Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, Կիրակի, 27 Մայիս 2018-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հանրապետական Մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն պիտի կատարուի։ Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան աղօթք պիտի բարձրացուի Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ այլ ճակատամարտներուն ինկած հերոսներուն հոգիներուն համար։

Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, Հանրապետական Մաղթանքի արարողութեան ընթացքին պիտի կատարէ Եռագոյն Դրօշի օրհնութիւնը եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդէն բխող իր պատգամը։

Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ պիտի քարոզէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեանց, լսելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը, աղօթելու Հայաստանի պետականութեան պահպանման ու համայն հայ ժողովուրդի անվտանգութեան համար եւ վերանորոգելու անկախութեան սերունդի կտակին հաւատարմութեան մեր ուխտը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022