Ի Տէր Հանգեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Բ. Արք. Մութաֆեան – «Տէր Ողորմեա»ի Աղօթք Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Խոր ցաւով տեղեկացանք, որ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան հոգին աւանդեց Ուրբաթ, 8 Մարտ 2019-ին։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իմանալով գոյժը, հեռագիր մը յղեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ. Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ միաբանութեան՝ խորազգաց ցաւակցութիւն յայտնելով Սրբազանին, միաբանութեան, Կրօնական Ժողովին եւ Թուրքիոյ համայն հայութեան։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, իր կարգին, յանուն Թեմիս Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան՝ ցաւակցական գիր մը յղեց Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան եւ Թուրքիոյ Հայ համայնքին, վեր առնելով վախճանեալ Պատրիարքին եկեղեցանուէր ու ազգօգուտ ծառայութիւնները։

Այս տխուր առիթով, եւ Առաջնորդ Սրբազանին տնօրինումով, Կիրակի, 10 Մարտին, մեր Թեմի բոլոր եկեցիներուն մէջ յընթացս Ս. Պատարագի «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք պիտի բարձրացուի հոգելոյս Պատրիարքին հոգիին խաղաղութեան համար։ Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը ներկայ ըլլալու արարողութեան եւ յարգանքով խոնարհելու մեծանուն հոգեւորականին յիշատակին առջեւ։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022