Ազգ. Առաջնորդարանի “Լուսաւորիչ” Երգչախումբը Մասնակցեցաւ “Ուղղափառ Փառաբանութեան Օր “ուան Հաւաքին


Շաբաթ, 27 Յունիս 2015ին, Սանթա Մոնիքայի Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս Ղըպտի Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ուղղափառ եկեղեցիներու 8-րդ տարեկան միօրեայ հաւաքը։ “Ուղղափառ Փառաբանութեան Օր”ուան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայց. Առաքելական, Ղըպտի, Ասորի, Եթովպիոյ, Հնդիկ, Ռուսիոյ եւ այլ Ուղղափառ եկեղեցիներ։

Առաւօտուն մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն աւարտին, ներկաները ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ Ապա, եկեղեցւոյ կողքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միացեալ ճաշ ու ծանօթացում։ Պաշտօնական յայտագիրին ընթացքին, իւրաքանչիւր եկեղեցի իր լեզուով ներկայացուց իր շարականներէն ու հոգեւոր երգերէն փունջ մը։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Ազգային Առաջնորդարանի “Լուսաւորիչ” երգչախումբի անդամները այս տարի եւս մասնակցութիւն բերին հաւաքին, ղեկավարութեամբ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի։ Երգչախումբը մատուցեց “Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ”ը, “Տէր Ողորմեա”ն եւ “Կիլիկիա”ն:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022