Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Ճերըլտ եւ Մարք Խաչատուրեաններու Յիշատակի Ընթրիքին

Երկուշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2017-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մօտակայ Սան Մաթէօ քաղաքի «Peninsula Golf and Country Club»ին մէջ, տեղի ունեցաւ «Ճերըլտ եւ Մարք» կոլֆի տարեկան 16րդ մրցումը։ Այս մրցումը հաստատուած է ազգային բարերար Տիար Հէնք Խաչատուրեանի եւ իր մահացած տիկնոջ Ռիթայի կողմէ, ի յիշատակ անոնց զաւակներուն՝ Ճերըլտի եւ Մարքի:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընդառաջելով բարերարին հրաւէրին, ներկայ եղաւ պաշտօնական ընթրիքին եւ փոխանցեց իր պատգամը: Ներկայ էին Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր. Վրդ. Շէրնէզեանն ու ծխական համայնքի ներկայացուցիչներ։

Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս բարեգործական նպատակներով բոլորուած են յարգելու Տիար Հէնքի զաւակներուն՝ Ճերըլտի եւ Մարքի անմոռաց ու պայծառ յիշատակը, նշելով, որ «թէեւ Հէնքի սիրեցեալ տիկինը այս տարի առ յաւէտ կը բացակայի, սակայն անոր զուարթ հոգին եւ ներկայութիւնը կը զգանք մեր հոգիներուն ու սիրտերուն մէջ»։

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց եւ բարձր գնահատեց Տիար Հէնք Խաչատուրեանի բարի կամեցողութիւնն ու առատաձեռն բարերարութիւնները, շեշտելով.- «անձնապէս եւ այստեղ գտնուող իւրաքանչիւր անհատ արդարօրէն կը վկայեն, որ դուք ո՛չ միայն հոգեկան գոհունակութեամբ լի նուիրող էք, այլ նաեւ խոնարհ ու գթասիրտ բարերար. տասնամեակներու վրայ տարածուած եւ տարի առ տարի ուռճացող այս բարեգործական ձեռնարկը ցայտուն եւ գեղեցիկ վկայութիւնն է ձեր բարեսրտութեան»։ Այնուհետեւ, ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ օրհնէ բարերարն ու անոր վաստակը, երկնային հանգիստ շնորհէ անոր տիկնոջ եւ զաւակներուն, նաեւ օրհնեց ներկաները, որոնք հետեւողական կերպով նեցուկ կը կանգնին բարեսիրական այս նախաձեռնութեան:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022