“Թող ձեր Հայաստան այցելութիւնը առիթը ըլլայ մեր նահատակներուն, եկեղեցւոյ ու հայութեան ուխտը վերանորոգելու. հաղորդուեցէք Ս. Էջմիածինի, Սարդարապատի, Ծիծեռնակաբերդի եւ Օշականի պատգամներուն հետ եւ թող հայրենի ձեր եղբայրներն ու քոյրերը, մեր ժողովուրդը եւս հպարտ զգայ ձեզմով”, յայտարարեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալելով Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Երկրդ. Վարժարանի 11րդ դասարանի աշակերտները, որոնք Հայաստան ուղեւորութենէ առաջ, Հինգշաբթի, 30 Ապրիլ 2015ի առաւօտուն, ուխտի եկած էին Ազգային Առաջնորդարան եւ մտերմիկ պահ մը բոլորեցին Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւոր հայրերու հետ:
Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան համար, Ազգ. Առաջնորդարանը տարեկան ուխտագնացութեան ժամադրավայր է. այս այցելութիւնը, սակայն, յատուկ իմաստ զգեցաւ, որովհետեւ կը զուգադիպէր նաեւ Ապրիլեան օրերուն, երբ մեր ժողովուրդը աշխարհով մէկ կը յիշատակէ Ցեղասպանութեան 100ամեակը եւ կը վերանորոգէ ազգային պահանջատիրութեան կամքը: Աշակերտներուն պատրաստած յայտագիրն ալ ընդհանրապէս արտացոլացումն էր այդ կամքին:
Իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարան ժամանեցին ժամը 10:30ին եւ “Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն” մատրան մէջ ունեցան աղօթքի պահ մը: Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան: Այնուհետեւ, անոնք առաջնորդուեցան “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահ, ուր ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը եւ լսեցին Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը: Յայտագիրը կազմուած էր սրտի խօսքէ, ազգային եւ ժողովրդային երգերէ, ասմունքներէ եւ երաժշտական մատուցումներէ:
Աշակերտութեան կողմէ բացման խօսքը արտասանեց Նարեկ Քուչերեան, որ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին ոգեկոչման իրադարձութեանց եւ հաստատեց, որ մեր Դատը տակաւին իր վախճանին չէ հասած, աշակերտները պարտք կը զգան մասնակից ըլլալու անոր հետապնդման: Ան Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը խնդրեց Հայաստան ուխտագնացութեան նախօրեակին:
Հանդիսավարութիւնը կատարեց Սեւակ Ինճէեան, որ յաջորդաբար իր ընկերները հրաւիրեց նուագելու, ասմունքելու եւ երգելու: Այնուհետեւ, վարժարանի դաստիարակներէն Տիկին Թամար Թիւֆէնքճեան-Սերայտարեան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի իր պատգամը ուղղէ 15 օր ետք Հայաստան ուխտի գացող 61 աշակերտներուն:
Առաջնորդ Սրբազանը, ողջունելով աշակերտներուն ներկայութիւնը, գոհունակութիւն եւ գնահատանք արտայայտեց անոնց ներկայացումին եւ ուխտապահութեան համար, որ հպարտութեան առիթ է իրենց ու մեզի համար: Ակնարկելով Պարոյր Սեւակի “Քիչ ենք բայց հայ ենք” բանաստեղծութեան աշակերտներու ասմունքին, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ անցեալ շաբաթ, Ապրիլ 24ի օրերուն, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի գաղութներ՝ հայութիւնը աշխարհին ուշադրութիւնը գրաւեց “Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ” նշանախօսքով, որուն հաւատարիմ են նաեւ նոր սերունդը, մեր աշակերտները: Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ աշակերտներուն Հայաստան այցելութիւնն ու պատմական ուխտավայրերու հետ հաղորդակցութիւնը անոնց մէջ ամրապնդէ մեր եկեղեցւոյ, հայութեան եւ ժողովուրդին պատկանելիութեան զգացումը եւ վերադառնան աւելի՛ հայացած, հպարտութեամբ տոգորուած: Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ օր մը առաջ, Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ դատական քայլեր ծայր առին, պահանջելու համար Ցեղասպանութեան հետեւանքով տարագիր դարձած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սիսի Կաթողիկոսարանին կալուածները:
“Պիտի մնանք արթուն ու պահանջատէր. մեր արթնութիւնը, մեր պահանջատիրութիւնն ու ապագան մեծ չափով կապուած են ձեր արթնութեան, պահանջատէրի ձեր կամքին եւ ձեր ապագային”, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Հանդիպումը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին “Պահպանիչ” աղօթքով, ապա բոլորը երգեցին “Կիլիկիա”ն եւ Հայաստանի Քայլերգը: Խմբային լուսանկարէ մը ետք, աշակերտները խումբ-խումբ այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարանի բաժանմունքները եւ ծանօթացան “Ազգի Տան” յարկին տակ տրուող աշխատանքներու: Մեկնելէ առաջ, աշակերտները նուէր ստացան Ուիլիըմ Սարոյեանի պատմական խօսքով պատրաստուած որմազդէն օրինակներ: