Ի լուր Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական անարգ ոճիրին, որ խլեց մօտ 60 զոհ ու աւելի քան 500 վիրաւորներ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Երկուշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2017-ին, ցաւակցագիր մը յղեց Նեւատա Նահանգի նահանգապետ Պրայըն Սանտովալին եւ Լաս Վեկասի քաղաքապետ Քարոլին Կուտմընին։
«Մեծ վիշտով ու տխրութեամբ լեցուած են մեր սիրտերը ի լուր Լաս Վեկասի մէջ զոհուած ու վիրաւորուած անմեղ հոգիներուն, որոնք պարզապէս հաւաքուած էին հաճելի ժամանցի համար։ Յանուն Արեւմտեան Թեմի մեծ ընտանիքին, խորապէս կը ցաւակցինք այս ողբերգական ու անողոք ոճիրին համար, որ ցնցեց ամբողջ Նահանգն ու ողջ մարդկութիւնը։ Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք ձեզի, աղօթելով առ ամենողորմ Աստուած, որպէսզի խաղաղութիւն, բարութիւն ու բարի կամեցողութիւն հաստատէ երկրիս վրայ։»
Առ այս, Կիրակի, 8 Հոկտեմբերին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք պիտի բարձրացուի զոհերուն յաւիտենական հանգիստին եւ անոնց հարազատներուն վիշտերու ամոքման համար։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։