Ազգ. Առաջնորդարանը վերջերս լոյս ընծայեց »Տէրունական Աղօթք«ի գունազարդ պատկերներ, ի յիշատակ երեք նուիրեալ ազգայիններու՝ Ալիս Աւագեանի, Ռոզա Պեքարեանի եւ Զուարթ Մովսէսեանի։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ամանորի նախօրեակին հանդիպումներ ունեցաւ հանգուցեալներուն ընտանիքի անդամներուն հետ, օրհնեց մեզմէ առյաւէտ բաժնուողներուն յիշատակը եւ յիշեալ պատկերներէն շրջանակուած օրինակներ նուիրեց անոնց։
Յայտնենք նաեւ, որ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, այդ պատկերներէն օրինակներ իբրեւ նուէր բաժնուեցան Ազգային Վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, պաշտօնէութեան եւ աշակերտներուն։