Ուաշինկթըն Ուղեւորութեան Նախօրեակին Ազգ. Փիլիպոս Վարժարանի 8-րդ Կարգի Աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարան Այցելեցին


Դէպի Ուաշինկթըն իրենց ճամբորդութեան նախօրեակին, Ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի 8րդ կարգի աշակերտները Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2017ի առաւօտուն, ընկերակցութեամբ իրենց դաստիարակներուն՝ Պրն. Գէորգ Սարգիսեանի, Տիկ. Սօնա Մատարեանի, Տիկ. Նելլի Սարգսեանի եւ Բարշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեանի, այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, եւ իրենց երգով, ասմունքներով, նուագներով ու Աշակերտական Ուխտը արտասանելով՝ վերանորոգեցին մեր եկեղեցւոյ, մայրենիին ու դարաւոր հայ մշակոյթին հանդէպ հաւատարմութեան ուխտը:

Ազգ. Առաջնորդարան ժամանումին, աշակերտները առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր աղօթքի պահ մը ունեցան Առաջնորդ Սրբազանին հետ, որուն կողքին էին Հոգշ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան ու Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան։ Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Առաջնորդարանի մատուռը նուիրուած է հայ ընտանիքին եւ այսօր, հայ աշակերտները կը գտնուին իրենց սեփական տան մէջ եւ կը վայելեն այս ջերմ օճախին քաղցրութիւնը։ Ան բացատրեց, որ մատրան մէջ զետեղուած սրբապատկերները կը ներկայացնեն մեր ազգային ու քրիստոնէական հաւատքին հիմերը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչն ու Ս. Տրդատ Թագաւորին ընտանիքը, Ս. Սահակ Հայրապետն ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը, եւ անոնց հիմնական ժառանգութեանց պահպանման համար մղուած Աւարայրի ճակատամարտին հերոսները:

Այնուհետեւ, աշակերտներն ու ուսուցիչները անցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ուր ներկայացուցին իրենց պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը: Հանդիսավարութիւնը կատարեցին Գէորգ Պալեան եւ Նաթալի Սահակեան: Անոնք յայտնեցին, որ Ազգ. Առաջնորդարան եկած են ստանալու Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը եւ միաժամանակ վերանորոգելու մեր եկեղեցւոյ ու ազգի պատկանելիութեան ու հաւատարմութեան ուխտը, խոստանալով ըլլալ արժանաւոր ժառանգորդները մեր նախնիներուն, սիրել ու խօսիլ հայերէն, ծառայել եկեղեցւոյ ու ազգին, նաեւ ըլլալ ամերիկացի լաւ քաղաքացիներ: Անոնք քաջառողջութիւն եւ կորով մաղթեցին Առաջնորդ Սրբազանին:

Յայտագիրը կազմուած էր խմբային արտասանութիւններէ, մեներգէ եւ դաշնակի ու կիթառի վրայ երաժշտական մատուցումներէ: Յայտագիրը վերջ գտաւ Աշակերտական Ուխտի արտասանութեամբ: Տիկին Սօնա Մատարեան յայտնեց, որ աշակերտները քանի մը շաբաթէ ի վեր կ’աշխատէին այս յայտագիրին պատրաստութեան համար եւ իրենց մատուցումները հաւաստիք են, թէ հաւատարիմ պիտի մնան հայկական հոգեւոր ու ազգային ժառանգութեանց: Ան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը ուղղելու իր պատգամը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց աշակերտներն ու դաստիարակները, եւ յիշեցնելով աշակերտական ուխտին կարգ մը բաժինները, շեշտեց Հայերէն խօսելու անհրաժեշտութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ. «Հայերէնը Սրբութիւն է։ Երբ մենք Հայերէն խօսինք, մեր նախահայրերը կը ցնծան եւ կը հպարտանան մեզմով», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ հիւր աշակերտները կոչեց «ՈՒԽՏԱՊԱՀ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ»: Ան երեք հիմնական գաղափարներ վեր առաւ աշակերտական ուխտէն եւ ընդգծեց. «Պիտի սիրենք մեր Եկեղեցին ու Հայրենիքը, միշտ պիտի խօսինք Հայերէն եւ հպարտ պիտի ըլլանք որ ՀԱՅ ենք»։ Շարունակելով իր խօսքը, ան գոհունակութիւն արտայայտեց, որ աշակերտները ամէն օր աշակերտական ուխտը արտասանելով՝ կը խոստանան հաւատարիմ ըլլալ եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու մայրենիին, կը խոստանան ըլլալ ծնողներուն լաւ զաւակները, դաստիարակներուն լաւ աշակերտները եւ վարել կարգապահ կեանք: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ դաստիարակներուն նուիրումին ու զոհաբերութեանց մասին, ապա նաեւ նշեց, որ այս շաբաթավերջին, մեր եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ մուտքը. հարցումներ ուղղելով աշակերտներուն, ան անդրադարձաւ Լուսաւորիչ Հայրապետի հաւատքի առաքելութեան ու բացած ուղիին, որուն հետեւած են մեր սրբազան հայրերն ու մեր ազգի հերոսները։ Ան յիշեցուց, որ հայրենիքին ու մայրենիին հաւատարմութեան պատգամները բերող մեր բանաստեղծներուն ու գրողներուն յորդորները պէտք է կենսաւորուին աշակերտներուն կեանքին մէջ, ուխտին վերանորոգումը պէտք է ըլլայ տրուած խոստումին կիրարկումը իրենց առօրեային մէջ:

Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ նաեւ Մեծ Պահքի խորհուրդներուն մասին, շեշտելով, որ Ս. Յարութեան տօնը կանխող քառասնօրեայ շրջանը մարմնական ու հոգեկան վերանորոգութեան առիթ է, կը թելադրէ որոշ զրկանքներ յանձն առնել, սակայն նաեւ հեռու մնալ ժխտական բարքերէ ու անհաճոյ վարմունքէ: Ան մաղթեց, որ Ուաշինկթըն այցելութեան օրերուն, աշակերտները առիթ ստեղծեն Ծաղկազարդի տօնին օրը ըլլալու քաղաքին մեր եկեղեցւոյ յարկին տակ:

Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը այս այցելութիւնը հոգեկան ցնծութեան առիթ որակեց, որ կը վերանորոգէ զինք, կը վերյիշեցնէ աշակերտական օրերն ու իր կատարած ուխտը, իր կարգին վերանորոգելու զայն: Ան օրհնեց աշակերտներն ու դաստիարակները, ողջոյններ փոխանցեց վարժարանի տնօրէնուհիին ու դաստիարակներուն, յորդորեց հաստատ մնալ ուխտին մէջ, ու բարի երթ մաղթեց դէպի Ուաշինկթըն ճամբորդութեան համար:

Պատգամէն ետք, Սրբազան Հայրը մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ աշակերտներուն հետ. արծարծուեցաւ պահեցողութեան կարեւորութիւնը։ Աշակերտները պահեցողութեան մասին իրենց գիտելիքները արտայայտելով՝ արժանացան Սրբազան Հօր գնահատանքին ու քաջալերանքին։

Հանդիպումը վերջ գտաւ «Պահպանիչ» աղօթքով, «Կիլիկիա» ու «Մեր Հայրենիք» խմբերգներով։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազանին հետ ունեցան խմբանկարներ ու վայելեցին հիւրասիրութիւն մը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022