Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Արեւագալի Արարողութեան


Չորեքշաբթի, 29 Մարտ 2017ի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Արեւագալի արարողութեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան ու Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ սարկաւագաց դասը։

Արարողութեան ներկայ էին Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Վարժարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները, ընկերակցութեամբ տնօրէնուհիին՝ Դոկտ. Ալինէ Դուրեանի եւ դաստիարակներու։

Արարողութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքի հաւաքական կատարումով։

Իր պատգամէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ աշակերտներուն հետ, եւ յորդորեց զանոնք Մեծ Պահոց այս շրջանին թափանցելու իրենց ներաշխարհին մէջ, աճելու համար Աստուծոյ սիրով, խաղաղութեամբ ու շնորհքով։ Իր պատգամին մէջ, ան վեր առնելով Մեծ Պահքի խորհուրդը՝ ընդգծեց, որ կը գտնուինք պահեցողութեան շրջանին մէջ, այս շրջանը լաւագոյն առիթն է մեզմէ վանելու ամէն տեսակի վատ խորհուրդներ, մտածումներ, ժխտական մօտեցումներ ու տրամադրութիւններ, եւ համակուելու Աստուծոյ սիրով՝ սիրելով մեր նմանները։

«Մեծ Պահքը պէտք չէ միայն սահմանափակուի ինքնազրկումի եւ որոշ ուտելիքներէ հեռու մնալու գաղափարով, այլ անոր կիզակէտը պէտք է ըլլայ ինքնաքննութիւնը, ինքնաքննարկումը, ինքնասրբագրումը եւ հոգեկան վերանորոգումը», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

«Երբ Մեծ Պահքը կը մօտենայ աւարտին, պէտք է վերստին քննենք մենք մեզ, Աստուծոյ դիմենք զղջումով, որպէսզի մաքուր սիրտով ու հոգիով դիմաւորենք Յիսուսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը, որ կեանքին յաղթանակն է ընդդէմ մահուան», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022