ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆԻ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

Չորեքշաբթի, 29 Փետրուար 2012ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութեան։ Արարողութեան մասնակից էին Թեմիս մէջ ծառայող միաբան եւ քահանայ հայրեր։

Քարոզեց Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։

Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ »Արմենակ Տէր Պետրոսեան« սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կազմակերպած Մեծ Պահքի ճաշկերոյթը։

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տ. Օ. Մարմինի ատենադպրուհին՝ Տիկին Վարդուկ Աւետիքիան, որ նաեւ ձեռնհասօրէն կատարեց հանդիսավարութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը եւ փոխանցեց իր գնահատանքի ու օրհնութեան խօսքը։

Իբրեւ բանախօս հրաւիրուած էր Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, որ խօսեցաւ Մեծ Պահքի խորհուրդին ու պահեցողութեան կարեւորութեան մասին։

Իրագործուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, մասնակցութամբ երգիչ Գէորգ Չագմանեանի։

Հրամցուեցան Պահքի յատուկ ճաշեր։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022