Արեւմտեան Թեմի Ընտանիքը Մեծ Խանդավառութեամբ Վայելեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիքը

Աշխարհասփիւռ հայութեան հետ միասին, Կիրակի, 6 Յունուար 2013ին, Արեւմտեան մեր Թեմի զաւակները եւս ապրեցան Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթած ցնծութեան մթնոլորտին մէջ, որ ծաւալ ստացած էր Շաμաթ, 5 Յունուարի երեկոյեան, Ճրագալոյցի արարողութիւններով ու Ս. Ծննդեան աւետիսին տարածումով։

Ճրագալոյցին, Առաջնորդ Սրμազանը Ս. Պատարագ մատուցեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ եւ աւարտին, Քրիստոսի Ս. Ծննդեան աւետիսը տուաւ ներկայ հաւատացեալներուն։

Մեր Թեմի եկեղեցիներուն թէ հայկական յարկերու տակ, Ս. Ծննդեան տօնը յատկանշուեցաւ օրուան յատուկ արարողութիւններով եւ ընտանեկան խրախճանական հանդիպումներով, ուր տիրապետող էր քրիստոնէական մեր հաւատքէն ու հայկական աւանդութիւններէն μխած փառաμանութեան, խաղաղութեան ու սիրոյ մաղթանքներով լի հոգեկան ցնծութեան մթնոլորտը։ Ընտանեկան ջերմ ու հարազատ մթնոլորտը սահմանափակուած չէր միայն անհատ ընտանիքներու, այլ նաեւ անիկա տարածուեցաւ Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքին վրայ, որ տօնի երեկոյեան, վայելեց Առաջնորդ Սրμազանին Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ընթրիքի ձեռնարկը, հաղորդակից դարձաւ Ս. Ծննդեան աւետիսին ու μոլորեց մեր մշակոյթի արտայայտութիւններով տոգորուած երեկոյ մը։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Ս. Ծննդեան տօնի առաւօտուն, մեր μոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, որուն աւարտին, կատարուեցաւ Քրիստոսի մկրտութեան խորհուրդը արտայայտող ջրօրհնէքի արարողութիւնը։

Թեմիս μարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք- Մարտիրոսեան պատարագեց եւ քարոզեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, ուր համախմμուած աւելի քան 1,500 հաւատացեալներուն փոխանցեց Քրիստոսի Ս. Ծննդեան աւետիսը, յիշեցնելով, որ Աստուածորդին աշխարհ մուտք գործեց μերելով խաղաղութեան, սիրոյ ու խոնարհութեան պատգամները, խորհուրդներ՝ որոնք մարմնաւորուեցան իր ծննդեան պայմաններով իսկ։

«Աստուածայայտնութեան խորհուրդը եկաւ Բեթղեհեմէն, ան որ μոլորին մեղքերուն փրկութեան համար եկաւ, ան է որ ծնաւ Բեթեղեհէմ քաղաքին մէջ», ըսաւ Առաջնորդ Սրμազանը եւ շարունակեց. «Աստուածայայտնութիւնը եղաւ μարի լուր մը μոլորիս, μայց անիկա ինչպէ՞ս պիտի յայտնուի մեր կեանքերէն ներս, հոգիներէն ներս, էութենէն ներս, որպէսզի մենք այդ լոյսը զգանք։ Աստուածորդւոյն Ս. Ծնունդով, անոր անժամանցելի պատգամները վերստին կը յայտնուին մեր կեանքին մէջ, եթէ իւրաքանչիւրիս կեանքը Քրիստոսի կեանքին նման կþըլլայ»։

Խօսելով ջրօրհնէքի խորհուրդին մասին, Առաջնորդ Սրμազանը յայտնեց. «Քիչ ետք, երμ մկրտութեան խորհուրդը պիտի կատարենք, պէտք է հասկնանք որ Երկնաւոր Հայրը անոր ընդմէջէն Իր վկայութիւնն ու կամքը պիտի արտայայտէր, մարդու փրկութեան իր խոստումը պիտի տար։ Քրիստոս նաեւ ցոյց պիտի տար թէ պատրաստ էր դէպի խաչի ճանապարհը քալելու՝ Աստուծոյ կամքին հնազանդելով, որպէսզի փրկութիւն շնորհէ մարդկութեան, մեղքերու թողութիւն պարգեւէ μոլորիս»։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջմնորդ Սրμազանը կատարեց ջրօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը. խաչի կնքահայրն էր Կիրակնօրեայի աշակերտներէն Ալեքսանտր Դաւիթեան։

ԸՆԹՐԻՔԻ ԵՐԵԿՈՆ

Նոյն օրը, երեկոյեան, μազմահարիւր ազգայիններ ու հաւատացեալներ, տարիներու աւանդութեան համաձայն, ժամադրուած էին

Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ, ուր տեղի պիտի ունենար Առաջնորդ Սրμազանին «Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի աւանդական ընթրիք»ը։

Աւելի քան 600 ազգայիններ, μարերարներ ու Ազգ. Առաջնորդարանի μարեկամներ ընդառաջած էին հրաւէրին ու մասնակից եղան Ազգ. Առաջնորդարանի նորագոյն նուաճումին, որ Ազգային Առաջնորդարանի հանգանակային միակ երեկոն է. արդարեւ, ընթրիքի երեկոն μոլորուեցաւ տօնական ու մշակութաμոյր մթնոլորտի մէջ, նիւթական ու μարոյական աննախընթաց յաջողութեամμ պսակուելով։

Երեկոյթին պաշտօնական μաժինը սկսաւ ժամը 7ին, Առաջնորդ Սրμազանին ու հոգեւորականաց դասու թափօրով սրահ մուտքով։ Մոմեր ի ձեռին, հոգեւոր հայրերը, գլխաւորութեամμ Առաջնորդ Սրμազանին, Ս. Ծննդեան շարականներով ներկաներուն աւետեցին Քրիստոսի Ս. Ծնունդը, երգելով «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի» եւ «Այսօր Տօն է Ս. Ծննդեան» շարականները։ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան ընթերցեց Քրիստոսի Ծննդեան հրաշալի դէպքը նկարագրող՝ Ղուկասու աւետարանի դրուագը։ Ապա տեղի ունեցաւ նշխարի եւ գինիի Թաթախի արարողութիւնը, որմէ ետք, Առաջնորդ Սրμազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։

Ներկայ հիւրերու շարքին էին Հայաստանի եւ Լիμանանի գլխաւոր հիւպատոսները՝ Տեարք Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ Ճոնի Իպրահիմ, իրենց ազնիւ տիկիններուն ընկերակցութեամμ։ Ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, մեր Թեմի Կրօնական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամներ, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանագներու Կեդր. Կոմիտէի, ՀՕՄի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Համազգայինի Շրջ. Վարչութեանց, Հայ Դատի, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի անդամներ եւ տնօրէններ, ծխական շրջաններու հոգաμարձութեանց եւ Տիկնանց Միութիւններու ներկայացուցիչներ։ Հոլիվուտի շրջանի Հայ Դատի եւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ կողմէ հրաւիրուած էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էրիք Կարսեթի. ներկայ էին նաեւ Կլենտէյլի եւ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ՝ Արա Նաճարեան  եւ Ճէք Հաճինեան։

Ընթրիքի երեկոն կազմակերպուած էր Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կողմէ, որ իր կարգին նոր յաջողութիւն մը կþաւելցնէր իր ծառայութիւներու շղթային վրայ։ Գլխաւոր հիւրընկալն էր Տէր եւ Տիկին Էտի եւ Թալին Ամրոյեան նուիրատու ամոլը։ Հանդիսավարն էր Արժ. Տ. Վիգէն Ա. Քհնյ. Վասիլեան, որ ձեռնհասօրէն վարեց յայտագիրը,  փայլք տալով տօնական մթնոլորտին։

Հանդիսավարը, μացման հակիրճ խօսքով մը, շնորհաւորեց ներկաներուն Ս. Ծննդեան տօնը, ապա, յաջորդաμար հրաւիրեց ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ու Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները՝ արտասանելու ողջոյնի իրենց խօսքերը։ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին անունով խօսք առաւ Տիկին Վարդուկ Աւետիքեան, որ μարի գալուստի արտայայտութենէ ետք, μարի վայելում մաղթեց ներկաներուն։ Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեան իր կարգին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրμազանին ու μարձր գնահատեց անոր ծառայութիւնները, ապա ողջունելով ներկաները՝ գնահատանքի արտայայտութիւն ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութեան μոլոր աջակիցներուն, նշելով, որ այս երեկոյ, μարեկամներու, μարերարներու եւ ազգայիններու ներկայութիւնը գործնական արտայայտութիւն մըն է այդ աջակցութեան։ Ան վեր առաւ Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ տարուող աշխատանքներուն կարեւորութիւնը, ընդգծելով Ս. Ծնունդի խորհուրդէն իսկ μխող հանդուրժողութեան ու սիրոյ ոգին, որոնք տիրապետող են այս աշխատանքներուն։ Ան նաեւ վեր առաւ աշխարհատարած հայութեան հայրենիքին՝ Հայաստանին ու Արցախին զօրակցութեան հրամայականը, ապա նաեւ անդրադարձաւ այն աջակցութեան ու սրտակցութեան, որ կը ցուցաμերուի տագնապի մատնուած Սուրիոյ հայութեան։

Սրտի խօսք արտասանեցին գլխաւոր հիւպատոսներ Ճոնի Իպրահիմ եւ Գրիգոր Յովհաննիսեան։ Լիμանանի դիւանագիտական ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրμազանին, որ զինք մասնակից դարձուցած է այս գեղեցիկ երեկոյին, շնորհաւորեց ներկաներուն Նոր Տարին ու հայութեան Ս. Ծննդեան տօնը, ապա նաեւ նշեց, որ Լիμանանի հիւպատոսարանը կը մնայ սերտ μարեկամ եւ տրամադիր է իր ծառայութիւնները մատուցելու μոլորին։ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը, իր կարգին, գոհունակութիւն յայտնեց, որ չորրորդ տարին ըլլալով կը մասնակցի այս աւանդական երեկոյին, շնորհակալութիւն յայտնեց իր պաշտօնավարութեան ընթացքին ցուցաμերուած μարի տրամադրութիւններուն ու հիւրընկալումին համար, Հայաստանի կառավարութեան ու ժողովուրդին անունով շնորհաւորեց ներկաները, եւ ընդգծեց, որ հայրենիքի շուրջ μոլորուելու գաղափարը անհրաժեշտ յենարան է հիասթափութիւններէ խուսափելու եւ գործելու ի խնդիր հայրենիքի վերելքին։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Առաջնորդ Սրμազանի Ս. Ծննդեան ընթրիքի երեկոն յատուկ առիթ է հաղորդակցութեան կամուրջ հաստատելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ, որուն հովանին կը վայելէ մեր Թեմը։ Այս հաղորդակցութիւնը արտայայտութիւն կը գտնէ Ն.Ս.Օ.Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի յատուկ պատգամով։

Այս տարի եւս, Վեհափառ Հայրապետը ձայնագրուած պատգամ մը յղած էր երեկոյին մասնակիցներուն։ Պատգամը ցուցադրուեցաւ պաստառի վրայ։

Ողջունելէ ետք ընթրիքի երեկոյին մասնակիցները, ու μարեմաղթութիւններ փոխանցելով, Վեհափառ Հայրապետը կանգ առաւ Ս. Ծննդեան տօնի խորհուրդներուն վրայ, ու յատկապէս մասնաւորելով անկէ μխող վերանորոգումի պատգամը։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Աստուածորդւոյն աշխարհ առաքելութեան ամէնէն կարեւոր պատգամներէն մէկն էր մարդուն վերանորոգումը, կեանքի վերանորոգումը եւ μարելաւումի ուղիին μացումը։ Ան նշեց, որ Ադամը հին մարդն էր, իսկ Քրիստոս աշխարհ եկաւ հին մարդը նորոգելու եւ դառնալու նոր մարդը։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ վերանորոգումի մասին Ս. Ծննդեան պատգամը ուղղուած է թէ՛ անհատ մարդուն եւ թէ մեր հաւաքականութեանց, որոնց շարքին՝ եկեղեցւոյ, ազգային կեանքի մէջ դերակատար μոլոր միաւորներուն. μոլորս հրաւիրուած ենք Քրիստոսով վերականգնելու եւ վերանորոգելու մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերը, ծառայելու եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ժողովուրդին։ Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը կþեզրափակէր Ս. Ծննդեան տօնին առիթով μարեմաղթութիւններ փոխանցելով Առաջնորդ Սրμազանին ու ժողովականութեան շուրջ համախմμուած հանդիսականներուն ու անոնց ճամμով՝ մեր թեմի զաւակներուն։

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ

Յայտագիրը ունէր գեղարուեստական խնամուած μաժին։

«Տօնական» նուագախումμը, երեկոյի սկզμնաւորութեան թէ ճաշի պահուն, հնչեցուց հայկական ժողովրդական երաժշտութիւն, հայկականութեան յաւելեալ կնիք մը դնելով մթնոլորտին վրայ։ Գեղեցիկ անակնկալ մըն էր Ազգ. Առաջնորդարանի «Լուսաւորիչ» երգչախումμին ելոյթը։ Երգչախումμը, որ վերակազմուած է վերջերս, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի խմμավարութեամμ ներկայացուց Ս. Ծննդեան ու հայկական երգերու փունջ մը՝ «Լուռ Գիշեր, Սուրμ Գիշեր», «Զանճառելի Լուսոյ Մայր», «Ով Զարմանալի», «Այսօր Ձայնն Հայրական» եւ «Լուսաւորչի Կանթեղը», արժանանալով ներկաներուն ջերմ գնահատանքին

ու ծափողջոյններուն։

Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումμը եւս, ղեկավարութեամμ Քաթրին Հայրապետեանի եւ Արի Լիպարեանի, 2 պարերով գեղեցիկ ներդրում մը ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիրին։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ընթրիքի երեկոյի պաշտօնական յայտագիրը եզրափակուեցաւ Առաջնորդ Սրμազանին պատգամով։

Առաջնորդ Սրμազանը առաջին հերթին μարձր գնահատեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը, հանդիսավար Տէր Հայրը, ինչպէս նաեւ գեղարուեստական յայտագիրին մասնակիցները, ողջոյնի խօսք ուղղեց ներկայ հոգեւոր հայրերուն, դիւանագիտական, պետական ներկայացուցիչներուն ու ազգային դէմքերուն՝ կազմակերպութեանց, միութեանց ու ծխական շրջաններու ներկայացուցիչներուն, մամուլի ու կրթական մշակներուն։ Ան հոգեւոր խորհրդածութեամμ կանգ առաւ Յիսուս Մանուկի Ս. Ծնունդով մարդկութեան հասնող μարի պատգամներուն վրայ, անդրադարձաւ 2012 տարին յատկանշող դրական ու ցաւալի զարգացումներու, որոնց շարքին էր Սուրիոյ հայութեան վիճակուած տագնապը։ Ան նշեց աւարտող տարուան ընթացքին կատարուած կարգ մը իրագործումներ, որոնց շարքին՝ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծրագիրին մարմնաւորումը, իμրեւ Թեմի եկեղեցական կեդրոն՝ Ազգ. Առաջնորդարանի ուղղութիւնը ցոյց տուող ցուցատախտակներու զետեղումը՝ մայրուղիներու վրայ, ապա նաեւ Հայ Գիրքի Տարուան առիթով իրագործուած հրատարակութիւններ եւ այլ իրագործումներ։ Իր խօսքի վերջին μաժինով, Առաջնորդ Սրμազանը շնորհակալութեան ու գնահատանքի արտայայտութիւններ ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի μարերարներուն, μարեկամներուն եւ զօրակիցներուն, որոնց աջակցութեամμ յառաջ կը տարուին Ազգ. Առաջնորդարանի ժողովրդանուէր ու եկեղեցաշէն աշխատանքները։ Ան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոյի գլխաւոր հովանաւոր Տէր եւ Տիկին Էտի եւ Թալին Ամրոյեան

ամոլին, Քարոլան μարերար ընտանիքին, ազգային μարերար Հէնք Խաչատուրեանի, Տիկին Ալիս Նաւասարկեանին եւ μարերարներու, որոնց մասին յիշատակութիւն կար ներկաներուն տրամադրուած գրքոյկին մէջ։

Ապա, Առաջնորդ Սրμազանը յայտարարեց, թէ Տէր եւ Տիկին Էտի եւ Թալին Ամրոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանիս իրենց կատարած 75,000 տոլարի նուիրատուութեան կողքին, 25,000 տոլարի նոր նուիրատուութիւն մը կատարած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին։ Երեկոյին իμրեւ մեծագոյն յայտարարութիւնը՝ Առաջնորդ Սրμազանը երախտագիտութեամμ յայտնեց, որ հանգուցեալ Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեան μարերար ամոլի զաւակները՝ Տէր եւ Տիկին Էտի եւ Տոքթ. Աննա Գալստեանի, Տէր եւ Տիկին Յովիկ եւ Սեդա Աղայեան եւ Տէր եւ Տիկին Արմէն եւ Այտա Նորհատեան, իրենց ծնողաց յիշատակին 150,000 տոլարի հիմնադրամ մը կը հաստատեն Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ. յայտնենք, որ Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ հանգուցեալին անունը կրող սենեակը պիտի կոչուի »Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեան գրադարան« ։ (Առաջնորդ Սրμազանին խօսքը կու տանք առանձնաμար)։

Երեկոն վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրμազանին Պահպանիչով։ Ներկաները միասնաμար երգեցին «Կիլիկիա»ն եւ Հայրապետական

Մաղթանքը։ Այնուհետեւ, ներկաները մտերմիկ պահ մը μոլորեցին սրահին մէջ, μարեմաղթութիւններ փոխանակելով նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022