ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ՝ ԾԽԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԵՐՈՒՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

Նկատի ունենալով, որ Արեւմտեան մեր Թեմի ծխական շրջաններու անդամական ժողովները նախատեսուած են Փետրուարի վերջին ու Մարտի առաջին Կիրակիներուն, Ազգային Վարչութիւնը Չորեքշաբթի, 15 Փետրուարի երեկոյեան, խորհրդակցական ժողովի մը հրաւիրած էր մեր եկեղեցիներու հովիւներն ու հոգաբարձութեանց դիւանները, քննարկելու համար ժողովներուն առնչուող շարք մը անմիջական հարցեր, ինչպէս նաեւ մեր Թեմը յուզող իրադարձութիւններ։

Ժողովը տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 7։30ին, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էր նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեան։

Առաջնորդ Սրբազանին բացման աղօթքէն ու ողջոյնի խօսքէն ետք, ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեան եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեան։ Տիկին Պօղոսեան այնուհետեւ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց անդամական ժողովներուն հեզասահ ու ըստ մեր Թեմի կանոններուն իրականացման մասին կարգ մը թելադրանքներ ու ցուցմունքներ, վեր առնելով ծխական շրջաններու անդամներու մասնակցութեան ու մեր աշխատանքի դաշտերուն մէջ երիտասարդներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը։ Այս առաջադրանքներուն մասին տեղի ունեցաւ շինիչ քննարկում. անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ անդամական ժողովներէն ետք եւս, երբ հոգաբարձական կազմերը ունենան նոր անդամներ, կազմակերպուին նման հանդիպումներ, որպէսզի ընտրեալ նոր անդամները անհրաժեշտ լուսաբանութիւնները ստանան իրենց առաքելութեան կիրարկման համար։

Ժողովը նաեւ խորհրդակցութեան նիւթ դարձուց Թեմիս անդորրութիւնը խանգարող ծանօթ զարգացումները եւ անհիմն լուրերու ու ապատեղեկատուութեան տարածումը, որոնց մասին աւելի քան շաբաթ մը առաջ Ազգ. Առաջնորդարանը հրատարակած էր հաղորդագրութիւն մը։ Առաջնորդ Սրբազանը, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան ու Թեմիս Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները յաւելեալ լուսաբանութիւններ տուին իրադրութեանց մասին։ Ներկաները գոհունակութեամբ եւ բաւարարութեամբ ընկալեցին բացատրութիւնները եւ իբրեւ Թեմին նուիրեալներ՝ վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը՝ Թեմի եկեղեցական, ազգային ու կրթական կառոյցներուն շահերը ամէն բանէ գերադաս նկատելով։ Ժողովականները նաեւ շեշտեցին, որ մեր կառոյցները վեր են անհատական նախասիրութիւններէ, եւ անհրաժեշտ է հետամուտ ըլլալ ընկալեալ կարգերուն ու աւանդութեանց պահպանման։

Խորհրդակցական հանդիպումը վերջ գտաւ ժամը 9։15ին, Առաջնորդ Սրբազանին աղօթքով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022