիւնները» նիւթով համագումար «Woodbury» համալսարանին մէջ, նոյն օրը երեկոյեան՝ ընթրիք-հանդիպում Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, իսկ Կիրակի, 25 Սեպտեմբերի երեկոյեան՝ հանդիպում հայկական համայնքի զաւակներուն հետ, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ։

Պատարագիչն էր Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։ Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն՝ Տիար Անդրանիկ Գասպարեան եւ Տիկին Թերէզ Քեմանճեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեան, Հ.Յ.Դ. «Դրօ» կոմիտէութեան, Ս. Խաչ Մայր Տաճարի ծխական համայնքի, Պոլսահայ Միութեան եւ Հայ Իրաւաբաններու Միութեան ներկայացուցիչներ, քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը սկսաւ ողջունելով Ս. Խաչ Մայր Տաճարի մեծ ընտանիքն ու յարգարժան Տիար Կարօ Փայլանը։ Ապա խօսքը ուղղելով Տիար Կարօ Փայլանին՝ ըսաւ. «Ահաւասիկ աւելի քան տարիէ մը ի վեր, իբրեւ մէկ անդամը Թուրքիոյ խորհրդարանին, Կարոն իր երկրին ու աշխարհի մէջ ճանչցուած է իբրեւ մէկ պաշտպանը փոքրամասնութեանց իրաւունքներու, պայքարող՝ խտրականութեան դէմ, բայց մանաւանդ նորագոյն մէկ դրօշակիրը Թուրքիոյ պետութեան կողմէ հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման:

«Քանիցս լսեցինք ու ականատես եղանք, որ իր որդեգրած ուղիին հետամտութեան ճամբուն, յանդուգն ու անսակարկ նուիրումին պատճառով բիրտ վերաբերմունքի հանդիպեցաւ հոն՝ ուր կը նկատուի ժողովրդավարութեան, իրաւունքներու պաշտպանութեան ու հաւասարութեան բեմ… »։

Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 25-ամեակին մասին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յիշեցուց որ Մայիս 28-ին մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ’ունենայ Հանրապետական մաղթանք եւ աւելցուց. «Ձեր այս այցելութիւնը տեղի կ’ունենայ այն օրերուն, երբ քանի մը օր առաջ, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան ափեր տօնեցինք Հայաստանի վերանկախացման 25րդ տարեդարձը: Հպարտութեամբ հետեւեցանք Երեւանի փառատօնին, որուն ներկայ եղաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս»։ Յիշեցնելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի մօտալուտ այցելութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Մենք, յառաջիկայ շաբաթավերջին Վեհափառ Հայրապետին շնորհաբեր այցելութիւնը վայելելով մեր Թեմին մէջ, պիտի վերահաստատենք մեր զօրակցութիւնն ու հաւատարմութիւնը Կիլիկեան Ս. Աթոռի առաքելութեան ու պահանջատէրի կեցուածքին: Ձեր պայքարով, դուք լծակից էք իրաւունքի ու արդարութեան այն պայքարին, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռն ու անոր գահակալը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը տանի, պահանջելով Սիսի կաթողիկոսութեան պատմական կալուածներուն վերադարձը՝ հայութեան, մեր եկեղեցւոյ կալուածներուն յանձնումը՝ իրաւատիրոջ՝ մեր ժողովուրդին»։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վեր առաւ օրուան խորհուրդը, որ կը բխէր Վարագայ Ս. Խաչի տօնէն, նուիրուած՝ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտի մասունքի գիւտին, պատմական Վան քաղաքին մօտակայ Վարագայ վանքին մէջ, իբրեւ արդիւնք՝ հրաշալի տեսլիքի մը:

«Վարագայ Ս. Խաչի տեսիլքը տեղի ունեցած է դարեր առաջ, սակայն անկէ բխող պատգամները այսօր ալ այժմէական են եւ ներշնչող: Մաքրակենցաղ ու մաքրասիրտ ճգնաւորներ սերունդէ սերունդ աղօթած էին, որպէսզի արժանի ըլլան Ս. Խաչի տեսութեան, մինչեւ իսկ երբ իրենց աղօթքները անպատասխան մնացած էին, որովհետեւ կը հաւատային, թէ իրենց խնդրանքը ի վերջոյ պատասխան պիտի գտնէր, եւ այդպէս ալ եղաւ: Ճգնաւորները խոր յարգանք ու ակնածանք ունէին խաչին նկատմամբ, զայն նկատելով խորհրդանիշը մեզի հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն եւ զոհողութեան, նաեւ՝ իբրեւ զղջումի եւ փրկութեան ապաւէն», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Շարունակելով իր պատգամը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մէջբերեց Վարագայ Ս. Խաչին նուիրուած Սահակ Ձորափորեցի Կաթողիկոսի շարականին բառերը եւ ըսաւ. «Աղօթքս կը բարձրացնեմ Առ Աստուած, որ իր Որդւոյն Յիսուսի Քրիստոսի ամենայաղթ եւ Կենարար խաչին նշանով խաղաղութիւն պարգեւէ համայն աշխարհին, Միջին Արեւելքին, Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութեան, Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին»։ Ապա, իր բարեմաղթանքները ուղղելով Տիար Փայլանին ըսաւ. «Կը մաղթենք, որ ձեր առաքելութեան նաւը շարունակէ անփորձ ու անվտանգ առաջնորդուիլ փոթորկոտ ծովերու մէջէն, չկասի խութերու բախելով, եւ ձեր ու գործակիցներու կրած լուսատու ջահը Թուրքիոյ հայութեան ու ձեր գործակիցներուն համար մնայ յոյսի աղբիւր՝ ինչպէս որ Վարագայ Ս. Խաչը լուսաւորած է հայութեան երկնակամարը, դարեր շարունակ ու մինչեւ այսօր մեզի համար եղած է հաւատքի, իրաւունքի ու արդարութեան յոյսի ապաւէն: Եւ վստահ եղէք. ինչպէս որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ միայնակ չէք, ունիք հայ, քիւրտ, թուրք համախոհներ ու պայքարի լծակիցներ, աշխարհացրիւ հայութիւնն ու արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու այլ պաշտպաններ կը կանգնին ձեր կողքին, կը կանգնին նոյն խրամատին մէջ, հաւատալով բարեշրջումի ու յաղթանակի»:

Հաղորդութեան պահուն, խուռներամ հաւատացեալներու շարքին՝ Տիար Կարօ Փայլան եւս Ս. Հաղորդութիւն ստացաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ։

ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ Արարողութենէն ետք, ներկաները ուղղուեցան «Թումանեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ ի պատիւ Կարօ Փայլանին։ Նախ քան ճաշը, Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները առիթ ունեցան իրենց մտքերը յուզող հարցումներով մտերմիկ զրոյցի պահ մը ունենալ հայ երեսփոխանին հետ, եւ ստացան սպառիչ պատասխաններ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը սեղանը օրհնեց եւ բարի գալուստ ու բարի կեցութիւն մաղթեց յարգարժան հիւրին։ Խօսք առին Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկին Նորա Յովսէփեանն ու Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեանը։ Տիար Կարօ Փայլան իր կարգին շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց համայնքիս, ջերմ եւ խանդավառ ընդունելութեան համար։

Յետմիջօրէին, Տիար Փայլան այցելեց Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանը եւ ծաղկեփունջ զետեղեց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022