Որմազդի Մրցումի Ժամկէտը Կ’երկարաձգուի Մինչեւ 25 Մարտ 2018

Հայախօսութիւնը խրախուսելու նպատակով, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հայերէնի Վերաշխուժացման Մարմինը (ՀՎՄ), ընդարձակ քննարկումներէ եւ ուսումնասիրութիւններէ ետք, կազմած է մասնագիտական համապարփակ ծրագիր մը, որ ունի կարճ եւ երկար ժամկէտերով թիրախներ:

Ծրագիրներուն շարքին, Մարմինը որոշած է կազմակերպել որմազդի (poster) մրցում մը, նպատակ ունենալով նոր սերունդը քաջալերել հայերէն խօսելու։

Մրցումին կրնան մասնակցիլ երկրորդական վարժարանի աշակերտներ եւ համալսարանի ուսանողներ:

Նախագիծերու յանձնումի ժամկէտ ճշդուած է 25 Մարտ 2018-ը:

Ստացուած որմազդերը կը քննարկուին յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ։
Առաջին եւ երկրորդ հանդիսացողները կը ստանան պատշաճ պարգեւներ։

Մրցումին պայմաններուն եւ մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար կարելի է դիմել http://ArmenianLanguageVitality.org/Poster կայքէջին:

Հայերէնի Վերաշխուժացման Մարմին
ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022