Ուաշինկթըն Ուղեւորութեան Նախօրեակին Ազգ. Փիլիպոս Վարժարանի 8-րդ Կարգի Աշակերտները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Պահպանելով տարիներու բարի աւանդութիւնը, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի 8-րդ կարգի աշակերտները, Ուաշինկթըն այցելութեան նախօրեակին, Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2018-ի կէսօրին այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան, ստանալու համար Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնը եւ լսելու անոր պատգամը։ Անոնք ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ նուիրուած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին։

Աւելի քան 55 աշակերտներ Ազգ. Առաջնորդարան ժամանեցին ընկերակցութեամբ հայերէնի դաստիարակներու՝ Տիար Գէորգ Սարգիսեանի եւ Տիկնայք Սօնա Մատարեանի ու Անահիտ Ներսէսեանի։ Անոնք առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռը, ուր ունեցան աղօթքի պահ մը։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Տէրունական աղօթքէ ետք, հոգեւոր հայրերը երգեցին Արեւագալի շարական մը։

Գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացուեցաւ «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ։ Աշակերտներուն անունով խօսք մը արտասանեց Սաթիկ Սէրայտարեան, որ նշեց, թէ այս այցելութեան հիմնական նպատակն է ստանալ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնն ու լսել պատգամը, որ զիրենք պիտի թրծէ մեր աղօթքներու բարոյական արժէքներով։ Ան հաստատեց, թէ կը գիտակցին Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի խորհուրդին, հաղորդակից են անկախութիւնը կերտող սերունդի արժէքին ու աւանդին, եկած են նորոգելու անոնց հաւատարմութեան ուխտը եւ անկախութիւնը կերտող սերունդին քայլերուն հետեւորդը ըլլալու կամքը, այդ հաւատքով լծուելու հայրենիքին, ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայութեան։

Հանդիսավարութիւնը կատարեց Անի Թովմասեան։ Ան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց ընկերները, որոնք արտասանեցին առանձնաբար կամ խմբովին, երգեցին ու նուագեցին. ընտրուած կտորները մեծ մասամբ հայրենասիրական գործեր էին, համեմուած՝ ժողովրդական երաժշտութեամբ։

Յայտագիրի աւարտին, Տիկին Ս. Մատարեան յայտնեց, թէ աշակերտները երկու շաբաթէ ի վեր խանդավառութեամբ կը պատրաստուէին այս այցելութեան ու ներկայացուած յայտագիրը հայելին է իրենց առօրեային եւ հայրենասիրական-հայաշունչ ապրումներու։ Ան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի ուղղէ իր պատգամը։

Առաջնորդ Սրբազանը ուրախութիւն յայտնեց աշակերտներուն այցելութեան համար, հպարտանք՝ ներկայացուած յայտագիրին, ողջունեց եւ օրհնեց տնօրէնութիւնն ու դաստիարակները, որոնց հոգածութիւնը կը վայելեն աշակերտները եւ որոնց ծնողները, գիտակցելով Հայ Դպրոցի առաքելութեան, իրենց հոգեհատորները վստահած են անոր յարկին։ Խօսքը յատկապէս աշակերտներուն ուղղելով, ան շեշտեց, որ Հայ Դպրոցի յարկին տակ աճելով՝ անոնք տարուէ տարի աւելի եւս կը սպառազինուին մարդկային, քրիստոնէական ու հայկական արժէքներով, պաշտպանուելու համար արտաքին՝ օտար եւ անբաղձալի ազդեցութիւններու դէմ, իսկ այսօր, կը խոստանան նաեւ վերանորոգել մեր աւանդներուն հաւատարմութեան ուխտը։ Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ Հայաստանի անկախութիւնը կերտողները իրենց կարգին հաւատարիմ էին անցեալէն եկող ժառանգութեանց ու ազգային արժէքներու պահպանումի ուխտին, իսկ աշակերտներուն ու ընկերներուն ազնիւ պարտականութիւնն է շարունակել նոյն աւանդութիւնները։

Խօսելով աշակերտներուն Ուաշինկթըն մօտալուտ այցելութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց զանոնք, որ հոն իրազեկ դառնան, թէ այս երկիրը կ’ապրի կարգ ու կանոնով եւ օրէնքներով, որոնք կը նմանին անսասանելի պատգամներու, նման կարգ ու կանոն կը տիրէ նաեւ մեր դպրոցներուն ու հաւաքական կեանքին մէջ, ու աշակերտները պարտին յարգել այդ բոլորը, վերադարձին՝ աւելի լաւ ըմբռնեն օրէնքին ու Հայ Դպրոցին արժէքը, որպէսզի անոնցմով տոգորուած՝ ապագային դառնան մեր ժողովուրդի առաջնորդներն ու ղեկավարները։ Ան մաղթեց, որ աշակերտները նաեւ Ուաշինկթընի մէջ, Ծաղկազարդի օրը առիթ ունենան ըլլալու քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ յարկին տակ, իսկ աւելի ուշ, իրենց հոգիները հարստացնեն Աւագ Շաբթուան ու Քրիստոսի Ս. Յարութեան պատգամներով ու խորհուրդներով, վերանորոգեն եկեղեցւոյ, դպրոցին, ազգին ու ծնողներուն աւանդներուն պահապան ըլլալու ուխտը։

Հանդիպումը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան աղօթքով։ Բոլորը միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա»ն ու «Մեր Հայրենիք»ը։ Մեկնելէ առաջ, անոնք ծանօթացան Ազգ. Առաջնորդարանի կարգ մը բաժանմունքներուն եւ նուէր ստացան Ազգ. Առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն՝ «Աստուծոյ Խօսքը» աղօթագիրքէն օրինակներ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022