Բանտարկեալներու Ծառայողներու Հաւաք


Կաթողիկէ եկեղեցւոյ աւագ Chaplain Իվ Օրթիզի հրաւէրով, Շաբաթ, 30 Ապրիլին, Էնսինոյի Our Lady of Grace եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լինվուտի բանտի բանտարկեալներուն ծառայութիւն մատուցողներու առաջին հաւաքը: Յանուն մեր Թեմին, մասնակցութիւն բերաւ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան, որ հոգեւոր ծառայութիւններ կը մատուցէ Լոս Անճելըսի շրջանի հայ բանտարկեալներու:

Համախմբումին նպատակն էր առիթ տալ իւրաքանչիւր ծառայողի, որ իր փորձառութիւններուն բաժնեկից ընէ միւսները: Փակման աղօթքը կատարեց Րաֆֆի Սարկաւագ, որ ներկաներուն հաղորդեց, թէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդը յատուկ հոգածութիւն կը ցուցաբերէ բանտարկեալներուն նկատմամբ եւ հոգեւոր հովիւներ ու ծառայողներ նշանակած է, որպէսզի հոգեւոր մատակարարութիւն տրամադրեն բանտարկեալներու:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ