Ազգ. Վարժարաններու Աշակերտական Տօնախմբութիւն Նուիրուած՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-Ամեակին

Արեւմտեան մեր Թեմի Ազգային վարժարանները Ուրբաթ, 4 Մայիսին, յատուկ հանդիսութեամբ տօնեցին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձը։ Հանդիսութիւնները կազմակերպուած էին Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին կողմէ, եւ տնօրէններուն գործակցութեամբ։

Վարժարաններու 5-րդէն 12-րդ կարգի աշակերտները համախմբուեցան Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի կից «Ռիօ Հոնտօ» հանրային պարտէզին մէջ, իսկ մանկամսուրէն մինչեւ 4-րդ դասարաններու աշակերտները տօնակատարութիւնը ունեցան իրենց վարժարաններու յարկին տակ։

Բազմահարիւր աշակերտներ առաւօտուն հաւաքուած էին Մոնթեպելլոյի յիշեալ պարտէզին մէջ, մասնակից ըլլալու տօնախմբութեան։ Իբրեւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ՝ ներկայ էին Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն դրօշակի արարողութեամբ։ Երգուեցան Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները։ Խօսք առաւ Խնամակալ Մարմինի ատենապետ Տիկին Լիզա Կապուտեան։ Ան ողջունեց աշակերտներն ու ներկաները, ապա հրաւիրեց հոգեւոր հայրերը, որպէսզի Տէրունական աղօթքով բացումը կատարեն հանդիսութեան։

Ապա, Հայր Միւռոն ընթերցեց հաւաքին ուղղուած Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը, որուն մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը փառք կու տար Աստուծոյ, որ առիթը ընծայած է նման հաւաքով մը տօնախմբելու Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը, գնահատանք կ’արձանագրէր կազմակերպիչ Խնամակալ Մարմինին եւ դաստիարակներուն, շեշտելով, որ այս օրը պատմական օր մըն է, ինչպէս որ պատմական օրեր կ’ապրի մեր մայր հայրենիքը այս շրջանին։ Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն՝ Առաջնորդ Սրբազանը կը նշէր, որ անկախութիւնը կերտուեցաւ դժուարին պայմաններու մէջ ու կ’աւելցնէր. Անկախութիւնը արդիւնք էր երկար պայքարի, մեծ զոհողութիւններով շահուած հերոսամարտերու։ Մի՛ մոռնաք երբեք, որ Հայաստան անկախ դարձաւ շատ դժուար պայմաններու մէջ, Ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք։ 1918-ին, մեր թշնամին՝ Թուրքիոյ պետութիւնը կը փորձէր հայութեան դէմ 1915-ին իր սկսած ոճիրը ամբողջացնել եւ Հայաստանն ու հայութիւնը վերջնականապէս ջնջել աշխարհի երեսէն։ Սակայն մեր ժողովուրդը իր մէջ զգաց Վարդան Մամիկոնեանի, Ղեւոնդ Երէցի, Յովսէփ Կաթողիկոսի եւ հայութեան գոյատեւումը ապահոված մեր սրբազան պապերուն ուժը, չպարտուելու կամքը։ Մեր ամբողջ ժողովուրդը «ո՛չ» ըսաւ մեր թշնամիին, ինքնապաշտպանութեան դիմեց, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ այլ ճակատներու վրայ պարտութեան մատնեց թրքական բանակները»։

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը կ’աւարտէր օրհնելով «ժառանգորդները Հայաստանի հանրապետութիւնը հիմնած օրհնեալ սերունդին, հերոսներուն», յորդորելով. «Ձեր մէջ ամուր պահեցէք անոնց կամքը եւ միասնաբար բացագանչեցէք. Կեցցէ՛ Հայաստանը, ապրի՛ մեր ժողովուրդը եւ թող իրականանան մեր ազգային երազները»։

Հանդիսավարն էր Հայ Դատի Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբի ատենապետ Տիար Րաֆֆի Համբարեանը։ Ան մէջբերելով Պարոյր Սեւակի «Սարդարապատ» բանաստեղծութեան բառերը՝ «Զանգեր ղօղանջէք, Սրբազան քաջերին կանչէք այս արդար պատից», նշեց, որ Հայ ազգի հերոսները 1918 թուականին լսեցին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի պատերազմի զանգերը եւ խիզախօրէն արձագանքեցին։ 1988 թուականին Արցախի մէջ նոյն զանգերը ղօղանջեցին եւ հայ մարտիկներ նոյնպիսի խիզախութիւններով արձագանգեցին. իսկ երկու շաբաթ առաջ, Հայաստանի մէջ նոր սերունդը լսեց արդարատենչութեան զանգերը, եւ այդ տեսլականով փողոց իջաւ՝ պայքարելու համար։ Ան կոչ ուղղեց նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն անսալու զանգերու ղօղանջին եւ միասնաբար լծուելու հայրենիքի ծառայութեան։ Երկրորդ, անդրադառնալով Տիգրանակերտի հին ասացուածքներէն մէկուն՝ «Ծառ տնկէ, որպէսզի օր մը շուքին տակ նստիս», Տիար Համբարեան ըսաւ, որ բոլորս, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, հայ դատի մշակներ ենք, ուստի պէտք է սերմանենք եւ խնամենք մեր ապագայի սերմերը՝ յանուն ազգի հզօրացման։

Խօսք առաւ նաեւ Փիքօ Ռիվերայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն Պապ Արչուլեթա։ Այնուհետեւ, սկիզբ առաւ գեղարուեստական յայտագիրը։ Աշակերտներ երգեցին, ասմունքեցին ու ներկայացուցին պարեր, բոլորն ալ նուիրուած Հայաստանին։ Երգերով մասնակցութիւն բերին նաեւ երգիչներ՝ Յարութ Փամպուքճեան եւ Սեպուհ Սիմոնեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022