Հայաստան Ուղեւորութենէն Առաջ Ազգ. Փիլիպոս Վարժարանի 11-րդ Կարգի Աշակերտները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան


Դէպի Հայաստան մայիսեան իրենց ուխտագնացութենէն առաջ, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Երկրդ. Վարժարանի 11-րդ կարգի աշակերտները Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն ուխտի եկան Ազգային Առաջնորդարան, ստանալու համար Առաջնորդ Սրբազանին՝ Բարձր.
buy strattera online www.parkviewortho.com/wp-content/languages/new/prescription/strattera.html no prescription

Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնը եւ ներկայացուցին Ապրիլ ամսուան թելադրականութեամբ գեղարուեստական յայտագիր մը, իբրեւ գործնական վկայութիւն մեր Դատին հաւատարմութեան ուխտին։

Աւելի քան 60 աշակերտներ Ազգ. Առաջնորդարան ժամանեցին ընկերակցութեամբ իրենց դաստիարակներուն։ Անոնք հագած էին «Our wounds are still open» արձանագրութեամբ շապիկներ, իբրեւ արտայայտութիւն՝ հայ աշակերտին պահանջատիրութեան…։ Առաջնորդ Սրբազանը, կողքին ունենալով Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանն ու Հոգշ.
buy doxycycline online www.parkviewortho.com/wp-content/languages/new/prescription/doxycycline.html no prescription

Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանը, աշակերտները դիմաւորեց «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ. տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ մը՝ Ս. Յարութեան տօնին յատուկ շարականներով։ Այնուհետեւ, աշակերտներն ու դաստիարակները անցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ուր Առաջնորդ Սրբազանին ու հոգեւոր հայրերուն ներկայութեան բեմ հանեցին կոկիկ եւ խնամուած յայտագիր մը։

Հանդիսավարները՝ Մեղրի Մարսէլեան եւ Ժան Քիւրքճեան, իրենց դասընկերները բեմ հրաւիրելէ առաջ խօսք առնելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեցին այս ընդունելութեան համար, անդրադարձան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ Հայ եկեղեցւոյ դերին եւ հաստատեցին, որ պատրաստ են միանալու մեր Դատի պայքարին, իսկ Հայաստան իրենց ուղեւորութիւնը առիթ պիտի ըլլայ սեփական աչքերով տեսնելու այն՝ ինչ որ սորված են դասագիրքերէն, նաեւ կենսագործելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի վերանորոգումի պատգամը, վերանորոգելով իրենց յանձնառութիւնը հայրենիքին ու ազգային արժէքներու տիրութեան։

Գեղարուսետական յայտագիրը կազմուած էր դաշնակի վրայ երաժշտական կտորներէ, մեներգէ, անհատական ու խմբային արտասանութիւններէ։ Պայոյր Սեւակէն, Սիլվա Կապուտիկեանէն ու Ժագ Ս. Յակոբեանէն ընտրեալ կտորներու արտասանութիւնները համահունչ էին Ապրիլ 24ի պահանջատիրական ու ազգային արժէքներու հաւատարմութեան զգացումներուն։ Աւարտին, դաստիարակներէն Տիար Գէորգ Սարգիսեան յայտնեց, թէ այս օրերուն, ու մինչեւ Ապրիլ 26, վարժարանին մէջ յատուկ մթնոլորտ կը տիրէ, իբրեւ առանցք ունենալով մեր սուրբ նահատակներուն հանդէպ յարգանքն ու Հայ Դատը։ Ան նշեց որ աշակերտներուն համար կարեւոր է որ նախքան Հայաստան ուղեւորութիւնը Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանան, եւ հրաւիրեց զինք որպէսզի ուղղէ իր պատգամը։

Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին բարձր գնահատեց աշակերտներուն տպաւորիչ մատուցումները, հրաւիրելով աշակերտները, որպէսզի ծափահարեն իրենց ուսուցիչները։ Ան նկատեց, որ ներկայացուցած յայտագիրը հարազատ մէկ արտայայտութիւնն էր ապրիլեան այս օրերուն, որոնք մեզի կը թելադրեն վերանորոգում եւ դէպի յաղթանակ երթի վերաժխուժացում, ինչպէս որ քանի մը օր առաջ, Ս. Յարութեան տօնը մեզի յիշեցում կատարեց մահուան ու սադրանքներու վրայ Յիսուսի յաղթանակին, դժուարութեանց դիմաց մեր Տիրոջ տոկալու եւ համբերելու արժանիքներուն, որոնք իբրեւ գործնական թելադրանք ուղղուած են նաեւ աշակերտներուն։ Ան նշեց, որ մենք ալ մեծ ճիգ ունինք ընելիք, ի խնդիր մեր դատի յաղթանակին, որ պիտի իրականանայ համբերութեամբ ու հետեւողականութեամբ։ Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտները յորդորեց հետեւելու Յիսուսի սիրոյ պատգամին ու փառք տալու, որ ունին նուիրաբերող ծնողներ, գուրգուրացող դաստիարակներ, ու տակաւին, Հայաստան այցելութեան օրերուն՝ հաղորդակից պիտի ըլլան Ս. Էջմիածինի, Ծիծեռնակաբերդի, Սարդարապատի, Օշականի, Արցախի ու այլ նուիրական վայրերէ բխող պատգամներուն, որոնք մեզի հասած են մեր սրբազան հայրերէն ու հերոսներէն։ Ան թելադրեց, որ Հայաստան այցելութեան օրերուն, աշակերտները ցուցաբերեն կիրթ ու կարգապահ կեցուածք, ցոյց տան, որ Միացեալ Նահանգներու այս ափերուն իրենք հաղորդ են հայրենիքին ու աւանդներուն։ Մեր սպասումն է, որ Հայաստանը գործնական վերանորոգումի ներգործութիւն ունենայ աշակերտներուն վրայ, հասկնան՝ որ իրենք հարազատ զաւակներն են հայ ազգի ու անոր ազգային եկեղեցւոյն։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց, որ աշակերտները լիարժէքօրէն մասնակից ըլլան յառաջիկայ օրերու ապրիլեան ցոյցերուն եւ պահանջատիրական ձեռնարկներուն, առանց մոռնալու, որ Արցախի մէջ, տարի մը առաջ ազերիական անարգ յարձակումին դիմադրող մեր քաջարի զինուորները այսօր ալ, Վարդան Մամիկոնեանի ոգիով կը շարունակեն պաշտպանել մեր հայրենի հողը եւ վճռած են չնահանջել։ Ան մաղթեց, որ Հայաստանէն վերանորոգ հոգիով եւ ուխտով վերադարձող աշակերտները կարենան իրենց ստացած աւանդները փոխանցել յաջորդ սերունդներուն, միանան հայութեան արդարատենչ երթին, որ պիտի շարունակուի մինչեւ յաղթանակ։

Առաջնորդ Սրբազանը «Պահպանիչ»ով օրհնեց աշակերտները, որոնք միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա»ն։

Յայտագիրին աւարտէն ետք, աշակերտներն ու դաստիարակները համախմբուեցան Ազգ. Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կանգնած յուշակոթողին առջեւ։ Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմի անդամներէն Քրիստափոր Սրկ. Միքայէլեան հակիրճ խօսք մը ուղղեց աշակերտներուն, վեր առնելով մեր նորագոյն պատմութեան մէջ Ցեղասպանութեան 50-ամեակին ու 100-ամեակին ներգործութիւնը, լուսաբանութիւն տուաւ յուշակոթողին վրայ պատկերուած՝ Պիքֆայայի եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձաններուն մասին եւ վստահութիւն յայտնեց, որ աշակերտները գործօն մասնակցութիւն բերեն մեր Դատին աշխատանքներուն։

Ազգ. Առաջնորդարանին հրաժեշտ տալէ առաջ, աշակերտները, խումբերու բաժնուած, շրջապտոյտ մը կատարեցին կառոյցին բաժիններուն մէջ ու ծանօթացան Ազգի Տան յարկին տակ տարուող աշխատանքներուն։ Անոնք նաեւ խաչեր ստացան իբրեւ յուշանուէր։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022