Լիբանանի Զոհերուն ու Վիրաւորներուն եւ Երկրի Վերականգնումին Համար Յատուկ Աղօթք՝ Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. Եւ Անմահ Պատարագի, «Տէր Ողորմեա»ի յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած՝ Պէյրութի մէջ պայթումներուն հետեւանքով վիրաւորներու բժշկութեան, ժողովուրդի եւ Լիբանանի ապահովութեան ու բարօրութեան համար, ինչպէս նաեւ հոգեհանգիստ՝ աղէտի զոհերու հոգիներուն համար։

Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ան նախ նշեց, թէ այս Կիրակի Ս. Աստուածածնի Վերափոխման բարեկենդանն է։ Տօն մը, որ մեզ կը հրաւիրէ առաւել եւս աղօթելու եւ խնդրելու Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինէն, որպէսզի Ան մեր աղաչանքները իր Որդւոյն եւ մեր Աստուծոյն Յիսուս Քրիստոսին ներկայացնէ։ Ան նաեւ ընդգծեց, որ յառաջիկայ շաբաթ պահոց շաբաթ է եւ մենք բոլորս հրաւիրուած ենք մեր ներաշխարհը մաքրելու, Աստուծոյ ապաւինելու, Իր կամքին համաձայն մեր կեանքը առաջնորդելու եւ աղօթելու, որպէսզի համաճարակը իր դարմանը գտնէ, ինչպէս նաեւ աղերսելու յատկապէս Լիբանանի եւ իր ժողովուրդին ու մասնաւորապէս մեր լիբանանահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար, որպէսզի անոնք իրենց հաւատքին մէջ տոկուն մնան, Աստուծոյ վստահին, չվհատին ու վստահ ըլլան, որ մենք իրենց կարեկից ենք եւ պատրաստ ենք ամէն տեսակի զօրակցութեան ու զոհողութեան։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ օրուան աւետարանական հատուածին մասին, որ քաղուած էր Մարկոս աւետարանիչի 2.1-12 համարներէն, ուր կը ներկայացուի անդամալոյծի բժշկութիւնը, հաւաստիացնելով, որ մեր հաւատքը, աղօթքը, մեր նմաններուն հանդէպ ունեցած զօրակցութեան ու կարեկցութեան ոգին կրնան բարելաւել բոլոր անկեալներու ու կարիքաւորներու կեանքը։ Ան յիշեցուց, թէ անդամալոյծին չորս ընկերները իրենց կարիքաւոր ընկերը պատգարակի վրայ շալկած բժշկութեան համար տանիքէն Քրիստոսի բերին եւ շեշտեց, որ անոնք իրենց հաւատքին մէջ հաստատ էին, վստահ էին ու կը հաւատային, որ Քրիստոս կրնար բժշկել իրենց ընկերը, միայն թէ կարողանային Անոր մօտենալ։

«Այսօր, Լիբանանն ու իր ժողովուրդը անդամալուծուած են։ Այսօր, Լիբանանը, բոլոր ժամանակներէ աւելի, անդամալուծութիւնը բժշկելու համար կարիքը ունի պատգարակ շալկողներու եւ մենք պէտք է ըլլանք այդ պատգարակը շալկողները։ Մեծ աղէտէն անմիջապէս ետք, անկնթարթի մը մէջ զօրակցութեան կանչերը լսուեցան, իսկ վիրաւոր լիբանանցին հասաւ իր եղբօր եւ ընկերոջ։ Երբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Լիբանանահայութեան վերականգնումի համազգային իր կոչը տուաւ, մեր համայնքը անմիջապէս գործնական քայլերու դիմեց։ Աղէտէն ետք, մենք ընդհուպ աղօթք բարձրացուցինք, որպէսզի Աստուած հեռու պահէ Լիբանանը յաւելեալ պատուհասներէ ու փորձանքներէ, խաղաղութեան եւ բարօրութեան վերադարձնէ զայն, ժողովուրդին համբերութիւն ու զօրութիւն տայ, վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում շնորհէ եւ զոհերուն հոգիները խաղաղութեան մէջ հանգչեցնէ, այնպէս ինչպէս այսօր «Տէր ողորմեա»ի պահուն նոյն աղօթքը պիտի բարձրացնենք», շեշտեց ան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ նշեց, թէ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդի կազմակերպութեամբ արդէն իսկ բարեսիրական հանգանակութիւնը սկիզբ առաւ եւ կոչ ուղղեց բոլոր հաւատացեալներուն, որ իրենց նիւթական զօրակցութեամբ աջակցին լիբանանահայ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ ճգնաժամի մէջ գտնուող կրօնական եւ ազգային հաստատութեանց։ «Պատգարակը շալկող չորս անձերուն նման, մեր կարեկցութեամբ, զօրակցութեամբ, սիրով եւ Տիրոջ կամքին ապաւինելով, մենք եւս հրաշքներու ականատեսները պիտի դառնանք։ Լիբանանը երկար տարիներու ընթացքին տագնապներու մէջէն անցաւ, դարձեալ վերականգնեցաւ ու պիտի վերականգնի, այնպէս ինչպէս մեր ժողովուրդը, պայմանաւ սակայն, որ փտածութիւնը Լիբանանի մէջ վերջ գտնէ եւ ժողովուրդի արդար ձայնը լսելի դառնայ։ Սիրելի՛ Լիբանան ու լիբանանահայեր, ապաւինեցէք Աստուծոյ եւ ձեր հաւատքին ու յոյսին մէջ ամուր ու հաստատ մնացէք եւ մեր օժանդակութեամբ ու զօրակցութեամբ պիտի օգնենք ձեզի, որ ձեր կեանքը դարձեալ բարելաւուի», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ աղէտի զոհերու հոգիներուն համար։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022