Գ. Պետիկեանի «Պապիկը Կարդալ Չի Գիտեր» Հատորիս Ողջունահանդէսը՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Յարկին Տակ


Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2016ի երեկոյեան, դարձեալ ժամադրավայրը հանդիսացաւ գրասէր հանրութեան: Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպած էր ծանօթ գրող ու դաստիարակ Գէորգ Պետիկեանի նորագոյն հատորին՝ «Պապիկը կարդալ չի գիտեր» գիրքին ողջունահանդէսը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Ներկայ էին Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներ, Ազգային Վարչութեան, Համազգայինի եւ այլ միաւորներու ներկայացուցիչներ, դաստիարակներ ու հայ գիրքի բարեկամներ:

Երեկոն սկսաւ Տէրունական Աղօթքով: Յանուն կազմակերպիչ յանձնախումբին, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան ողջոյնի խօսք արտասանեց եւ հանդիպումը նկատեց մշակոյթին ու մարդկային բարձր արժէքներու հանդէպ մեր ժողովուրդի սիրոյն ու յարգանքին մէկ արտայայտութիւնը: Ան հակիրճ ծանօթութիւններ տուաւ հեղինակին մասին ու իր խօսքը աւարտեց գիրքի արժանիքներուն ու մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ անոր բարերար դերակատարութեան մասին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսէն մէջբերումով մը:

Հանդիսավարն էր Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Տիար Սարգիս Մահսէրէճեան, որ ներկայացուց յայտագիրը մարմնաւորողները, հանգրուան առ հանգրուան ծանօթութիւններ տալով բանախօսին՝ Տոքթ. Ալիս Քիւրիւմեանի, գիրքէն բաժիններ ընթերցող արուեստագէտ Սեդրակ Պրոնզեանի եւ հեղինակին մասին:

Ս. Պրոնզեան, գիրքին ներկայացումէն առաջ եւ ետք, դերասանի իր տաղանդը ի գործ դրաւ, բեմական ոճով ընթերցելով երկու պատմուածք, որոնք կ’արտայայտէին հեղինակին զուարթախոհութեան յատկանիշները: Ան յաջողեցաւ բեմին մագնիսացնող մթնոլորտին մէջ ներգրաւել ունկնդիրները:

Վաստակաւոր դաստիարակ, գրականագէտ եւ լեզուագէտ Տոքթ. Ալիս Քիւրիւմեան ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնն ու անոր էջերէն դրսեւորուող հեղինակին արժանիքները, յատկանիշները, նշելով, որ այս հատորը վկայութիւն մըն է այն հասկացութեան, որ գիրքը նոյնինքն հեղինակ մարդն է: Նկատի ունենալով, որ Հալէպի Ճեմարանին մէջ եղած է Գ. Պետիկեանի ուսուցիչներէն՝ բանախօսը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ անոր զուարթախոհ նկարագիրին, ապա նաեւ վեր առաւ անոր գրականութեան յատկանիշները, ուր գլխաւոր գիծ է սխալներ տեսնելու եւ ծիծաղի ճամբով զանոնք սրբագրուած տեսնելու անոր տենդը:

Լուսաբանութիւններ տալէ ետք գիրքին ընդհանուր բովանդակութեան ու ներքին երեք բաժանումներուն մասին, ան նշեց, որ ամէնէն տարածուն բաժինը՝ 31 պատմուածքներն ու խոհական արտայայտութիւնները կարելի է ըստ նիւթի դասաւորել չորս խմբաւորումներու տակ. մեծ հօր ու թոռնիկի միջեւ դրուագներ, անձնական խոհեր, ազգային խոհեր ու մտահոգութիւններ, եւ համամարդկային հարցերու արձագանգումներ: Հեղինակը կը տագնապի հայ լեզուի նահանջով, մեր ժողովուրդին այլասեռման երեւոյթներով եւ արմատներուն վերադառնալու տենդով, սակայն նաեւ նոր աշխարհին մէջ մանուկն ու երիտասարդը իսկական արժէքներէ հեռու պահող վիճակներուն հետեւանքներով: Ան վեր առաւ մեր լեզուին, մշակոյթին ու հայրենիքին հանդէպ Գ. Պետիկեանի նուիրումը եւ մաղթեց, որ ան նորանոր գործերով շարունակէ իր հպարտալի երթը:

Սրտի խօսք արտասանեց հեղինակը: Ան առաջին հերթին շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգ. Վարչութեան անդամ Տոքթ. Տիգրան Պապիկեանի, կազմակերպիչ յանձնախումբին, դասախօսին, արուեստագէտին, հանդիսավարին ու իրեն զօրակցող տիկնոջ, ապա անդրադարձաւ սփիւռքի մէջ ծնող ու յաճախ տեղաշարժներու ենթակայ եղող հայու վիճակներուն մասին, կանգ առաւ գրելու իր մղումին ու գլխաւոր նպատակներուն վրայ: Ան հաստատեց, որ գիրքը լեզու է, միտք է ու շունչ, իսկ նման երեկոներ ապացոյց են, որ գիրք արժէքը բոլորովին անտարբերութեան ենթակայ չէ, երախտիք արտայայտեց իր կազմաւորման նպաստողներուն եւ հաւաստեց, որ յանձնառու կը մնայ գրողի առաքելութեան:

Գնահատանքի ու օրհնութեան իր խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան նկատեց, որ երեկոն եղած է վայելքի պահ մը, գնահատանքով արտայայտուեցաւ հեղինակին ու յայտագիրը մարմնաւորողներուն մասին եւ ըսաւ, որ իբրեւ քաջալերանքի գործնական արտայայտութիւն, Ազգ. Առաջնորդարանը պատրաստ է հրատարակելու Գ. Պետիկեանի յաջորդ գիրքը: Ան յատուկ գնահատանքով խօսեցաւ Տոքթ. Ա. Քիւրիւմեանի ամբողջական ու դաստիարակիչ ներկայացումին, ինչպէս նաեւ Ս. Պրոնզեանի գեղարուեստական մատուցումին մասին, ապա անդրադարձաւ նոյն օրը, առաւօտուն, նոյն սրահին մէջ տեղի ունեցած այլ հանդիպումի մը մասին, երբ Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի աշակերտները, Հայաստան իրենց ուխտագնացութենէն առաջ, ուխտի եկած էին Ազգ. Առաջնորդարան ու ներկայացուցին աշակերտական մշակութային յայտագիր մը, խոստանալով հաւատարիմ մնալ մեր լեզուին, հայրենիքին ու հաւատքին: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց ճիգը Գ. Պետիկեանի ու բոլոր անոնց, որոնք կ’աշխատին վերակենսաւորել մեր արմատները, ու շեշտեց Արարատին, ճշմարտութեան ու հայկականութեան վերադառնալու հրամայականը: Ան նշեց, որ հայրենիքէն ու աւանդական մեր օճախներէն հեռռւ ապրող մեր գաղութները բազմապատիկ ճիգի կը կարօտին աշխատանքներուն արդիւնաւորման համար, ու մաղթեց, որ անհատական ու հաւաքական ճիգերը շարունակուին անկարելին կարելի դարձնելու եւ պտղաբերելու կամքով: Ան իր խօսքը եզրափակեց խրախուսելով կազմակերպիչ յանձնախումբը, որ բազմացնէ նման ձեռնարկներ:

Յայտագիրին պաշտօնական բաժինը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով ու «Կիլիկիա»ի խմբերգումով: Յանձնախումբը ծաղկեփունջեր նուիրեց հեղինակին ու յայտագիրը մարմնաւորողներուն, ներկաները պատուեց կոկիկ հիւրասիրութեամբ մը, մինչ հեղինակը կը մակագրէր գիրքէն օրինակներ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022