ԴԵՍՊԱՆ ՃՈՆ ՀԵՖԸՐՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ

Լոս Անճելըս իր այցելութեան առիթով, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին այցելեց Ազգային Առաջնորդարան ու անոր յարկին տակ ունեցաւ հանդիպումներ, որոնք երկարեցան մօտաւորապէս հինգ ժամերու վրայ։ Դեսպանին կþընկերանային իր Տիկինը՝ Լիպի, եւ սփիւռքի հետ կապերու պատասխանատու Ճեֆրի Բարեջան։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ու ժողովականութեան ներկայացուցիչներ դիմաւորեցին դեսպանն ու ընկերակիցները։ Առաջին հերթին, Առաջնորդ Սրբազանն ու դեսանը առանձին հանդիպում մը ունեցան Առաջնորդ Սրբազանին գրասենեակին մէջ, ապա »Սիւլահեան« դահլիճին մէջ յարգելի հիւրերը հանդիպում ունեցան Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներու հետ։ Կարճատեւ ընթրիքէ ետք, »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում. հանդիսավարն էր Միացեալ Հայկական Հիմնադրամի նախագահ Տիար Յարութ Սասունեան։

Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ հայութիւնը այս օրերուն կը յիշատակէ 1988ի երկրաշարժին զոհերը, իսկ 2012ը կը հանդիսանայ Երեւան-Ուաշինկթըն կապերու հաստատման 20րդ տարեդարձը։

Դեսպանը, իր կարգին, լուսանկարներու ցուցադրութեամբ ընդհանուր գիծերու մէջ լուսաբանութիւններ տուաւ իր աշխատանքներուն եւ Հայաստանի տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութիւններուն մասին։ Յաջորդեց հարց-պատասխանի պահ մը, զոր վարեց Ազգ. Վարչուեան անդամներէն Տիկին Անի Մկրտիչեան-Կարիքեան։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը դեսպանին նուիրեց »Կիլիկիոյ Փրկուած Գանձերը« հատորէն օրինակ մը, իսկ տիկնոջ՝ մարգարտեայ խաչ մը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022