Արեւմտեան Մեր Թեմը Կը Մասնակցի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Միւռոնօրհնէքին եւ Մշակութային Ձեռնարկներուն


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան գրասենեակէն քաղելով, ստորեւ ամփոփ գիծերու մէջ եւ ժամանակագրական կարգով կը ներկայացնենք Ս. Աթոռոյս յարկին տակ 18 եւ 19 Յուլիսին տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւնները, որոնց բարձրակէտը եղաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ձեռամբ կատարուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը, Շաբաթ, 18 Յուլիսի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ, Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ: Թէ՛ Միւռոնօրհնէքը եւ թէ զուգահեռ արարողութիւններն ու մշակութային ձեռնարկները ձօնուած էին Ցեղասպանութեան 100ամեակին:

Ինչպէս հաղորդած էինք, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամ հոգեւոր հայրեր, Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ բազմաթիւ ուխտաւոր ազգայիններ մաս կազմեցին Առաջնորդ Սրբազանին գլխաւորած ուխտագնացներու խումբին, որ ներկայ եղաւ պատմական արարողութիւններուն եւ հանդիսութիւններուն:

ԲԱՑՈՒՄ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ

Շաբաթ, 18 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Լիբանան ժամանած օտար եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն եւ ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմակալ առաջնորդներուն ու միաբան հայրերուն, ժամանեց Կաթողիկոսութեան խնամքին ներքեւ գործող «Թռչնոց Բոյն» հաստատութիւնը, Ժըպէյլ, կատարելու Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին բացումը: Ներկայ էին Մարոնի եկեղեցւոյ Ռաի Պատրիարքը, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին ներկայացուցիչը՝ մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի, Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներ, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, պետական անձնաւորութիւններ, Ժըպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ, թանգարանի բարերար Պէզիքեան ընտանիքի անդամներ, բազմահարիւր ազգայիններ, «Թռչնոց Բոյնի» մէջ պատսպարուած նախկին որբեր եւ հոծ թիւով հայորդիներ:

Բացման խօսքը արտասանեց «Թռչնոց Բոյն»ի խնամակալութեան ատենապետ Տիկին Սեդա Խտըշեան: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց պատմականը դանիական եկեղեցիներու նախաձեռնած մարդասիրական հիմնարկին, անդրադարձաւ «Թռչնոց Բոյն»ի հիմնադիր Մարիա Ճէյքըպսընի որբահաւաքի անձնուէր առաքելութեան ու անոր թողած վաստակին: Տիկին Խտըշեան բացատրութիւն տուաւ նաեւ թանգարանի աշխատանքներուն ու նպատակին մասին:

Թանգարանին բարերարը՝ Ալեքքօ Պէզիքեան յայտնեց, թէ իր հայրը Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ճողոպրած հազարաւոր որբերէն մէկն էր, որ պատսպարուած է մարդասիրական այս հաստատութեան յարկին տակ: Ան ըսաւ, որ իրեն համար բարոյական պարտաւորութիւն էր, այս բարերարութեան ճամբով նախ, երախտագիտութիւն յայտնել հաստատութեան բոլոր անձնուէր ծառայողներուն եւ ապա, իր հօր յիշատակին ընդմէջէն յարգել բոլոր որբերը, որոնց դերը հսկայական եղաւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման մէջ:

Ժըպէյլի քաղաքապետ Զիյատ Հաուաթ խօսեցաւ «Թռչնոց Բոյն»ի կարեւորութեան եւ քաղաքի զարգացման մէջ շրջանի հայութեան բերած նպաստին մասին:

Խօսք առին Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ ընթերցեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքը:

Մարոնիներու Ռաի Պատրիարքը, որ նախքան պատրիարք ընտրուիլը առաջնորդն էր Ժըպէյլի Մարոնի համայնքին, յայտնեց թէ ինք լաւ կը ճանչնայ այս հաստատութիւնը եւ անոր տարած մարդասիրական գործունէութիւնը, անդրադարձաւ Լիբանանի հայ համայնքին կարեւորութեան՝ իբր անբաժան մասը լիբանանեան ընկերութեան, եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ իր ունեցած եղբայրական յարաբերութեան: Պատրիարքը յիշեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, նշելով թէ Լիբանանի ժողովուրդը անմասն չէր մնացած Օսմանեան պետութեան սփռած արհաւիրքէն եւ ան եւս ենթարկուած էր սովի ու կոտորածներու: Պատրիարքը եզրափակեց ըսելով, թէ դժբախտաբար այսօր եւս պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ Միջին Արեւելքի մէջ:

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ գնահատեց «Թռչնոց Բոյն»ի առաքելութեան հաւատացող բոլոր անձնուէր ծառայողները եւ բարերարները: Ապա, անդրադարձաւ նորաբաց թանգարանի իւրայատկութեան, վստահեցնելով թէ թանգարանի բացումը պարզապէս սկիզբ մըն է: Արխիւներու հաւաքման աշխատանքները պիտի շարունակուին եւ մեր յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ ստեղծել ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան յատուկ կեդրոն մը: Ան գնահատեց Պէզիքեան ընտանիքը եւ բոլոր ճարտարապետներն ու մասնագէտները, որոնք իրականացուցին այս արդիական եւ պատուաբեր թանգարանին իրագործումը: Ողջունելով պաշտօնական եւ ներկայացուցչական դէմքերը, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ անոնք մասնակից կը դառնան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, գործնապէս իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին, ու շեշտեց, որ այս թանգարանը մեր ժողովուրդին համար կոչ մըն է յիշելու մեր նահատակները ու իր հաւատարմութիւնը վերանորոգելու անոնց սրբազան կտակին նկատմամբ, միանգամայն՝ յիշեցնելու համայն մարդկութեան, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու դատապարտումը հրամայական է՝ կանխելու համար այլ ցեղասպանութիւններ, ինչպէս նաեւ արդարութիւն պահանջելու ցեղասպան Թուրքիայէն։ Նորին Ս. Օծութիւնը աւելցուց, որ «Թանգարանը կենդանի յուշարար մըն է հազարաւոր որբերու, որոնք Լիբանանի մէջ խնամք ու դաստիարակութիւն ստացան՝ ամերիկեան, զուիցերիական ու դանիական մարդասիրական կազմակերպութիւններու կողմէ։ Թանգարանը խօսուն վկայութիւն մըն է այն նշանակալից դերին, զոր Լիբանանը ունեցաւ հայ ժողովուրդի վերածննդեան մէջ։ Արդարեւ, Թուրքիոյ մէջ մեր ժողովուրդը ատելութիւն ու ջարդ տեսաւ. սակայն, ընդհանրապէս արաբական աշխարհի ու յատկապէս Լիբանանի մէջ ան սէր ու կեանք գտաւ։ Ահա, թէ ինչու Լիբանանը դարձաւ սիրտը Սփիւռքի հայութեան։ Թռչնոց Բոյնի եւ Լիբանանի այլ որբանոցներուն մէջ պատսպարուած մեր որբերը իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին հայ ժողովուրդի վերածննդեան՝ Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ ի Սփիւռս աշխարհի»։

Վեհափառ Հայրապետը յատուկ գնահատանք արձանագրեց «Թռչնոց Բոյն»ին որբ սաներէն Արամ Պէզիքեանի որդւոյն՝ Ալեքքօ Պէզիքեանի, որ այս թանգարանին բարերարութիւնը ստանձնած է, որպէս յիշատակ իր հօր եւ երախտագիտութիւն՝ Լիբանանին նկատմամբ։

Պաշտօնական հանդիսութեան աւարտին, բոլոր հիւրերը ուղղուեցան թանգարանին մուտքը, ուր Նորին Սրբութիւն հատելով ժապաւէնը՝ բացումը կատարեց որբերու պատմութեան վկայարանին: Ապա, ներկայ պատրիարքները եւ հիւրերը Վեհափառ Հայրապետին ընկերակցութեամբ ծանօթացան ցուցադրուած իրերուն եւ նկարներուն:

ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Հայ Եկեղեցւոյ ամէնէն նուիրական ու հոգեթով արարողութիւնը՝ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը, որ աւանդութեան համաձայն եօթը տարին անգամ մը կը կատարուի, հոգեւոր վերանորոգութիւն կ’առթէ եւ Սուրբ Հոգւոյ շնորհաբաշխ ներկայութեամբ կը հզօրացնէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը իր յատուկ նշանակութիւնը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար, որոնք 100 տարիներ շարունակ աղաղակող ձայնը հանդիսացան անպատիժ մնացած այս անմարդկային ոճիրին: Ցեղասպանութեան 100-ամեակի այս արարողութիւնը եկաւ օծելու հարիւր հազարաւոր անմիւռոն մնացած մանուկներու եւ մէկ ու կէս միլիոն նահատակ սուրբերու յիշատակը եւ վերանորոգելու մեր արդար պայքարին յանձնառութիւնը:

Շաբաթ, 18 Յուլիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հայրապետական թափօրը ծայր առաւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն եւ ուղղուեցաւ դէպի Ցեղասպանութեան յուշարձանը, որուն առջեւ տեղի ունեցաւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը պահպանող պատմական արկղը կրող երկու եպիսկոպոսներ, Սուրբ Էջմիածնի Միւռոնը, հին Միւռոնը, բալասանը եւ վարդի իւղը թափօրով առաջնորդող եպիսկոպոսներ, առաւել տասներկու զգեստաւորուած թեմակալ Առաջնորդներ առաջնորդեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Հազարաւոր ուխտաւորներ, որոնք եկած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն՝ Ամերիկաներէն, Եւրոպայի զանազան երկիրներէ, Պարսկաստանէն, Արաբական երկիրներէ, ողողած էին Սուրբ Աստուածածին Վանքի տարածուն շրջափակը: Հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն էր մեր ժողովուրդի հաւատարմութեան, հանդէպ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անոր հաւատքի առաքելութեան:

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը: Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներու շարքին, սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան եւ Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան: Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչներն էին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան:

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան եւ աղօթակից դարձան քոյր եկեղեցիներու՝ Ղըպտի Ուղղափառ, Հապէշ Ուղղափառ, Հնդիկ Մալապպար, Ասորի Ուղղափառ, Մարոնի, Յոյն Ուղղափառ, Ռուս Ուղղափառ, Կաթոլիկ, Յոյն Կաթոլիկ, Ասորի Կաթոլիկ, Հայ Կաթոլիկ, Քաղդէացի, Աւետարանական, Հայ Աւետարանական համայնքներու պետեր եւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Պապական Նուիրակը եւ Վատիկանէն՝ Ֆրանսիս Պապին անձնական ներկայացուցիչ կարտինալը: Ներկայ էին նաեւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, դեսպաններ եւ Կաթողիկոսարանի օտար թէ հայ բարեկամներ: Զանազան եկեղեցիներու պետեր, որոնք չկրցան անձամբ եւ կամ ներկայացուցիչներու միջոցաւ ներկայ գտնուիլ արարողութեան, շնորհաւորական նամակներ յղեցին Վեհափառ Հայրապետին:

Արարողութիւնը ընթացաւ Ատուածաշնչական եւ աղօթքներու ընթերցումներով՝ Վեհափառ Հայրապետին ու մասնակից եպիսկոպոսներուն կողմէ, աղերսելով աստուածային օրհնութիւնն ու Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը: Սրբալոյս Միւռոնի պատմական կաթսային կափարիչը բացուեցաւ եւ արարողապետին՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի հրաւէրով, եպիսկոպոսներ Վեհափառ Հայրապետին մատուցեցին անուշաբոյր վարդի իւղը եւ բալասանը, որ յատուկ աղօթքներու ընթերցումով Նորին Սրբութիւնը խառնեց նոր Միւռոնին: Ապա, Նորին Սրբութիւնը նոր Միւռոնին խառնեց Սուրբ Էջմիածինէն բերուած Սուրբ Միւռոնը, ի նշան Հայ Եկեղեցւոյ անքակտելի միութեան եւ վերջապէս միւռոնաթափ աղաւնիին մէջէն Վեհափառ Հայրապետը հեղուց հին Միւռոնը՝ ապահովելով շարունակականութիւնը Ս. Թադէոս Առաքեալի Հայաստան բերած բժշկարար իւղին եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ օրհնուած Միւռոնին:

Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչ Սրբազանը կարդաց Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի խօսքը, որուն մէջ եղբայրական սիրով կ’ողջունէր Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ կ’աւելցնէր. «Սրբացեալ մեր նահատակների եւ բոլոր սրբերի բարեխօսութեան աղերսով, այժմ միաւորւում են մեր աղօթքները Սուրբ Միւռոնի օրհնութեան առիթով՝ հայցելով, որ Տէրը նրանով պարգեւի մեզ հոգեւոր խաղաղութիւն, դէպի Աստուած անսայթաք ընթացք եւ մեր կեանքը պահպանի խաղաղութեան ու բարօրութեան մէջ: Միւռոնօրհնութեան այս սրբազան արարողոթիւնը վերստին հրաւէր է մեզ առ Աստուած հաւատքի եւ ուխտի նորոգութեան, նախանձախնդրութեան հոգեւոր ու ազգային մեր ինքնութեան հանդէպ, հրաւէր՝ միաբան ու միասնական մեր ջանքերը ներդնելու ի սպաս մեր Եկեղեցու պայծառութեան, մեր հայրենիքի շենացման ու հզօրացման, ի Սփիւռս աշխարհի ազգային մեր կեանքի զօրացման»:

Արարողութեան ամէնէն նուիրական պահը հասաւ, երբ Հայ Եկեղեցւոյ «Հաւատքի Հօր» Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի աջով՝ Վեհափառ Հայրապետը խառնեց օրհնուած Միւռոնը եւ ապա, նոր Միւռոնին թաթխուած Սուրբ Աջով օրհնեց ժողովուրդը:

Արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխըրտըմեանի: Միւռոնօրհնէքի կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Տիար Վարուժ Մինասեան, Սպահանէն: Հայրապետական ամպհովանին կրելու պատիւը տրուեցաւ Կաթողիկոսարանի բարերարներէն՝ Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի (Միացեալ Նահանգներ), Տիարք Ալեքքօ Պէզիքեանի (Զուիցերիա), Հրայր Սողոմոնեանի (Ա. Մ. Էմիրութիւններ), Արա Խանոյեանի (Ա.Մ. Էմիրութիւններ), Գրիգոր Մահսէրէճեանի (Ա. Մ. Էմիրութիւններ), Հենրիկ Տէր Ղուկասեան (Իրան), Սուրէն Սարգիսեանի (Լիբանան) եւ Ատոմ Թնճուկեանի (Անգլիա):

Հոգեպարար արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը հոգեշունչ պատգամ մը ուղղեց ներկաներուն եւ արբանեակային ուղղակի հեռասփռումի ճամբով աշխարհի չորս կողմերէն արարողութեան հետեւող հայ ժողովուրդի զաւակներուն:

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի ու Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռներու Գահակալները, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը, աշխարհի բոլոր կողմերէն ժամանած հոգեւոր պետերը, եկեղեցիներու ու միջ-եկեղեցական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ զանազան գաղութներէն ժամանած ուխտաւոր ժողովուրդը։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Սրբալոյս Միւռոնը իւրայատուկ տեղ ունի մեր եկեղեցւոյ ծէսին ու ընդհանրապէս մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ։ Սուրբ Միւռոնի դրոշմով՝ հայ մանուկը աստուածային շնորհներով կը լեցուի եւ կը դառնայ հայ եկեղեցւոյ զաւակ։ Սուրբ Միւռոնի օծումով Աստուծոյ ու հայ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան կոչուած հայ մարդը կը դառնայ նոր մարդ։ Սուրբ Միւռոնի ներկայութեամբ, ապականութիւնը կը հեռանայ մեր կեանքէն ու սրբութեան շղարշով կը ծածկուի մեր կեանքը։ Սուրբ Միւռոնի հեղումով՝ հաւատքի զէնքով, յոյսի վահանով ու սիրոյ ուժով զինուած կը դիմագրաւենք կեանքի ամէն տեսակ չարերն ու չարիքները։ Այս համոզումով մեր ժողովուրդը ջերմ հաւատքով ու խոր երկիւղածութեամբ մօտեցած է Միւռոնին»։ Ան յիշեցուց, որ պատմութեան խաւարին դիմաց, մեր կեանքը լոյսի ու յոյսի ճառագայթներով պայծառակերպեց Սուրբ Միւռոնը։ Պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց երկնային խաղաղութեան աւետիսը բերաւ Սուրբ Միւռոնը։ Հայ եկեղեցւոյ Սրբալոյս Միւռոնը անքակտելիօրէն շաղախուեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ. քալեց հայ կեանքի տառապալից ճամբաներէն, նոյնացաւ հայու էութեան հետ, ձգտումներուն ու երազներուն հետ, դառնալով հայո՛ւ Միւռոն։ Սուրբ Միւռոնով դրոշմուեցաւ հայը, անով ստացաւ իր քրիստոնեայ հայու անունը, այլ խօսքով՝ իր հարազատ ինքնութիւնն ու իւրայատուկ դիմագիծը, ապրելու, պայքարելու ու ստեղծագործելու հաւատքն ու կամքը։ Նորին Ս. Օծութիւնը Սուրբ Միւռոնը նկատեց մեր եկեղեցւոյ միութեան ամուր շաղախը. այս խոր գիտակցութեամբ է որ Կաթողիկոսական երկու Աթոռներու Միւռոնները օրհնութեան ժամանակ իրարու կը խառնուին, դառնալով նոյն եւ մէկ եկեղեցւոյ նոյն Միւռոնը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցող արարողութիւնը յատուկ կարեւորութիւն ունի, «Սրբալոյս Միւռոնին օրհնութիւնը հրաւէր մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ իրենց քրիստոնէական հաւատքը խորացնելու, սէրը ամրապնդելու ու պահանջատիրական կամքը պրկելու։ Սրբալոյս Միւռոնին օրհնութիւնը կոչ մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ մեր ազգային պահանջատիրական պայքարը Միւռոնի հոգեւոր զօրութեամբ թրծելու»։ Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը փակեց խնդրելով Աստուծմէ, որ Սուրբ Միւռոնի օրհնութիւնը դառնայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար հոգեւոր վերածննդեան ու ազգային զարթօնքի աղբիւր։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

Կիրակի, 19 Յուլիս 2015-ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատարագին ներկայ էին Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն հրաւիրուած եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր եւ եկեղեցական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, պետական անձնաւորութիւններ, Լիբանան ժամանած ուխտաւորներ եւ հոծ թիւով հաւատացեալ ժողովուրդ:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Ղըպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ն. Ս. Թաուատրոս Բ. Պատրիարքը, իսկ վերոյիշեալ արարողութիւններուն ու ձեռնարկներուն Ն. Ս. Ֆրանսիս Պապի ներկայացուցիչ Կարտինալ Քըրթ Քոխը ընթերցեց այս առիթով Պապին յղած յատուկ պատգամը: Յանուն բոլոր եկեղեցական հիւրերուն, անոնք ողջունեցին ու շնորհաւորեցին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին եւ այս մասնաւոր պատիւին համար: Անոնք նաեւ իրենց հոգեւոր ցնծութիւնը արտայայտեցին Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասման առիթով:

Պատարագի աւարտին, նոր օրհնուած Սրբալոյս Միւռոնով կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն: Ապա, ներկայ հոգեւոր պետերուն եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական աղօթք, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերուն:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, բոլոր եկեղեցականները թափօրով ուղղուեցան Անթիլիասի Սրբոց Նահատակաց մատուռը, ուր ծաղիկներ զետեղեցին նահատակ սուրբերուն մասունքներուն առջեւ: Ներկայ ժողովուրդը խնդրելով նահատակ սուրբերուն բարեխօսութիւնը, վերանորոգեց Աստուծոյ եւ Հայ Եկեղեցւոյ իր հաւատարմութեան ուխտը: Ժողովուրը նաեւ բաժին ունեցաւ օրհնուած ջուրէն:

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

Կիրակի, 19 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան, եկեղեցական արարողութիւններուն եւ ձեռնարկներուն համար աշխարհի չորս կողմերէն Լիբանան ժամանած ուխտաւորները եւ Լիբանանի երաժշտասէր հանրութիւնը ժամադրուած էին Պիքաֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ, ըմբոշխնելու հայ երաժշտութիւնը:

Հանդիսութիւնը կը վայելէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութիւնը. երեկոյին կը նախագահէր Ազգային Բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան: Ներկայ էին Կաթողիկոսութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն հրաւիրուած եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը եւ ներկայացուցիչները, որոնք ժամանած էին, Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Ափրիկէէն, Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներէն եւ Հնդկաստանէն:

Պէյրութի սիմֆոնիք նուագախումբը, ղեկավարութեամբ մայսթրօ Յարութ Ֆազլեանի, մեկնաբանեց Արամ Խաչատրեանի եւ այլ հայ երաժիշտներու գործերը: Երեկոն յատուկ հմայք ստացաւ, երբ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան եւ թենոր Բարսեղ Թումանեան իրենց թովիչ ձայներով հմայեցին հանդիսականները: Ցեղասպանութեան երկնասլաց յուշարձանը, որուն հովանիին տակ տեղի ունեցաւ համերգը, կարծէք միջնորդ կը հանդիսանար դէպի երկինք փոխանցելու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը պանծացնող հայ հանճարներուն ստեղծագործութիւնները: Երեկոն նաեւ վկայութիւն էր, որ հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ոգին է, որ յաղթահարեց ու կը շարունակէ յաղթահարել ոսոխներուն:

Երեկոյին փակումը կատարելով, Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց մայսթրօ Յարութ Ֆազլեանին, մենակատարներ Յասմիկ Պապեանին եւ Բարսեղ Թումանեանին, ինչպէս նաեւ նուագախումբի բոլոր անդամներուն, որոնք հայ երաժշտութեան առթած յուզմունքներով ու խոյանքներով լիցքաւորեցին ներկաները:

Նորին Սրբութիւնը բեմ հրաւիրեց Սուրբ Աստուածածին Վանքի նահատակաց ու վերածննդեան յուշարձանի համալիրին, «Թռչնոց Բոյն»ի Հայոց Ցեղասպանութեան «Արամ Պէզիքեան» Որբերու թանգարանին եւ Անթիլիասի Նահատակաց մատրան բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանը, ընտանիքի անդամներով: Բարձր գնահատելէ ետք Պէզիքեան ընտանիքի իշխանական բարերարութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով հայ ժողովուրդին, Նորին Ս. Օծութիւնը «Կիլիկեան Ասպետ»ի կարգի շքանշանով պարգեւատրեց Տիար Զարեհ Պէզիքեանը (յայտնենք որ քանի մը տարի առաջ, Վեհափառ Հայրապետը «Կիլիկեան Իշխան»ի կարգի շքանշանով պարգեւատրած էր Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանը): Նորին Սրբութիւնը նաեւ գնահատանքով անդրադարձաւ Կաթողիկոսարանի Կալուածոց յանձնախումբի կատարած աշխատանքին, որ կամաւոր կերպով հետեւած էր ընդհանրապէս Կաթողիկոսարանի շինարարական աշխատանքներուն եւ յատկապէս վերոնշեալ շինարարութիւններուն, եւ ապա, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց ճարտարապետներ Վահէ Գալինճեանը եւ Վազգէն Չէքիճեանը (յայտնենք որ Վեհափառ Հայրապետը նախապէս պարգեւատրած էր յանձնախումբի անդամներէն ճարտարապետ Յակոբ Աթէշեանը եւ ճարտարապետ Յակոբ Շամլեանը):

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022