Ս. Ղեւոնդեանց Տօնին Առիթով Հոգեւորականաց Համագումար Ֆրեզնոյի Մէջ


Չորեքշաբթի, 27 եւ Հինգշաբթի, 28 Յունուար 2016ը յիշատակելի եւ իւրայատուկ օրեր եղան Թեմիս բոլոր հոգեւորականներուն, ի մասնաւորի Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին համար:

Նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, եւ մասնակցութեամբ Թեմիս բոլոր հոգեւորական հայրերուն, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տարեկան համագումարը, իսկ երկրորդ օրը առիթ եղաւ յիշատակելի այցելութիւններու:

Հոգեւորականներու Ֆրեզնօ ժամանումէն ետք, տեղի ունեցաւ գոհաբանական եւ փառաբանական ժամերգութիւն մը, որուն ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը ողջոյնի ու յորդորական խօսքեր ուղղեց բոլոր մասնակից հոգեւորականներուն:

Ժամերգութենէն ետք, հոգեւոր հայրերը համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ. ճաշի հիւրասիրութիւնը յանձն առած էր եկեղեցւոյ տիկնանց միութիւնը: Ճաշի աւարտին, հոգեւոր հայրերը համախմբուեցան Կիրակնօրեայ Դպրոցի սրահը, ուր սկիզբ առաւ քահանայից համագումարը:

«ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ» ԲՆԱԲԱՆՈՎ
Հաւաքական աղօթքէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը հոգեւորականի առաքելութեան ու մանաւանդ ծառայութեան քաղցր լուծին մասին խօսելով՝ յայտնեց, թէ համագումարին ընդհանուր խորագիրն է «2016ը՝ Ծառայութեան Տարի», մեկնելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամէն:

Ժողովը ընտրեց իր դիւանը. ատենապետ ընտրուեցաւ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, իսկ ատենադպիրներ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան եւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան:

Հայր Միւռոն արտասանեց բացման խօսքը եւ ողջունեց ներկաները, ապա ժողովը անցաւ օրակարգի գործադրութեան:

Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան զեկուցական դասախօսութիւն մը տուաւ «Կիլիկիա» թանգարանի հարստութեանց եւ պատմութեան մասին, պաստառի վրայ ցուցադրելով լուսանկարներ, աւարտին՝ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի «Ծառայութեան Տարի» պատգամէն բաժիններ եւ կանգ առաւ կարգ մը հիմնական գաղափարներու վրայ: Ներկայացման ընթացքին եւ աւարտին, տեղի ունեցան խորհրդածութիւններ՝ ծառայութեան եւ կարգ մը մարտահրաւէրներու մասին:

Կարճ դադարէ մը ետք, Առաջնորդ Սրբազանին թելադրութեամբ, հոգեւոր հայրերը գրեցին հակիրճ խորհրդածութիւններ՝ ծառայութեան իրենց պատկերացման, բազմատեսակ աշխատանքներուն եւ խոստումներուն մասին, ապա բաժնեկցեցան իրենց մտածումները: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքի խօսքէն ետք, համագումարը պաշտօնապէս վերջ գտաւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականին երգեցողութեամբ:

ՆՈՐ ՀՈՎԻՒԻՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ
Ինչպէս ծանօթ է, Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան խնդրանքով, Վեհափառ Հայրապետը Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանը եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանը առաքած է Արեւմտեան մեր Թեմը: Առաջինը նշանակուած է Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, իսկ երկրորդը՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:

Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ նշանակեալ հոգեւոր հովիւը այս առթիւ մատուցեց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը եւ տուաւ իր առաջին քարոզը: Նկատի ունենալով, որ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը տօնն է հայ քահանաներուն, Ս. Սեղանին սպասարկեցին ու արարողութիւնը կատարեցին հոգեւորականաց դասու անդամները:

Ողջոյնի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան: Առաջնորդ Սրբազանը ներկայացուց նշանակեալ Հայր Սուրբը, յաջողութին մաղթեց անոր ծառայութեան եւ հրաւիրեց տալու իր անդրանիկ քարոզը:

Ս. Ղեւոնդեանց տօնի խորհուրդով ներշնչուած, Հայր Սուրբը խօսեցաւ նահատակութեան, քաջութեան, յոյս ունենալու եւ հաւատքի խոստովանութենէն չերկնչելու մասին:

Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հոգեւորականներու ընկերակցութեամբ հանդիսաւոր թափօրով համայնքին ներկայացուց Ս. Նահատակներու մասունքը պարունակող ճաճանչաւոր խաչը եւ անով օրհնեց ներկայ հաւատացեալները:

ԸՆԹՐԻՔ
Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեւորականաց դասը հիւրընկալուեցաւ հաւաքական ընթրիքով: Ժողովուրդի խուռներամ ներկայութեան, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը եւ ներկայացուց հոգեւորականները: Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հոգաբարձութեան կազմին, Այրերու Ընկերակցութեան (Men’s Society) տիկնանց միութեան անդամուհիներուն եւ բոլոր ներկաներուն: Գնահատանքի խօսքեր արտասանուեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեանի մասին, նաեւ բարի գալուստի խօսքեր՝ նոր հոգեւոր հովիւին, բեղուն ծառայութեան մաղթանքներով: Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Մարք. Սրկ. Շիրին նշեց, Հայր Տաճատ անցեալին եղած է Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ծխական համայնիքն հետ: Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Պիլ Սաաթճեան եւս ողջոյնի ու բարեմաղթութեան խօսք ուղղեց նոր հոգեւոր հովիւին:

Ընթրիքի մթնոլորտը ճոխացաւ հոգեւորականաց դասուն կողմէ ներկայացուած մեներգներով, նուագներով եւ խմբերգներով: Ազգային երգերով մասնակցութիւն բերին պատանիներ ու երիտասարդներ:

Երեկոն իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազանին բարեմաղթութեամբ, փակման աղօթքով ու Հայրապետական Մաղթանքի հաւաքական երգեցողութեամբ. ակներեւ էր բոլորին հոգեկան ուրախութիւնը, նոր հոգեւոր հովիւին ժամանման առիթով:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ՔԷՅԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Հիգշաբթի, 28 Յունուարի առաւօտուն, հոգեւորականաց դասը կատարեց ժամերգութիւն եւ ապա, ըստ ծրագիրին, ուղղուեցաւ «Քէյեան» վարժարանը: Մանուկները գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիրով մը ողջունեցին հոգեւոր հայրերը, որոնք աղօթքներով ու շարականներու երգեցողութեամբ քաղցր ժպիտներ բաշխեցին աշակերտներուն:

Ողջոյնի ու գնահատանքի խօսք արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, շեշտելով նոր սերունդին գիտելիք եւ հայրենասիրութիւն ջամբելու կարեւորութիւնը: Ան այս առիթով Տնօրէնուհիին՝ Օր. Զարուհի Տէր Մկրտիչեանի յանձնեց յուշանուէր մը, ապա, աշակերտներն ու ուսուցչական կազմը յիշատակի խմբանկար մը առին հոգեւորականաց դասուն հետ:

ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Յաջորդ կայարանն էր Ֆրեզնոյի նահանգային համալսարանը (California State University of Fresno), ուր հոգեւորականներ այցելեցին անցեալ տարի կանգնած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը: Այս այցելութեան մասնակից եղաւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս եւ Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ աւագ սարկաւագ Պերճ Աբգարեան: Յիշեցնենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը կատարած էր այս յուշարձանին հիմնօրհնէքը:

Հոգեւորականաց Դասը երգեց Ս. Նահատակաց նուիրուած շարականը, ապա ծանօթացաւ յուշարձանի ճարտարապետական ձեւին եւ արձանագրութեան: Այս յուշարձանը միակն է, որ կանգնած է պետական համալսարանի հողերուն վրայ: Տիար Պերճ Աբգարեան, որ մօտէն առնչութիւն ունեցած էր յուշարձանի շինութեան հետ, բացատրութիւններ տուաւ կառոյցին ու անոր խորհրդանշած իմաստին մասին:

Համալսարանին նախագահը՝ Տիար Ճոզէֆ Քասթրօ եւս միացաւ խումբին: Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով գնահատանքի խօսք ուղղեց նախագահին ու համալսարանի պատասխանատուներուն, այս յուշակոթողը հիւրընկալելուն առիթով, իբրեւ յուշարար՝ պատմական անժխտելի ոճիրի մը ու հայութեան վերականգնումին: Ան յուշանուէր մը յանձնեց համալսարանի նախագահին, առնուեցաւ խմբանկար մը:

Ս. ԹԵՀԼԻՐԵԱՆԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ
Այցելութեանց վերջին կայանը եղաւ «Մասիս-Արարատ» հայկական գերեզմանատունը, ուր կանգնած է հայութեան արդարահատոյց բազուկներէն՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանը, անոր շիրիմին վրայ:

Հոգեւոր հայրերը խմբուեցան Սողոմոն Թեհլիրեանի շիրիմին շուրջ, եւ Ցեղասպանութեան 100ամեակի խորհուրդներով ներշնչուած՝ աղօթքով խոնարհեցան հերոսին յիշատակին առջեւ: Խորհրդաւոր պահը վերջ գտաւ «հոգւոցն հանգուցելոց» աղօթքով ու Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով:

Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, Ֆրեզնօ երկօրեայ այս այցելութիւնը, համագումարն ու գաղութի զաւակներուն հետ հաղորդակցութիւնը հոգեւորականներուն համար եղան վերանորոգման եւ աշխուժութեան առիթ մը, իսկ հիւրընկալները համակուեցան այս ոգիով:

Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԻՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Երեքշաբթի, 2 Փետրուարի առաւօտուն, Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, Ս. Պատարագ տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն եւ ներկայութեամբ Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի ուսուցչական կազմի ու աշակերտութեան։ Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ քարոզեց Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան։ Արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի ուսուցչու աշակերտներ։

Նախքան քարոզը, վարժարանի աշակերտները հանդէս եկան կոկիկ յայտագրով մը, վեր առնելով Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց յիշատակը, ներկայացնելով փունջ մը երգեր, արտասանութիւն, կենդանի պատկեր եւ տօնը խորհրդանշող ու թարգմանող խօսքեր։

Հայր Սուրբը իր պատգամին մէջ շեշտեց Ղեւոնդեանց թողած աւանդին մասին, ու զայն շաղախեց ներկայ մեր կեանքին, ուր մենք կը պարտինք մեր գոյութիւնը այն քաջարի հայորդիներուն, որոնք իրենց կեանքերը նուիրաբերեցին յանուն հաւատքի ու հայրենիքի։

Ս. Պատարագէն ետք, հիւրընկալութեամբ Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւին ու հոգաբարձութեան, սիրոյ ճաշ մատուցուեցաւ հոգեւոր հայրերուն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022