Հայրապետական Մաղթանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան եւ Օծման 25-րդ Տարեդարձին Առիթով

Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 25-րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 28 Յունիս 2020-ին, Հայրապետական Մաղթանք պիտի կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ գործող բոլոր Թեմերէն ներս, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան մեր Թեմէն ներս։ Նորին Սրբութեան ընտրութիւնը տեղի ունեցած է 28 Յունիս 1995-ին, իսկ օծումը՝ 1 Յուլիսին։

Այս աոթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որու ընթացքին պիտի հանդիսապետէ Հայրապետական Մաղթանքի արարողութեան, մասնակցութեամբ Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Կրօնական ժողովի ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի եւ քահանայ հայրերուն, եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։

Յանուն Թեմիս մէջ ծառայող միաբաններուն, Հոգեւորականաց Դասուն, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին, Կրօնական եւ Ազգ. Վարչութեան ժողովներուն եւ մեր Թեմի հաւատաւոր ժողովուրդին, Առաջնորդ Սրբազանը իր մաղթանքներու կողքին իր նամակին մէջ նշած էր. «25 տարիներ առաջ, 28 Յունիսին, նոյն օրը, Աստուծոյ կամքով եւ մեր ժողովուրդի զաւակներու վստահութեան քուէով ընտրուեցաք Կիլիկեան դարաւոր Ս. Աթոռի արժանընտիր Գահակալ, իսկ 1 Յուլիսին, կաթողիկոսական կարգ եւ օծում ստացաք՝ վերանորոգելով Ձեր ուխտը եւ յանձն առնելով շարունակել ծառայել Աստուծոյ, Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին՝ Հայրապետական առաջին Ձեր պատգամին ընդմէջէն անգամ մը եւս խնդրելով. »Տէ՜ր, ցոյց ինձ ճանապարհ յոր եւ գնացից«։ Իր նամակը եզրակացուցած էր՝ ըսելով. »Յարատեւ ներշնչեցիք մեզ Ձեր եռանդով, գործունէութեամբ եւ հայրական խրատներով՝ շարունակ յիշեցնելով, որ մեր առաքելութիւնը ծառայութի՛ւնն է եւ Անթիլիասը՝ հաւատքի առաքելութիւն»։

Կը շնորհաւորենք Վեհափառ Հայրապետը, մաղթելով արեւշատութիւն, անսպառ կորով եւ ընդերկար գահակալութիւն՝ ի պայծառութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ մեր ժողովուրդին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022