Ասմունքի Մրցանակաւորներու Գնահատում եւ Մրցանակաբաշխութիւն՝ Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ



Ինչպէս ծանօթ է, Շաբաթ, 10 Մայիս 2014ին, հովանաւորութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանին, համագործակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսութեան, եւ կազմակերպութեամբ Ազգ.
buy temovate online healthcoachmichelle.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/temovate.html no prescription

Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին, “Աւան Շուշի Փլազա” Հիւրանոցի Տնօրէնութեան, “Ասպարէզ” օրաթերթի եւ “Հորիզոն” պատկերասփիւռի ընկերութեան, Ազգ. Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ վարժարաններու ասմունքի համահայկական առաջին մրցումը։

Մայիսեան այդ ձեռնարկին մրցանակներու արժանացողները գնահատելու եւ մրցանակաբաշխութիւնը կատարելու համար, Չորեքշաբթի, 23 Յուլիսի երեկոյեան, նմանապէս Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ եւ նոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան, Խնամակալ Մարմինի համա-ատենապետ Տիկին Մակի Սարգունի եւ անդամ Շարլոթ Սասունեան, կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներ, դատական յանձնախումբի անդամներէն Տիկին Թագուհի Արզումանեան, Ազգ. Վարժարաններու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, մրցանակաւոր աշակերտներ եւ ծնողներ:

Բացման խօսքը արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան: Ան անդրադարձաւ այս մրցանքին կազմակերպման շարժառիթին եւ նպատակներուն, գնահատեց մասնակցող աշակերտներն ու դաստիարակները, յոյս յայտնելով, որ այս մրցումը վերածուի գեղեցիկ աւանդութեան:

Խօսք առին Տիար Ալեք Պաղտասարեան եւ Տիկին Մակի Սարգունի: Տիար Պաղտասարեան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ վերջին տարիներուն, Շուշիի մէջ համագաղութային աշակերտական արտասանական մրցում կազմակերպելու գաղափարին եւ նպատակներուն, յոյս յայտնելով, որ այս նախաձեռնութիւնը տարուէ տարի ներգրաւէ աւելի մեծ թիւով մասնակիցներ: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ մեր շրջանէն այս տարի 6 աշակերտներ պիտի մասնակցին Շուշիի մրցումին: Տիկին Սարգունի շնորհակալութեան խօսք ուղղեց կազմակերպիչներուն, գնահատանքով արտայայտուեցաւ ո՛չ միայն մրցանակ շահողներուն, այլ նաեւ բոլոր մասնակիցներուն մասին, վեր առնելով նման նախաձեռնութիւններուն կարեւորութիւնը՝ մեր նոր սերունդի կեանքին մէջ:

Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն Տիար Միհրան Թումայեան եւ Օր. Նանէ Աւագեան կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը: Երկու աշակերտներ հանդէս եկան արտասանութիւններով, ասմունքելով “Սասնոյ Պարը” եւ “Կռունկ”ը:

Հանդիսութեան փակման եւ օրհնութեան խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան առաջին հերթին գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս ու նման նախաձեռնութիւններու կազմակերպիչներուն մասին, նշելով, որ հայ աշակերտին մէջ մշակոյթի սէր արթնցնելու կողքին, այս մրցումը նաեւ ուղղակի հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ մրցանակաւորն ու Արցախ հայրենիքը: Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ արուեստի այլ մարզերուն մէջ աւանդութիւն դարձած մրցանքներու կողքին՝ ասմունքի նման մրցումի կազմակերպում կարեւոր բաց մը կը լրացնէ: Ան գնահատեց կազմակերպողներն ու մասնակիցները, դաստիարակներն ու ծնողները, մաղթելով, որ նման նախաձեռնութիւններու ճամբով, հայեցի դաստիարակութիւնը նոր ծաւալ ստանայ: Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յայտարարեց, որ իբրեւ շօշափելի գնահատանք մրցանակաւորներուն եւ դատական կազմին, Ազգ. Առաջնորդարանը անոնց կը նուիրէ գիրքեր, իբրեւ յիշատակ այս ձեռնարկէն:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022