ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ Ի ՊԱՏԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, նախարարական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, Լոս Անճելըս այցելեց անցեալ շաբաթավերջին։ Այս առիթով, պատուիրակութիւնը արժանացաւ շարք մը պաշտօնական ընդունելութիւններու։

Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարակոսա Կիրակի, 9 Դեկտեմբերի առաւօտուն, իր բնակարանին մէջ կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը, որուն հրաւիրուած էր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ ընդունելութեան եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։

Նոյն օրը, կէսօրին, ի պատիւ Վարչապետին ու ընկերակիցներուն, ընդունելութիւն մը կազմակերպուած էր նաեւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէին կողմէ։ Ներկայ եղան Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչները՝ ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեան եւ փոխ ատենապետ Տիար Ճորճ Չորպաճեան։ Հանդիպումը առիթ եղաւ զրուցելու Հայաստանի զարգացման ընթացքին ու կառավարական պատուիրակութեան Լոս Անճելըս առաքելութեան մասին։ Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց սրտի խօսք, յաջողութիւն մաղթելով վարչապետին ու ընկերակից պատուիրակութեան, Միացեալ Նահանգներ իրենց առաքելութեան մէջ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ