Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Մեծ Պահքի Ճաշկերոյթը


Տարիներու բարի աւանդութիւն է, որ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը Մեծ Պահքի շրջանին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպէ ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին կը մատուցուին պահքի ճաշեր եւ մթնոլորտը կը ճոխանայ մշակութային սնունդով՝ գեղարուեստական յայտագիրով ու դասախօսութեամբ:

Այս տարի, պահքի այս ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 8 Մարտ 2017ին, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը Կանանց Միջազգային օրն էր: Այս բոլորը յիշատակելիօրէն ճոխ մթնոլորտ մը պարգեւեցին Պըրպէնքի «Տի Լաքս» սրահին մէջ համախմբուած հանդիսականներուն: Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներէն Տիկնայք Թերէզ Քեմանճեան ու Էլիզապէթ Պոյաճեան, բարերարներ, ՀՕՄի Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց եւ տիկնանց միութեանց անդամներ:

Մեծ Պահքի ճաշկերոյթը սկսաւ Արեւագալի ժամերգութեամբ, որ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ սրահին մէջ: Արարողութենէն առաջ, Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կողմէ ողջոյնի խօսք արտասանեց Տիկին Սօսի Կէօքկէօզեան, որ անդրադարձաւ Մեծ Պահքի նշանակութեան եւ մէջբերելով Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերէն՝ մեծն Բարսեղի խօսքերը, նշեց, որ «պահեցողութիւնը մեր բարկութիւնը զսպելն է, հեզութեան ճամբան ընտրելն է, մաքուր եւ ուղիղ սիրտ ունենալն է, մեզմէ վատ մտածումներն ու փափաքները հեռացնելն է, բարեգործութեան կեանք մը ապրիլն է։ Կ՛աղօթենք առ Աստուած որ մեզի իմաստութիւնն ու ոյժը պարգեւէ կենսաւորելու վերոյիշեալ յորդորները»: Ան աւելցուց, որ այս շրջանին, «մեր եկեղեցին մեզ կ՛առաջնորդէ սքանչելի կեանքի մը։ Տեղի կ’ունենան հոգեպարար արարողութիւններ՝ Արեւագալը եւ Հսկումը, որոնք Աստուծոյ հետ հոգիով զրոյցներ են։ Արեւագալը, ինքնին, արեւու լոյսին փառաբանանքն է, Քրիստոսի լոյսին՝ որ հոգին կը լուսաւորէ, միտքը կը պայծառացնէ. հսկումին կը տողանցեն մեր լուսարար հայրերը՝ Նարեկացի, Շնորհալի, եւ սուրբ նախնեաց աղօթքները կը հնչեն»։

Ապա, տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւնը. Առաջնորդ Սրբազանը, իր կողքին ունենալով Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեանը, Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանը, Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեանը, Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանը եւ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանը, կատարեց արարողութիւնը՝ հրաւիրելով ներկաները, որ մասնակցին ժամերգութեան, անոնց տրամադրելով արարողակարգը: Ներկաները մեծ գուհունակութեամբ մասնակից դարձան արարողութեան:

Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը: Ճաշի պահուն, արուեստագէտ Նեկտարին, քանոնի վրայ նուագով եւ կիներու եւ մայրերուն նուիրուած երգերով՝ սրահին մէջ տարածեց հայկական երգարուեստի բոյրը:

Ճաշէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ դասախօսը՝ բազմավաստակ ուսուցչուհի եւ մշակութային գործիչ Տիկին Ծովինար Մելքոնեան, որ իբրեւ նիւթ ունէր հայ կնոջ դերը՝ անցեալին ու մեր օրերուն:

Ան առաջին հերթին խօսեցաւ մեր պատմութեան մէջ իրենց առանցքային դերը ունեցած կիներու մասին, որոնց կարգին են Աշխէն թագուհի եւ այլ իշխանուհիներ, ապա, անդրադարձաւ մեր Ցեղասպանութիւնը դիմագրաւած հայ կիներու առաքինութեանց մասին, նշելով, որ եթէ հայ կինը, անցեալին թէ եղեռնի օրերուն, տոգորուած չըլլար առաքինութիւններով, դարեր շարունակ տեղահան եղած ազգ մը ինչպէ՞ս պիտի գոյատեւէր։ «Միշտ նոր երկինք, նոր պայմաններ եւ նոր դժուարութիւններ դիմագրաւած է հայ կինը, յաղթահարելով ամէն կարգի խոչընդոտներ», շեշտեց Տիկին Մելքոնեան։

Անդրադառնալով ժամանակակից հայ կնոջ առաքելութեան, դասախօսուհին նշեց. «Հայ կինը, քսան մէկերորդ դարու գիտութեամբ ու ուսումով սպառազինուած եւ արդիական արհեստագիտութեան տիրապետած, գիտակից իր կանացի կոչումին, կը շարունակէ հայկական աւանդոյթներու եւ հայ մշակութային արժէքներու փոխանցման ռահվիրան մնալ, ընտանեկան թէ ընկերային միջավայրերու մէջ, ներբողելով հայ մշակոյթի արժէքային համակարգն ու աւանդական սովորութիւնները, հայապահպանման գլխաւոր գործօն համարելով զայն»: Տիկին Ծովինար իր դասախօսութիւնը եզրափակեց Պօղոս Սնապեանի խօսքով, որ կ’ըսէ. «Աստուած բան մը գիտէր, որ այր մարդուն կողքին կինը ստեղծած է, այլապէս կեանքը պիտի դառնար իմաստազուրկ, կինը աղն է կեանքի, կինը համն է կեանքին, թէ՛ իբր կին, թէ՛ իբր մայր, թէ՛ իբր ներշնչման աղբիւր, արուեստի բոլոր մարզերէն ներս»:

Պահքի ճաշկերոյթին եւ Կանանց Միջազգային օրուան զուգադիպութեան լոյսին տակ, Տ. Օ. Մարմինը այս տարի գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր պատուելու մեր Թեմին մէջ ծառայած ու ծառայող քահանայ հայրերուն երէցկինները: Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց երէցկինները. Առաջնորդ Սրբազանն ու Տ. Օ. Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան անոնց նուիրեցին Ներսէս Շնորհալի հայրապետին «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքը՝ թարգմանուած 33 լեզուներու, ինչպէս նաեւ Ս. Պատարագի ձայնագրեալ սկաւառակը:

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց պատիւի արժանացած երէցկինները, գնահատեց անոնց նուիրեալ աշխատանքները մեր եկեղեցւոյ մէջ, ու մաղթեց, որ անոնք անխոնջ կերպով շարունակեն իրենց առաքելութիւնը՝ լծակից ու գործակից ըլլալով քահանայ հայրերուն եւ մնայուն ներկայութիւն ըլլալով եկեղեցւոյ ու թեմի կեանքին մէջ։

Խօսելով հայ կնոջ առաքինութեանց մասին, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. «Մեր պատմութեան մէջ, հայ ժողովուրդը միշտ ալ յարգանքի, պատիւի եւ յատուկ հոգածութեան արժանացուցած է հայ կինը, որովհետեւ անոր մէջ տեսած է ազգին ապագան։ Հայ կինն է առողջ ընտանիքի, ընկերութեան, ազգի եւ եկեղեցիի երաշխիքը»։ Անդրադառնալով Աստուածամօր կերպարին, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ ան ամբողջ կեանք մը ապրեցաւ առաքինութեամբ, խոնարհութեամբ, սրբութեամբ եւ մաքրութեամբ, դառնալով կիներուն ամէնէն օրհնեալն ու ընտրեալը՝ Աստուածորդւոյն մայրը, միաժամանակ դառնալով բոլոր կիներուն տիպար օրինակը:

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ դասախօսին մասին, որ սպառիչ կերպով բացատրեց մեծ պահքի իմաստն ու հայ կնոջ դերը, ապա, շնորհաւորեց բոլոր կիները, յիշեցնելով, որ Հայաստանի մէջ կիներու տօնը կ’երկարի մէկ ամսուան վրայ, իր աւարտին կը հասնի 7 Ապրիլին, որ Աւետման տօնն է: Ան բոլորը յորդորեց հայ կնոջ մայրական եւ ազգանուէր ծառայութիւնը շարունակել վերանորոգութեան ոգիով, այս տօնը նկատելով հայ կնոջ կոչման եւ առաքելութեան ուխտի վերանորոգման օր: Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Տ. Օ. Մարմինին մասին, որ նման բազմօգուտ նախաձեռնութիւներով կը հարստացնէ Ազգ. Առաջնորդարանի տարեգրութիւնը:

Ստեղծուած հայադրոշմ մթնոլորտէն քաջալերուած, ներկաներ կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022