Ազգ. Առաջնորդարանի «Լուսաւորիչ» Երգչախումբը Մասնակցեցաւ «Ուղղափառ Փառաբանութեան Օր»ուան Հաւաքին

Շաբաթ, 19 Մայիս 2018-ին, Սանթա Մոնիքայի Ս. Պօղոս եւ Ս. Պետրոս Ղըպտի Ուղղափառ եկեղեցին հիւրընկալեց «Ուղղափառ Փառաբանութեան Օր»ուան 11-րդ տարեկան հաւաքը։ Հիւրընկալ համայնքին կողքին, ներկայ էին Հայ, Մալաբար, Եթովպիոյ, Յոյն, Ուքրանիոյ եւ Սերպիոյ ուղղափառ եկեղեցիներէն ներկայացուցիչներ, որոնք ունեցան աղօթքի եւ միացեալ արարողութիւններու պահ մը։

Առաւօտուն մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որմէ ետք, տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն. մասնակիցները առիթ ունեցան իրարու ծանօթանալու։ Այնուհետեւ, իւրաքանչիւր համայնքի երգչախումբը իր լեզուով ներկայացուց քանի մը շարական։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ, Ազգ. Առաջնորդարանի «Լուսաւորիչ» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի, այս տարի եւս մասնակցեցաւ հաւաքին եւ հնչեցուց հայկական երգեր ու շարականներ։ Երգչախումբի անդամներէն Տիար Գարեգին Քիրազեան առաջին հերթին փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին ողջոյնները, ապա հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ ներկայացուելիք շարականներուն ու երգերուն մասին, նշելով, որ առաջին երգը նուիրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին։ Երգացանկը կը բաղկանար հետեւեալ երգերէն ու շարականներէն. «Ո՜վ հայոց աշխարհ», «Մինչ օրրանէս», «Տէր, ողորմեա՛», «Օրհնեալ է Աստուած»։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022