Տարիներու բարի աւանդութիւն է, որ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին, հիրընկալութիւն մը կազմակերպէ Առաջնորդ Սրբազանին, հոգեւորականաց դասու, Ազգ. Վարչութեան, Ազգ. Առաջնորդարանի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն ու Առաջնորդարանի անձնակազմին համար։
Այս տարի, հիւրընկալութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 13 Դեկտեմբերի կէսօրին, Ազգ. Առաջնորդարանի »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ ժողովականութեան ու անձնակազմի անդամներու։ Ճաշէն ետք, ներկաները մտերմիկ պահ մը բոլորեցին երգի ու մանրապատումներու մթնոլորտին մէջ։ Սրտի խօսքեր արտասանեցին Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան ատենապետները՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Տիկին Ռիմա Պօղոսեան, Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Սալբի Սրուրեան, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի, CASPSի, յանձնախումբերու եւ անձնակազմի ներկայացուցիչները։
Փակման խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Տիկնանց Օժանդակ Մարմին հիւրընկալման ու ընդհարապէս ժրաջան աշխատանքին մասին, ողջունեց բոլոր ներկաներն ու անոնց նուիրեալ ծառայութիւնները, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով բարեմաղթութիւններ ընելով՝ անդրադարձաւ մեր Թեմին ու ողջ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, յորդորեց բոլորը, որ անսակարկ նուիրումով եւ ամէն տեսակի դժուարութիւն յաղթահարելու աննահանջ կամքով շարունակեն մեր եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին ծառայական առաքելութիւնը։ Ան մաղթեց, որ բանաստեղծին բառերով՝ յառաջիկայ նոր տարին վերջ տայ հայու ցաւերուն, չարը կորչի ու բարին բոյն դնէ մեր սիրտերուն։
Հաւաքը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին »Պահպանիչ«ով։ Ներկաները միասնաբար երգեցին »Կիլիկիա«ն։ Բոլորին իբրեւ նուէր տրուեցաւ Հայ Գիրքի Տարուան առիթով Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ լոյս ընծայուած նորագոյն հրատարակութենէն՝ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի »Ողկոյզ« հատորէն օրինակ մը, ինչպէս նաեւ Տէրունական Աղօթքի գեղատիպ եւ գունազարդ պատկերները։