Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին Ս. Ծննդեան Աւանդական Ճաշկերոյթ-Տօնավաճառը


Կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2015ի կէսօրին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ճաշկերոյթ տօնավաճառը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Անոյշ» ճաշասրահին մէջ:

Ձեռնարկը կը վայելէր Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Այս տարուան ձեռնարկին հիւրընկալն էր Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի բարերարուհի Տիկին Զապէլ Իգնատոսեան։

Բացման խօսք արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամ Տիկին Մարալ Դարբինեան։ Ան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը աղօթքով կատարելու սեղաններու օրհնութիւնը:

Աղօթքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց իր սրտի խօսք, նշելով որ տօնական օրերու մթնոլորտը արդէն սկսած է համակել բոլորս, գոհութեամբ եւ հոգեկան ցնծութեամբ ողջունեց ներկաները, բարերարները, կազմակերպութեանց եւ եկեղեցիներու Տիկնանց Միութեանց ներկայացուցիչները։ Ապա, գնահատանքով արտայայտուեցաւ ձեռնարկի կազմակերպիչ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին մասին, որ այս ու նմանօրինակ նախաձեռնութիւններով միշտ ալ հաճելի մթնոլորտի մէջ օգտակար գործ կը կատարէ: Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնի սեմին, ան փառք եւ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ՝ մեզի շնորհուած բարիքներուն համար եւ նշեց, որ եթէ Աստուծոյ պարգեւած առողջութեան ու կեանքի բարիքները լաւապէս օգտագործենք, կը հասնինք յաջողութեան ու երջանկութեան: Ան նկատեց, որ այս ձեռնարկը արդէն արտացոլացումն է երջանիկ պահուան մը բերկրանքին, գնահատեց Տիկին Զապէլ Իգհնատոսեանը, իր ազնիւ հիւրընկալութեան ու բարի գործերուն համար, ու իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ տօնական օրերու խաղաղութեան ու սիրոյ խորհուրդները իրագործուին ո՛չ միայն աշխարհի տարածքին, այլեւ իւրաքանչիւրի սեփական կեանքին ու ընտանեկան յարկին մէջ:

Պատրաստուած էր գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ տօնական օրերու բուրմունքը ունէր. Հոլիվուտի Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին երգեր, պարեր եւ արտասանութիւններ։ Ամերիկեան քառեակ մը, աւանդական տարազներով, հրամցուց Ս. Ծննդեան տօնին յատուկ երգեր: Ներկաները վայելելցին նաեւ Կաղանդ Պապուկին այցելութիւնը:

Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը ապա յուշանուէրով մը պատուեց ձեռնարկի ազնիւ հիւրընկալը՝ Տիկին Զապէլ Իգնատոսեանը, անոր նուիրելով նաեւ ծաղկեփունջ մը։

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, ստեղծուած հաճելի մթնոլորտին մէջ արձանագրուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Մասնակիցները տուն վերադարձան՝ տօնավաճառէն իրենց գնած նուէրներով ուրախացնելու նաեւ հարազատները:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022