Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի Մեծ Պահքի Աւանդական Հաւաքոյթ


Չորեքշաբթի, 12 Մարտ 2014-ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութեան։ Սրբազանին կþընկերանար Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան։

Ժամերգութեան ընթացքին, հոգեւոր հովիւներու եւ սարկաւագներու առաջնորդութեամբ, ներկայ հաւատացեալները իրենց մասնակցութիւնը բերին շարականներու երգեցողութեան։ Օրուան խորհրդածութիւնը ներկայացուց Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան, «Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն եւ Կեանք Քրիստոս, առաջնորդէ մեր հոգիները, որպէսզի երկրէն երկինք ելլեն» բնաբանի հետեւողութեամբ, ու հրաւիրեց ներկայ հաւատացեալները որպէսզի քալեն Քրիստոսի բացած ճամբէն, որովհետեւ «ճանապարհը լայն է եւ բոլոր մեղաւորներուս համար բաւարար տեղ կայ։ Սակայն լայն ճանապարհի աւարտը նեղ է, որմէ միայն մեղքերէ նիհարցած հոգիները կրնան անցնիլ»։ Ժամերգութիւնը աւարտին հասաւ ծնկաչոք Տէր Ողորմեայի ու ժողովուրդին կողմէ հաւաքաբար Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ։

Արեւագալի արարողութեան աւարտին Հայր Պօղոսի ընկերակցութեամբ, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղուեցաւ Կլենտէյլի Carousel ճաշարանը, նախագահելու Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի Մեծ Պահքի Աւանդական ճաշի հաւաքոյթը։ Հաւաքոյթին ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան Ատենապետուհի Տիկ. Ռիմա Պօղոսեան եւ անդամ Տիկ. Անի Մկրտիչեան Կարիքեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական եւ Շրջանային եւ տեղական մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, մեր թեմի եկեղեցիներու տիկնանց միութեանց անդամուհիներ եւ Առաջնորդարանի բարերարուհիներ։ Աւելի քան 250 տիկիններ համախբուած էին այնտեղ եւ բոլորուած պահքի յատուկ աւանդական ճաշերով ճոխ սեղաններու շուրջ։

Carousel ճաշարանի կողմէ բարի գալուստի եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Տիկնանց Միութեան ուղղուած շնորհակալական խօսքէն ետք, Տիկանանց Օժանդակ մարմնի կողմէ բացման խօսքը արտասանեց Տիկ. Ալվարդ Բարսեղեան, ըսելով թէ «ահաւասիկ այսօր անգամ մը եւս հաւաքուած ենք Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մեր հաւատքի ուխտը վերանորոգելու եւ միասին այս սիրոյ սեղանին շուրջ համախմբուելու։ Այսօրուան Մեծ Պահքի այս ճաշկերոյթը կազմակերպած ենք միջինքի նմանողութեամբ, որպէսզի կարենանք պահպանել մեր ազգային աւանդութիւններն ու սովորութիւնները»։

Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց ներկաները հաւաքական Տէրունական աղօթքով սկսելու ճաշկերոյթը եւ ապա սեղանները օրհնելէ ետք իր ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքը ուղղեց ներկաներուն։ Սրբազան Հայրը նախ փառք տուաւ Աստուծոյ մեզի տուած բարիքներուն համար եւ ապա իր գոհունակութիւնը յայտնեց ներկայ տիկիններուն խուռներամ մասնակցութեան համար, որ ձեռնարկի յաջողութեան գրաւականն էր։ Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ կերպով գնահատեց Carousel ճաշարանի սեփականատէր Չոլագեան ընտանիքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց կատարած նուիրատուութեան համար։

Առաջնորդ Սրբազանը դրուատեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի ժրաջան անդամուհիները, որոնք արժանացան ներկաներուն ծափողջոյններուն։ Ապա ողջունելէ ետք բոլոր ներկաները, բարի վայելում եւ բարի ախորժակ մաղթեց անոնց։

Ճաշի հիւրասիրութեան ընթացքին, Պօղոս Աբղ. Թինքճեան խօսք առնելով խօսեցաւ Քառասնօրեայ պահեցողութեան խորհուրդին մասին։ Ան յիշեց, թէ «Պահքի ընթացքին վարագոյրը գոց կþըլլայ, Աւետարանը կը ծածկուի ու հաղորդութիւն չենք առներ, որպէս նշան զրկումի Աստուածային հաղորդակցութենէ, որպէսզի պահքի միջոցաւ հոգեպէս զօրացած վերստին կենդանութեան արժանանանք»։

Ձեռնարկի ընթացքին կատարուեցան նուիրատուութիւններ։ Ճաշի ընթացքին «Էլէմընթ» նուագախումբը մթնոլորտը ճոխացուցին հայկական երգերու շարանով մը։

Բոլոր ներկաները սրահէն մեկնեցան յաջող ձեռնարկի մը մասնակից ըլլալու եւ պահքի աւանդական ճաշեր վայելելու գոհունակութեամբ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022